ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ՊԱԺԺԷ ՅԱՂԹԵՑ ՄՈՒԹԹԱՀԵՏԻ
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ, երբ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ:
Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ 85-64 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Հաուշ Ումարայի: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ֆետի Խաթիպ նշանակեց 33 կէտ:
Սանթրալի դաշտին վրայ Պաժժէ յաղթեց Մութթահետի (95-79), մինչ Պիպլոս 74-71 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անիպալ Զահլէն:
Ռիատի Պէյրութ, որ ճակատեցաւ Հուփսի դէմ, 64-55 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Սաժես Պէյրութ – Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 83-81 արդիւնքով:
Սաժես իր այս յաղթանակը արձանագրեց երկարաձգման ընթացքին` նկատի ունենալով, որ մրցումը աւարտեցաւ 72-72 հաւասարութեամբ:
CATEGORIES Մարզական

