ԹԵՔՈՒԱՆՏՕ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿԸ ՅԱՂԹԵՑ ԻՐ ԹՈՒՐՔ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ՄՐՑԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ
25-31 հոկտեմբերին, Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի թեքուանտոյի ախոյեանութեան (18 տարեկանէն վար) իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստանի Այքիտօ-քարաթէի հաւաքականը փայլուն արդիւնքներ արձանագրելով վերադարձաւ հայրենիք:
14-15 տարեկանէն վար, առաջին դիրքը գրաւեց Անդրանիկ Եախսըզեան, 12-13 տարեկանէն վար առաջին հանդիսացաւ Էտուին Աւագեան, իսկ 10-11 տարեկանէն վար երկրորդ դիրքը գրաւեց Սմբատ Սիրաւեան:
Սակայն, ամէնէն հետաքրքրականը եւ յիշարժանը եղած է 16-17 տարեկաններու մրցաշարքը, որուն ընթացքին Մարտին Այվազեան, աւարտականին պարտութեան մատնելով ազրպէյճանցի իր մրցակից Մուհերիմ Հասանովը, պատճառ դարձած է, որ Հայաստանի եռագոյնը գերազանցէ ազրպէյճանական դրօշակը: Կիսաւարտականին, Այվազեան յաղթեց իր թուրք մրցակիցին:
Հայաստանի պատուիրակութեան նախագահ Դաւիթ Աթանեսեան ըսաւ, որ ինք մեծ ակնկալութիւններ ունի նաեւ 2-13 դեկտեմբերին, Գերմանիոյ մէջ տեղի ունենալիք մրցաշարքէն` յոյս յայտնելով, որ մետալներուն քանակը ըլլայ նոյնքան շատ:

