ՍԼԱՔՆԵՐ. ԳԻՒՏԱՐԱՐՆԵՐ…
Մարդիկ երբեմն կ՛ունենան հետեւեալ մտածումը. «Երանի՜ թէ ապրած ըլլայի այսինչ դարուն…»:
Ես պիտի չուզէի ապրիլ որեւէ այլ ժամանակաշրջանի մէջ, որովհետեւ այսօրուան ժամանակը անգերազանցելիօրէն նախանձելի է. բախտաւորուած ենք գիւտարար… պետական անձնաւորութիւններով, որոնք օր աւուր հասարակ մահկանացուներս կը շշմեցնեն իրենց չնաշխարհիկ գիւտերով. այս մարդիկը ի յայտ կը բերեն գիւտարարի այնպիսի տաղանդ, որ նախանձը պիտի շարժէր պատմութեան հին ու նոր շրջաններու «բազմատաղանդ» ղեկավարներուն, սկսելով Ներոնէն մինչեւ ֆրանսացիներու Մարի Անթուանեթը եւ ուրիշներ:
Իբրեւ փաստ` թուեմ վերջին օրերու գիւտերէն մէկ քանին.
Ա.- Մրցանակի արժանի գիւտ մը կատարեց Հիլըրի Քլինթըն, երբ յայտարարեց, թէ ամերիկեան լրատու աղբիւրները իրենց գործը լաւ չեն ըներ, պատճառ կ՛ըլլան, որ ամերիկացիք աշխարհի անցուդարձերուն իրազեկ դառնալու համար ապաւինին այլ աղբիւրներու: Նախարարուհին առաջարկեց պիւտճէական տնօրինում կատարել այս կացութիւնը դարմանելու համար: Hellllloooo… Բայց նոյն այս կառավարութիւնը չէ՞, որ պիւտճէական կրճատումներ կը կատարէ հոն, ուր պէտք չէ ընէ, միաժամանակ կը ճգնի բազմապատկելու զինական մարզի պիւտճէները:
Բ.- Նախագահ Օպամա ինչո՞վ ետ կը մնայ Քլինթընէն. անշուշտ մեր խօսքը գիւտարարութեան մասին է…: Քանի մը օր առաջ ան ալ գիւտ մը ըրաւ` յայտարարելով, որ Լիպիոյ նախագահը` Մուամմար Քազզաֆի պէտք է իշխանութիւնը զիջի, որովհետեւ անոր հաւատարիմ զինեալ ուժերը ռմբակոծած են ընդդիմադիրները եւ բազմաթիւ զոհերու պատճառ դարձած են: Ան մինչեւ իսկ քողարկուած սպառնալիք ուղղեց Քազզաֆիի, թէ` ամերիկեան ուժերը կրնան միջամտութիւն մը կատարել, եթէ դէպքերը մնան նոյն ընթացքին մէջ: Բնականաբար Օպամայի այս գիւտը ունի մարդասիրակա՜ն շարժառիթ եւ կապ չունի Լիպիոյ քարիւղի հարստութեանց հետ: Չէ՞ որ Իրաքէն ներս միջամտութիւնն ալ մարդասիրական նպատակներով էր, ու իրաքցիք 2003-էն ի վեր կը վայելեն այնպիսի բարեփոխութիւններ, զորս անոնք չէին կրնար երեւակայել Սատտամ Հիւսէյնի օրերուն: Ամերիկեան բարեսիրութիւնը նմանապէս ոչ մէկ կապ ունի քարիւղին հետ: Ո՛վ որ հակառակը կը պնդէ, թող երկու աչքով կուրնայ…
Գ.- Մրցանակի արժանի այլ անձնաւորութիւն մըն է Աֆղանիստանի նախագահը` Համիտ Քարզայ: Անոր գի՞ւտը…: Մարդը այլեւս անհանդուրժելի կը նկատէ ՕԹԱՆ-ի ուժերուն կողմէ անմեղներու ջարդը` օդանաւային թէ այլ յարձակումներու ճամբով: Շուրջ երկու շաբաթ առաջ օդանաւային յարձակումի մը զոհ գացին ինը մանուկներ ու պատանիներ, որոնք ոչ մէկ կապ ունէին ռազմական գործողութիւններու հետ: Ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը նախ որդեգրեց խուսափողական ու անպարտի մօտեցում, բայց յետոյ զօր. Փաթրէաս խոստովանեցաւ եւ ներողութիւն խնդրեց: Գիւտարար Քարզայ անբաւարար նկատեց Փաթրէասի յայտարարութիւնը եւ, յանկարծ, պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյց «փայլատակեց» Աֆղանիստանի երկնակամարին վրայ: Ան հաւանաբար գացած է քուլիսային բացատրութիւն տալու Քարզայի պէս մարդոց, որ ամերիկեան ուժերուն արտօնուած է այն, ինչ որ արգիլուած է քազաֆիներու…
Ի՛սկապէս. ո՞վ պիտի ուզէր ապրիլ ուրիշ ժամանակաշրջանի մը մէջ եւ զրկուիլ նման գիւտարար ղեկավարներէ…
Ս. Մ.