ՍԿՈՎՏԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԼԻԿԱՅԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՌԷՅՆՃԸՐԶ ԻՐ ՄՕՏ ՊԱՀԵՑ ՏԻՏՂՈՍԸ
Սկովտիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Ռէյնճըրզը եւ Սելթիքը, աւարտեցաւ ի նպաստ տիտղոսակիր Ռէյնճըրզի, որ երկարաձգման ընթացքին արձանագրեց իր յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով:
Ռէյնճըրզի յաղթանակի կոլը նշանակուեցաւ երկարաձգման 8-րդ վայրկեանին:
Երկու կազմերը թէեւ այս տարեշրջանին վեցերորդ անգամ ըլլալով իրարու դէմ յանդիման կու գային, սակայն յիշատակելի միջադէպ չարձանագրուեցաւ:
Վերջին անգամ անոնք իրարու դէմ յանդիման եկած էին այս ամսուան սկիզբը, երբ օրուան իրաւարարը 3 անգամ գործածած էր իր կարմիր քարտը, 13 անգամ իր դեղին քարտը, երկու խումբերուն մարզիչներուն միջեւ տեղի ունեցած էր վիճաբանութիւն, ինչպէս նաեւ մրցումէն ետք ոստիկանութիւնը ձերբակալած էր 34 համակիր:
CATEGORIES Մարզական