ՏԱԹ ՊԻՏԻ ՓՈԽԱՐԻՆԷ ՀԱՅՆՔԵՍԸ
Պունտըսլիկայի կազմերէն Պայէր Լեւերքուզընի պատասխանատուները երէկ յայտարարեցին, որ մարզիչ Եուփ Հայնքես այս տարեշրջանին աւարտին պիտի լքէ իր պաշտօնը եւ պիտի փոխարինուի Ֆրայպուրկի մարզիչ Ռոպին Տաթով` 1 յուլիս 2011-էն սկսեալ:
Ըստ գերմանական մամուլին, Լեւերքուզընը լքելով Հայնքես շատ հաւանաբար ստանձնէ Պայէրն Միւնիխի մարզիչի պաշտօնը` նկատի ունենալով, որ այս տարեշրջանին աւարտին Լուիս Վան Կաալ պիտի հեռանայ Պայէրն Միւնիխէն:
Սակայն Հայնքես ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ խումբին հետ` այս տարեշրջանը աւարտելու համար 2-րդ դիրքին վրայ, որպէսզի անիկա ապահովէ «Չեմփիընզ Լիկ»ի մրցաշարքի իր տոմսը:
Այժմ Պայէր Լեւերքուզըն եօթը կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքը գրաւող Պորուսիա Տորթմունտէն, սակայն միեւնոյն ժամանակ ալ հինգ կէտով կը գերազանցէ երրորդ դիրքը գրաւող Հանովըր-96-ը, եւ այդ մէկը` տարեշրջանին աւարտէն եօթը հանգրուան առաջ: