ՊԱՏՈՒՀԱՆԷՆ ԴԻՏՈՒԱԾ
ՊԱՅԾԱՌ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
21 սեպտեմբեր 2011, առաւօտ կանուխ զինուորական փողերախումբը, մարտական հնչողութեամբ, իր շուրջ հաւաքած էր արդէն հազարաւոր մարդիկ:
Հայաստանի վերանկախացման քսանամեակի տարեդարձը կը յիշատակուէր աներեւակայելի շքեղութեամբ:
Պանդոկի պատուհանին եզրին թառած` կը դիտէի մեծ յափշտակութեամբ, զինուորական տողանցք` Երեւանի սրտին մէջ, եռագոյն դրօշներու առաջնորդութեամբ, զօրամասերը, խումբ առ խումբ, իրենց յատուկ անուններով, անկախ հայրենիքի փառքը կը հիւսէին խրոխտ ու հպարտ, վճռական քայլերով: Յուզումը կը խեղդէր կոկորդս, ուրախութեան եւ ափսոսանքի խոր զգացումը կը փոթորկէր հոգիս:
Աստուա՛ծ իմ, մեր ուսուցիչներուն երազանքն ու մարգարէացած խօսքերը կը կենդանանային հրաշքի համազօրութեամբ: Նայուածքս սեւեռած զինուորական շքերթին` մտքով կը փոխադրուիմ Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի երկրորդ յարկի ծայրամասի դասարանը:
Կարօ Սասունին` հայերէնի գրականութեան եւ պատմութեան մեր ուսուցիչը, կը խօսի համաթուրանական քաղաքական անմարդկային ծրագիրներուն մասին. Արեւմտահայաստանը վերջնականապէս պարպել քրիստոնեայ հայ ժողովուրդէն:
Վեց հարիւր տարուան ստրկութենէն սպառած հայը, գերութեան ճիրաններէն դուրս գալու վճռակամութեամբ, կ՛որոշէ կիրարկել «մեռցնելով մեռնելու» քաղաքականութիւնը… Ազատագրական շարժումը ծայր կու տայ: Հերոսական կռիւներ, առեւանգումներ, մահեր, արտագաղթ, աւազախրած մարմիններ, մէկուկէս միլիոն նահատակ… եւ` աշխարհացրիւ հայութիւն:
28 մայիս, 1918, անկախ հայրենիքի երազը կ՛իրականանայ:
1921-ին Հայաստանի խորհրդայնացումով տապանաքարը կը դրուի ազատատենչ ժողովուրդի հոգիներուն վրայ:
Դասարանը լուռ է ու ճնշուած. լռած է նաեւ Կ. Սասունին, որուն դէմքի կնճիռները կը դրսեւորեն իր փոթորկոտ ներաշխարհը. համամարդկային քաղաքական այլազան երեւոյթներ կը խթանեն իր երեւակայութիւնը, եւ յանկարծ մատը ցցելով կ՛ըսէ. «Ես չեմ տեսներ, բայց դուք պիտի տեսնէ՛ք… Եռագոյնը պիտի ծածանի հանրապետութեան շէնքին վրայ…»:
Այս ահաւոր ողբերգութեան ականջալուր` դասարանը կը մնայ անդրդուելի:
«Քաղաքական այնպիսի վերիվայրումներ տեղի պիտի ունենան, որ Հայաստանն ալ իր կարգին պիտի ստանայ վերանկախանալու իր իրաւունքը…», կը շարունակէր ան:
Յուսալքուած մեր հոգիները կը վերաշխուժանան պատանեկան գերագոյն ընկալումով:
Լեւոն Շանթ` Ճեմարանի տնօրէն, իր հրապարակային դասախօսութիւններու ընթացքին ինքնավստահ եւ համոզումով կը յայտարարէ. «Կարելի չէ մարդկութիւնը վերածել լուցկիի տուփերու` հաւասար չափով կտրուած փայտիկները քով-քովի շարելով: Համայնավարութիւնը կեղծիք է, պիտի տապալի՛, չի կարելի այսպէս շարունակել… պիտի տապալի՛»:
Քաղաքացիական պատմութեան պահն է, Սիմոն Վրացեան` Լեւոն Շանթի յաջորդը հանդիսացող մեր տնօրէնը, կը խօսի խորհրդային վարչակարգի ապազգայնացած բռնատիրութեան մասին եւ վերլուծելով ժողովուրդներուն հոգեվիճակը` կ՛եզրակացնէ. «Ես ժողովուրդիցս չե՛մ վախնար, քարէն իր հացը կը ճարէ, բայց հայ ժողովուրդին դիմագիծը պիտի փոխուի»:
Քսանամեակի շքերթը կը շարունակուի, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ երիտասարդ կղերականներ, Վարդանանց պատերազմը յիշեցնող ղեւոնդ երէցներու ժառանգորդներ, խաչով եւ զէնքով եկեղեցին ու հայրենիքը պաշտպանելու գիտակցութեամբ:
Ցամաքային եւ օդային զինատեսակներու ցուցադրութիւնը ինքնապաշտպանութեան յոյսը կը ներշնչէ բոլորիս:
Քսանամեակի առիթով տեղի կ՛ունենան նաեւ մշակութային եւ մարզական ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ համահայկական ժողովներ` սփիւռքի կազմակերպութիւններու անխտիր մասնակցութեամբ:
1915-ի Ցեղասպանութենէն ողջ մնացած որբերու հսկայ փաղանգ մը, անտէր անօգնական, իր նախնիներէն ժառանգած նկարագրային արժէքներով, օրէ օր դժուարութիւնները յաղթահարելով կը կազմէ ներկայի ազգասէր եւ հայրենասէր բարգաւաճ սփիւռքը: Քսան տարիներու ընթացքին անկախ Հայաստանի ժողովուրդը քաղաքական ապազգայնացած պետութեան վերաբերմունքէն դժգոհ` կը լքէ հայրենիքը, խոր ընդվզումի ենթարկելով հայրենասէր սփիւռքը: Ժողովը առիթ կը ստեղծէ դժգոհութիւնն ու ընդվզումը պաշտօնապէս արտայայտելու, թրքամէտ եւ շահագրգիռ իշխանութեան կիրարկած քաղաքականութեան հանդէպ: Երկրին գլխաւոր արդիւնաբերութիւնները սեփականացուցած, անձնական եւ նիւթական շահերով տարուած, հարստութենէ յղփացած փոքրամասնութիւնը պատճառ կը հանդիսանայ հայ մարդուն` սեփական հողը լքելով մեկնելու… իր առօրեայ հացը ճարելու:
Զինուորական շքերթը կը հասնի իր լրումին, անկախ Հայաստանի դրօշը կը ծածանի հանրապետութեան շէնքին վրայ…
Հայաստանը կը պարպուի:
Մտահոգութիւնն ու տխրութիւնը դարձեալ կը ճնշեն գիտակից հայու հոգիներուն:
Պանդոկի պատուհանին եզրին թառած` ուրախութեան քարացած արցունքներով, զգաստացումի եւ նոր զարթօնքի «ոտնաձայնը» լսելու լաւատեսութեան յոյսով… կը հեռանամ պատուհանէն:
Պոսթըն

