ՄԵՆՔ ԵՆՔ` ՄԵՐ ՑԱՒԵՐԸ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԴՈՒ ԵՍ»Ի ՀԵՏՔԵՐՈՎ

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Հայաստան, յատկապէս վերջին տարիներուն, տարբեր առիթներով, հրապարակ կը նետէ լոզունգներ, որոնք կը դառնան հայութեան «սեփականութիւն»ը` յիշեցնելով ազգային ինքնութեան ու պատկանելիութեան, պարտականութեան ու պարտաւորութեան, յանձնառութեան ու հաւատաւորութեան նուիրականութիւնները:

Ինչ խօսք` այս երեւոյթները գնահատելի եւ ողջունելի են, միանգամա՛յն, որոնցմով փորձ կը կատարուի հայ ժողովուրդը պահել զգաստ եւ զգօն, իր ազգային ու հայրենական իրականութիւններու նկատմամբ մնալու պատրաստակամ, զոհաբերական ու ձեռներէց:

Սակայն, երբ լոզունգներն ու կարգախօսները, որքան ալ` դիպուկ ու նպատակային, կը դառնան պարագայական, երբեմն ալ` քարոզչական, ատոնք ինչո՞վ օգտակար կրնան ըլլալ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին մասնաւորաբար:

Մեր կարծիքով, երբ կը նախապատրաստուին, կը ծրագրուին կամ կը մշակուին լոզունգներ կամ կարգախօսներ, անշուշտ, որոշակի առիթներով ու պատեհութիւններով, ատոնք պէտք է հիմնուած ըլլան յստակ սկզբունքներու վրայ, պայմանաւ որ սակայն դառնան նաեւ այս վերջիններուն շօշափելի կրողները:

Որոշ է, որ մեր ակնարկութիւնը կ՛երթայ, առաջին հերթին, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ անոնցմէ յառաջացած գործունէութիւններուն, իրենց արդիւնքներով ու հետեւանքներով, եւ ասիկա` սկսած Հայաստան-սփիւռք խորհրդաժողովներէն:

Ատոնց մեծ մասին անբաղձալի եւ անպտուղ ըլլալուն այնքան անդրադարձած ենք, որ ի ձեռին ունինք… «հրապարակագրական գրականութիւն» մը, մանաւանդ որ ժամանակները ցոյց տուին անոնց պատահական, ժամանակաւոր եւ անցողակի ըլլալու հանգամանքները (առանց թերագնահատելու այն միւս գործօնները, որոնք տնտեսական զգացական, զբօսաշրջական, յարաբերական կարելիութիւններ ստեղծելու հասկնալի առաւելութիւններ ալ ունէին):

Դժբախտաբար այդ բոլորէն օգտուելու կամ դաս առնելու հաւանականութիւնները մնացին… պղպջակային, որովհետեւ, հետագայ հանգրուանները ապացուցեցին ատիկա, հակառակ, կարգ մը պարագաներու, դրական ազդեցութիւններու ոլորտին, երբ սփիւռքի նախարարութիւնը կեանքի կոչուեցաւ:

Յետայնու, շարքը երկա՜ր է իր զանազան դրսեւորումներով, տարբեր արտայայտութիւններով, բազմաբնոյթ բանաձեւումներով, տեսակաւոր եզրակացութիւններով, որոնք «աշխուժութիւն», «գրաւչութիւն», «խանդավառութիւն» ստեղծեցին, թէեւ ոչ բոլոր մակարդակներու վրայ եւ ոչ ալ` համատարած ընդունելիութեամբ:

«Արի տուն»ը, օրինակի համար, իր հայաբուրութեամբ ու հայահարազատութեամբ հանդերձ, տակաւին իր շուրջ կը ստեղծէ հարցականներ. ո՞վ որո՛ւն կը կանչէ եւ` ո՞ւր:

Վստահաբար Հայաստանն է, որ կը կանչէ (կը հրաւիրէ, կը հիւրընկալէ, կը հիւրասիրէ…), բայց, քիչ մը տարօրինակ ալ չէ՞, երբ հայաստանաբնիկը կամ հայաստանածինը… կը հեռանայ իր ծննդավայրէն, հայրենիքէն, հողէն:

Կրնայ առարկուիլ, թէ մէկը միւսին հետ կապ չունի, այնքան ատեն որ մայր-հայրենիքն է կանչողը. բայց պահ մը մտածուա՞ծ է, որ «Արի տուն»ի հայ նոր սերունդը սկսած է հարցադրել. «Մենք կու գանք, պիտի գանք, բայց ի՞նչ ըսել մեր հայրենական սերնդակիցներուն եւ անոնց ծնողներուն, որոնք կը լքեն իրենց երկիրը»:

Ահաւասիկ կացութիւն մը, որ չո՛ր իրականութիւն է, ընդունելի կամ ոչ: Այս մասին կարելի՞ է տարակարծութիւն ունենալ կամ չհաւատալ անոր, երբ դէմ յանդիման կը գտնուինք, դրականի կողքին, նաեւ ժխտական տխուր պատկերներու, առանց ըլլալու հաւկոյր կամ… հաւհամր:

***

«Հայաստանը դու ես», կարգախօսուեցաւ վերջերս:

Հոյակա՜պ լոզունգ կամ նշանաբան:

Սակայն պէտք է ճշդել, թէ «Հայաստանը դու ես»ով որո՞ւ կ՛ակնարկուի. հայաստանցիի՞ն, թէ՞ սփիւռքահայուն:

Պիտի ըսուի` համայն հայ ժողովուրդին:

Համաձայն ենք:

Բայց, նախ, ճի՞շդ է այսպիսի «որակաւորում»ով հանդէս գալ, ապա` ի՞նչ ըսելու կամ հասկցնելու համար:

Ինչու Հայաստանը «ուրիշի՞ն» է, որ այդ հրամայականութիւնը կը ցուցաբերուի անոր նկատմամբ:

Աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր կարգախօսել` «Հայաստանը բոլորս ենք» (եթէ անպայման այդ միտքը կը հետապնդուի), որովհետեւ եթէ առաջինը շփոթ կը ստեղծէ, երկրորդը Կ՛ԸՆԴՀԱՆՐԱՑՆԷ, ինչ որ աւելի ճիշդն ու ծրագրայինն է:

***

Այս առիթով, անխուսափելի չի՞ դառնար նաեւ հարց տալը, թէ «Հայաստանը դու ես»ով սկսած, շարունակուած եւ եզրափակուած Հայաստան-սփիւռք կապերու նոր տարազումով մարմնաւորուած Սեպտեմբերեան խորհրդաժողովը, իր կայացումով, գործընթացով, բանաձեւումներով (յայտարարութիւն) ու մանաւանդ մասնակցութեամբ, ի՞նչ երաշխիքներ կու տայ իր նախորդներուն չհետեւելու, այլ խօսքով` մնալու իր լափ-լաւութեան կիզակէտին վրայ` առանց «զգայացունց» հետեւանքներու եւ յաջորդականութեան:

Ո՛չ երեւոյթը, ո՛չ ծրագրաւորումը, ո՛չ ալ նախաձեռնութիւնը կը քննադատուի կամ կ՛արհամարհուի, ընդհակառակը, թերեւս ալ ճիշդ էր, որ «խտացում»ի ու «խտացուած»ի այդ սկզբունքով գործել, սակայն ոչ` մասնակցութեան ու հռետորութեան այդ սովորամոլութեամբ, հնամենիութեամբ եւ աւանդականութեամբ, որուն ականջալուր դարձանք (եւ եղած ենք նախօրօք ալ):

Ոեւէ մէկը դէմ չէ, որ այդ «մինի» խորհրդաժողովներուն չմասնակցի եկեղեցին, կուսակցութիւնը, միութիւնը եւ այլն, բայց այլեւս որքանո՞վ հանդուրժելի է «մասնագիտական ուժ»ը, մասամբ թէ այլապէս հեռու պահել անոնցմէ, շարունակելով «թիւ մէկ»երու աւանդոյթը, երբ նոյն այդ ծիրին (կամ պահանջին) մէջ կարելի է նորերուն տեղ տալ, լսել, հաւատալ, հասկնալ զանոնք ալ, որոնք, վերջին հաշուով, «օտար»ներ չեն:

Եթէ պետականութիւն կայ, պետական մտածողութիւն կայ, պէտք է ըլլայ նաեւ պետական խստապահանջութիւն` առանց իյնալու «խաթըր»ականներու եւ «խնամի»ականներու գիրկին մէջ, որոնք մեր «վերջը բերին» (ու պիտի բերեն), ինչպէս կ՛ըսէ «իմաստուն» ժողովրդային խօսքը:

***

«Հայաստանը դու ես»ը մեզ կը հասցնէ՞ բոլորականութեան ու նորարարութեան ակունքներուն:

Պատասխանող կա՞յ, թէ՞ համակերպողականութիւնը տակաւին ուժի մէջ է, մինչ լոզունգները սկսած են մնալ… լոզունգ, երկուքուկէս միլիոն հայաստանցիներուն եւ ութ միլիոն հայութեան համար…

 

 

Պէյրութ, 24 հոկտեմբեր 2011

Share this Article
CATEGORIES