ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԻՆՉՈ՞Ւ ՄՏԱԴՐԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ…

… ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵՒՈՐ Է. «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԹԵՐԹԸ «ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱՐԿ»ԻՆ ՀԵՏ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ Է «ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐՈՒ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏ» ՎԵՐՆԱԳԻՐՈՎ ՓԱՌԱՏՕՆ ՄԸ` ՄԵՐՕՐԵԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ: ԹԵՐԹԻՆ ԿԱՅՔԻՆ ՊԼՈԿՆԵՐՈՒ ԲԱԺՆԻՆ ՄԷՋ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ Է ՆԵՐԿԱՅ ԴԱՐՈՒ ՄՏԱԴՐԱՊԱՇՏ ՇԱՐԺՈՒՄԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐԷՆ` ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՎԻԹԹՈՐԻՕ ՓԵԼՈՍԻԻ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՅՕԴՈՒԱԾԸ, ՈՐ «ԿԸ ՄԻՏԻ» ՏԵՍՆԵԼ ԱՐՈՒԵՍՏՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻ ՏԻՊԱՐԻՆ ՄԷԿ ՆՈՐ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ:

Պահ մը նկատի ունեցէք հետեւեալ նմանօրինակ դէպքերը. աղմկալից կատաղի կռիւէ մը ետք Կլասկոյի մէջ երկու տղամարդիկ կը քշեն 39 տարեկան մարդու մը վրայ եւ կը սպաննեն զայն: Տարեց թոշակառու մը ինքնաշարժ քշելու ժամանակ չի տեսներ անցորդ մը եւ զայն կը տապալէ գետին: Անփոխադարձ սիրոյ կատաղանքէն մղուած` մարդ մը կը հալածէ իր ցանկացած կինը եւ կը սպաննէ զայն: Ժերարտոյի ափունքին մէջ կին մը կը սպաննէ մարդ մը, որ կը յարձակի իր վրայ եւ կը փորձէ բռնաբարել զինք: Այս բոլորը ողբերգական պարագաներ են: Սակայն արդեօք պէ՞տք է զանոնք դատել իբրեւ հաւասարապէս սարսափելի: Օրէնքի դիմաց տարբերութիւնները կը նշուին` հիմնուած յանցագործներուն մտադրութեան վրայ:

Աշխարհի մէջ հետզհետէ տարածուող մտադրապաշտութեան (ինթենթիզմ) շարժումին համաձայն, մտադրութիւնները կարեւոր են նաեւ արուեստներուն մէջ:

Երբեւիցէ այցելա՞ծ էք արդի արուեստի պատկերասրահ մը եւ ի զուր փորձա՞ծ էք հասկնալ հոն ցուցադրուած խորհրդաւոր գործերը: Հակադրուելով ներկայիս տիրող այն մտայնութեան, թէ ստեղծագործական աշխատանք մը կրնայ ունենալ որեւէ իմաստ մը, զոր կը փափաքին տեսնել ընթերցողները կամ ակնդիրները, մտադրապաշտները կը հաւատան, թէ ամբողջ իմաստը կը գտնուի հեղինակի մը կամ արուեստագէտի մը մտադրութեան դրսեւորումին մէջ:

Թերեւս վիճելի չի թուիր այս խոր համոզումը: Այսուհանդերձ, այս տեսութիւնը սովորաբար կը մերժուի` հիմնուելով այնպիսի վիճարկութիւններու վրայ, որոնք հարցականի տակ կ՛առնեն զայն, հետեւեալ տրամաբանութեամբ. արդեօք կը գիտակցի՞մ բոլոր այն պատճառներուն, որոնք զիս կը մղեն որոշ արարքի մը, արդեօք ենթագիտակիցս պիտի չբացայայտէ՞ ֆրոյտեան գաղտնիքներ: Իսկ ինչ կը վերաբերի հաղորդակցութեան, իբրեւ գրաճանաչ անձեր` կը մտածենք. արդեօք մեր գործածած բառերուն կամ արուեստին յստակութիւնը ինքնին խօսուն արտայայտութիւն մը չէ՞, անկախ թէ ի՛նչ են ձեր մտադրութիւնները: Աւելի՛ն. արդեօք բոլոր ընթերցողները արուեստի տուեալ գործի մը կը մօտենան նո՞յն ձեւով: Ամէն անգամ, որ ամոլ մը կը յայտարարէ` «ասիկա մեր երգն է», արդեօք տուեալ երգը նոր իմաստ մը չի՞ ստանար:

Շատերուն համար արուեստներու մէջ նման հարցադրումներ յայտնապէս սխալ են:

Սակայն մտադրապաշտները կ՛ըսեն` այդպէս չէ: Իրօք, այս վէճը կը մղուի դարերէ ի վեր եւ` տարբեր ձեւի տակ ծպտուած, որովհետեւ գոյութիւն ունի հիմնական պատճառ մը: Անիկա կը հպի մեր սրտին լարերուն, որովհետեւ մեզ այլ անասուններէ տարբերող յատկանիշն է: Անիկա կապ ունի այն հարցումին հետ, թէ ինչպէ՞ս կը հաղորդակցինք իրարու հետ, թէ` արդեօք կրնա՞նք հաղորդակցիլ:

Նախ պէտք է ըսել, թէ լեզուն իբրեւ հաղորդակցութեան գործիք հիմնականօրէն հանրային բան մըն է, ինչպէս ըսած է Ուիթկընսթայն: Ունինք հասարակաց բառապաշար մը: Այսուհանդերձ, լեզուն կը գտնուի տեւական հոսքի մէջ: Բաւարար է կարճ պահ մը ականջ տալ պատանիի մը` գիտնալու համար, թէ ինչպէ՛ս տեղի կ՛ունենայ գոյականներու, բայերու եւ ածականներու երկրաշարժ մը: Այլ խօսքով` լեզուն գործածութեան ընթացքին չի կրնար դիմադրել փոփոխութեան: Ինչ կը վերաբերի տեսողական արուեստներուն, հետաքրքրական պիտի ըլլար ուսումնասիրել, թէ մշակոյթներ ինչպէ՛ս տարբեր եւ անյարիր բաներու կ՛առնչեն գոյները: Օրինակ, կապոյտը անմահութեան խորհրդանիշ է Չինաստանի մէջ, իսկ Իրանի մէջ` սուգի: Հետեւաբար կարելի չէ հաստատ եզրակացնել, թէ արուեստի գործ մը առանձինը կրնայ վերջնական իմաստ մը փոխանցել մեզի, եթէ անշուշտ այս է մեր փնտռածը:

Երկրորդ` ինչ կը վերաբերի մեր կարդացածէն տարբեր իմաստներ քաղելու, այսինքն` ըսելու, թէ անիկա ի՛նչ կը նշանակէ մեզի համար, այս հայեցակէտը ոչ միայն ազատութիւն չի շնորհեր մեզի, այլ պարզապէս կը նմանի աստուածաբանութիւնը շփոթելու լեզուագիտութեան հետ:

Իսկ կարելի՞ է փոխանցել մասնայատուկ եւ յստակ պատգամ մը: Մտադրապաշտին համար, այո՛, կարելի է:

Մտադրապաշտութեան պաշտօնական կայքին համաձայն, «մտադրապաշտութիւնը շարժում մըն է արուեստագէտներու, հեղինակներու, դերասաններու եւ երաժիշտներու, որոնք կը հաւատան, թէ արուեստը կրնայ փոխանցել արուեստագէտի մը մտադրած պատգամը` անոր ի մտի ունեցած հանդիսատեսին»:

Մտադրապաշտին համար իմաստը կը գտնուի հեղինակին մտադրութեան մէջ, անկախ այն իրողութենէն, թէ այս մտադրութիւնը աղօտ է եւ դուռ կը բանայ բազմաթիւ մեկնաբանութիւններու, կամ` յստակ է: Սոսկ գրութեան մը կամ ընթերցողին հետաքրքրութեան ապաւինիլը հաւանական է, որ առաջնորդէ սխալ մեկնաբանութիւններու: Թէեւ հեղինակի մը մտադրութիւնը ի յայտ բերելու ամէնէն հաւանական վայրը անոր արտադրած գործն է, որուն միջոցով ան կրնայ հաղորդակցիլ, սակայն հաղորդակցութեան յաջողութիւնը միշտ չէ, որ երաշխաւորուած է: Փիքատելլիի մէջ Իրոսի հռչակաւոր արձանը ձեւագծուած էր` պատկերելու համար յոյներու Անթերոս աստուածը, որ կը խորհրդանշէր փոխադարձ սէրը: Եթէ հարց տրուի, թէ ի՞նչ է այս արձանին իմաստը, պիտի բացագանչէինք` «Իրոս»:

Ինչ կը վերաբերի ընթերցողներու կողմէ կատարուած հակասական մեկնաբանութիւններուն, նման այլազանութիւն մը կրնայ հարստացնել ստեղծագործական որոշ աշխատանքներ: Այսուհանդերձ, մտադրապաշտներ կը հաւատան, թէ կարելի՛ է մեր անձնական նախապաշարումները զատորոշել տուեալ գործի մը իմաստէն: Գրաքննադատ Ի. Տի. Հըրշ կ՛ըսէ, թէ հեղինակի մը մտադրութիւնը ինքնին անոր ստեղծած գործին իմաստն է, իսկ թէ անիկա «ի՛նչ կը նշանակէ մեզի համար», կը խորհրդանշէ տուեալ գործին կարեւորութիւնը: Խոր հարց մըն է, թէ ինչպէ՛ս կը զանազանենք այն գործօնները, որոնք իրարմէ կը բաժնեն մտադրութիւնն ու կարեւորութիւնը:

Մտադրապաշտները նաեւ կը շեշտեն, թէ հեղինակութիւն մը եւ մտադրութիւն մը մերժելով` ստեղծագործական արտադրութիւններուն մեծ մասը վերածուած է կենսունակութենէ զուրկ եւ անտարբեր բանի մը: Հետեւաբար մտադրապաշտներ կը փառաբանեն մտադրութիւնը արուեստի իրենց գործերուն մէջ` օգտագործելով տարբեր միջոցներ, ինչպէս ցոյց տալով ստեղծագործական եւ խմբագրական գործընթացը` աւարտած գործի մը ետին:

Եզրակացնելու համար փորձենք պատասխանել այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ անհրաժեշտ է մտադրապաշտութիւնը. ճիշդ այն պատճառով, որ մարդկային իւրաքանչիւր արարքի մէջ, ինքնաշարժի արկածներէ մինչեւ զէնքով գործուած ոճիրներու, գրաւոր պարբերութիւններէ մինչեւ զետեղման արուեստի գործերու մէջ, մտադրութիւնը պարզապէս կարեւոր է:

ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲ

ՎԱՐՁՔԵՐԸ ՇԱ՞Տ ԲԱՐՁՐ ԵՆ, ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԸ ԱՆԲԱՒԱՐԱ՞Ր Է, ԵՐԹԵՒԵԿԻ ԽՃՈՂՈՒՄԸ ԿԸ ԽԵՆԹԱՑՆԷ՞… ՔԱՆԻ ՄԸ ՏԱՐԻԷ Ի ՎԵՐ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԿԱԶՄՈՒԱԾ ԴԱՍԱԿԱՆ ԹԷ ԱՅԼ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԵՐ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԵՆ ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐՈՒՆ ՊՈՌԹԿՈՒՄԸ: ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԹԷԵՒ ԼՈՒՐՋ, ՄԻԱԺԱՄԱՆԱԿ ԶՈՒԱՐՃԱԼԻ ԵՐԵՒՈՅԹԸ:

Ձմրան ցուրտ գիշեր մը, 2005-ին, Հելսինքիի մէջ քալելու ժամանակ ֆինլանտացի արուեստագէտներ Թելլերվօ Քալլայնըն եւ Օլիվըր Քոչթա-Քալլայնըն ապրեցան յայտնութեան պահ մը. անոնք յանկարծ մտածեցին` ի՞նչ կրնար պատահիլ, եթէ զանգուածներուն ապրած սովորական տագնապները կարենային վերածել անակնկալ զարմանքի եւ հրճուանքի աղբիւրի մը: Իրօք, ֆինլանտերէնի մէջ գոյութիւն ունի բառ մը, որ կը նկարագրէ զանգուածներուն ապրած դժգոհութիւնները. «վալիթասքուորօ» բառացի թարգմանութեամբ կը նշանակէ դժգոհութիւններու երգչախումբ: Հետեւաբար երկու արուեստագէտները ճամբայ ելան` աշխարհի ամէնօրեայ դժգոհութիւնները արտայայտելու իրական երգչախումբերու միջոցով, եւ ծնունդ առաւ «Դժգոհութիւններու երգչախումբը». տեղէ տեղ շրջող արձանագրութիւն մը` աշխարհի առօրեայ տագնապներուն, հաւաքուած` բազմութիւններէն եւ` երգի վերածուած:

Դժգոհութիւնը կը բնորոշենք իբրեւ «անբաւարարութեան զգացում` առանց միջոցառումի որեւէ քայլի»: Այսուհանդերձ, մեր դժգոհութիւններուն ետին գոյութիւն ունի այն գաղափարը, համոզումը կամ արժէքը, որուն կը կառչինք: Հետեւաբար դժգոհութիւնները օժտուած են ներհուն յեղաշրջող ուժով մը: Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան ճշմարտութիւնը այն է, թէ անիկա իրականացաւ, որովհետեւ մարդկային նկատառելի զանգուած մը գոհ չէր իր կեանքէն եւ կը դժգոհէր կեանքի ամէնօրեայ հարցերէն:

Դժգոհելու արուեստը կը կրէ նաեւ հիմնական այլ երեւոյթ մը. ինչո՞ւ մարդիկ դժգոհութիւն կը յայտնեն այնպիսի բաներու առնչութեամբ, որոնց վրայ ամենադոյզն ներգործութիւնը չունին. օրինակ` օդերեւոյթ: Այս պարագային, դժգոհութիւն յայտնելը չի միտիր բան մը փոխելու, այլ` ստեղծելու հաւաքական զգացում մը, որուն խորքը հետեւեալն է. միայն ես չէ, որ կը տագնապիմ մանր հարցերով, մենք բոլորս կը բաժնենք նոյն բեռը, ինչպէս` ամբողջութեամբ անընդունելի կլիմայի մը բեռը:

Պըրմինկհամէն Պուտափեշտ, Հելսինքիէն Համպուրկ, Երուսաղէմէն Շիքակօ, դժգոհութիւն յայտնող երգչախումբեր կ՛երգեն առօրեայ մանր հարցերէ (ինչպէս` աշխատանքի պայմաններ, երթեւեկի խճողում, դիւանակալութիւն, օդերեւոյթ) մինչեւ զուարճալի կերպով իւրայատուկ եւ տարօրինակ հարցերու մասին (օրինակ` դրացի մը հունգարական ժողովրդային պարի դասընթացքներ հաստատած է ննջարանի մը վերեւ, բարեկամի մը կատուին կողմէ անտեսում, ցեղապաշտ մեծ մայր մը)…

Ստորեւ` Հելսինքիի «Դժգոհութիւններու երգչախումբ»ին դասական լուրջ ու խորհրդաւոր ոճով երգած բառերէն ամփոփ քաղուածք մը.

Չես հարստանար աշխատելով,
Իսկ սէրը յաւիտենական չէ:

Հին ծառեր կը կտրեն եւ թուղթի կը վերածեն,
Սակայն լուացարաններուն մէջ միշտ թուղթի տագնապ կայ:

Դրացիս միշտ դուռին ծակէն կը լրտեսէ զիս,
Ամէն անգամ, երբ հիւրեր կը բերեմ տուն:

Միշտ կը պարտուինք հոքիի եւ Եուրովիժընի մրցումներուն:

Ս. Ծննդեան տօնը ամէն տարի քիչ մը աւելի կանուխ կու գայ:

Ինչո՞ւ մարդիկ միշտ տարակարծիք են ինծի:

Աշխատանքի կարելիութիւնները Չինաստանի սեփականութիւնն են:

Ասիկա արդար չէ:

Ինչո՞ւ փոշեծծիչին թելը կարճ է`
Ամրան եղանակին պէս:

Ամէն առաւօտ գործի երթալով եւ իրիկունը վերադառնալով`
կը կորսնցնես խելքդ:

Բջիջային հեռաձայնիս բարդերը շատ արագ կը պարպուին,
իսկ զանգին ձայները բոլորն ալ ջղագրգռութիւն կը պատճառեն:

Տղամարդիկ միշտ կիներէն նուազ կը վճարուին:

Ատամնաբուժի երթալու համար պէտք է երկար հերթի սպասել.

Վեց ամիս …
Մինչ այդ ակռադ կը փտի եւ պէտք է քաշուի:

Գեղեցիկ շապիկները կը գունատին լուացքի մեքենային մէջ,
Իսկ տգեղ շապիկները երբեք չեն գունատիր:

Յարկաբաժինս շատ փոքր է,
Ամբողջս դրամս կ՛ուտէ,
եւ բան չի մնար ինծի` աշխարհը փրկելու:

Ամուսինս շատ բարձր կը խռկայ,
Եւ շատ դանդաղ կը քալէ:

Իսկ կինս միշտ կը դժգոհի:

Ասիկա արդար չէ:

Մեր նախահայրերը կրնային աւելի արեւոտ վայր մը զատել` ապրելու համար:

Բարեկամս աւելի կը սիրէ իր բջիջայինը, քան` զիս:

Երազներս ձանձրացուցիչ են:
Ինչո՞ւ միշտ ինծի կը պատահին այս բոլորը:

Ասիկա արդար չէ:

 

ԱՐԴԵՕՔ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
ԿԸ ՓՈԽԷ՞ ԳԻՆԻԻՆ ՀԱՄԸ

ՃՈՆԱՀ ԼԵՀՐԸՐ Wired.com ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԳՐԷ, ԹԷ ՀԱՄԻ ՄԵՐ ԶԳԱՅԱՐԱՆԸ ԱՅՆՔԱ՛Ն ԲՈՒԹ Է, ՈՐ ՏԵՒԱԲԱՐ ԵՆԹԱԿԱՅ Է ԱՅԼ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐՈՒ ՃԱՄԲՈՎ ՈՒՂԵՂԻՆ ՀԱՍԱԾ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ, ԻՍԿ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՆԻ ՀԱՄԻ ՄԵՐ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ:

Եկէք` բառերը չծամենք. լեզուն իրապէս բութ է: Ի տարբերութիւն մեր միւս զգայարաններուն, որոնք նուրբ զգայնութիւն մը ունին, մեր բերնին մէջ նստած միսի այս կոյտը շատ անտաշ է իբրեւ հասկացողութեան ծառայող գործիք: Իրականութեան մէջ անիկա կրնայ տարբերել համի միայն 5 զգացողութիւններ: Ի տարբերութիւն` մեր ականջը կը պարունակէ հազարաւոր աղուամազի բջիջներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը լարուի, երբ կը հնչէ ձայնային յատուկ ալիք մը:

Լեզուն շատ աւելի ապիկար բանի մը կը վերածուի, երբ կը մտածենք, թէ որքա՛ն աւելորդ բան մըն է անիկա: Սակայն փոխարէնը` համոզուած ենք, թէ լեզուն օժտուած է յատկանշական զգայնութեամբ մը եւ կարողութիւնը ունի ընկալելու ամէն տեսակ նուրբ համեր: Այս պատճառով է, որ կը գովերգենք մեր նախասիրած ուտելիքներն ու խմիչքները, կարծէք` անոնց համին նրբութիւնները ամէնէն յատկանշական երեւոյթն են: Իրականութիւնը անշուշտ այն է, թէ համը մեծ մասամբ հիմնուած է բոյրի վրայ: Իրօք, գիտնականներու համաձայն, իբրեւ համ մեր ընկալած բաներուն 90 առ հարիւրը բոյր է, զոր կը ներշնչենք քիթով: Բանի մը համը մեզ կը պատրաստէ ոչ միայն զայն ուտելու (որովհետեւ լորձունքի գեղձերը կը գրգռուին), այլ տուեալ ուտելիքը կ՛օժտէ այնպիսի բարդ յատկանիշով մը, որ համի մեր զգացողութիւնը միայն աղօտ կերպով կրնայ բնորոշել զայն: Եթէ լեզուն ուտելիքը ընդգրկող շրջագիծն է, այսինքն մեզի կ՛ապահովէ անհրաժեշտ տեղեկութիւնը տուեալ ուտելիքի մը բաղադրութեան, բերնին մէջ անոր զգացողութեան եւ համին հիմնական յատկանիշներուն մասին, ապա հոտառութեան մեր զգացողութիւնն է, որ առաջին հերթին տուեալ ուտելիքը արժանի կը դարձնէ դնելու շրջագիծի մը մէջ:

Բազմաթիւ խելացի փորձարկութիւններ ապացուցած են լեզուին սահմանափակ կարողութիւնները: Ի յայտ եկած է, թէ գինիի մասնագէտ քննադատներ կրնան խաբուիլ` աժան եւ սուղ գինիի տեսակները տարբերելու մէջ, թէ` կը նախընտրենք խմել բալասանային քացախով գարեջուր, պայմանաւ որ նախապէս տեղեակ չըլլանք, թէ քացախ աւելցուած է, թէ` ժողովուրդին մեծ մասը անկարող է Քոքա-քոլան զանազանելու Փեփսիէն (հակառակ որ շատեր իրենց նախընտրութիւնը ունին), կամ փաթէն` շուներու յատուկ կերակուրէն: Սակայն ամէնէն հետաքրքրական փորձարկութիւնը կատարած է Պորտոյի համալսարանէն Ֆրետերիք Պրոշեթ: 2001-ին ան հրաւիրած է գինիի 57 մասնագէտներ եւ անոնցմէ խնդրած է իրենց տպաւորութիւնները փոխանցել բաժակ մը կարմիր գինիի եւ բաժակ մը ճերմակ գինիի վերաբերեալ: Բաժակներուն պարունակութիւնը իրականութեան մէջ նոյնն էր. անոնցմէ մէկը պարզապէս ներկուած էր ուտելիքը գունաւորող ներկի տեսակով մը: Սակայն ասիկա չէր խանգարած մասնագէտներուն գործը, որոնք «կարմիր» գինին նկարագրած էին սովորաբար կարմիր գինիի վերաբերող ածականներով: Մասնագէտներէն մէկը գովաբանած էր անոր «պտուղի քաղցր համը», իսկ ուրիշ մը` «ճզմուած կարմիր պտուղի համը»: Մասնագէտներէն ոչ մէկը անդրադարձած էր, թէ անիկա իրականութեան մէջ ճերմակ գինի էր: Պատճառը այն է, թէ լեզուն աղօտ հրահանգներ կ՛ուղարկէ, եւ մենք պարտաւոր ենք տեւաբար անոր տուեալները վերլուծել` հիմնուելով որեւէ այլ տեղեկութեան վրայ, զոր կրնանք օգտագործել: Ինչպէս Պրոշեթ ի՛նք նշած է` գինիի համի մեր ակնկալութիւնները «կրնան շատ աւելի վճռորոշ դեր ունենալ գինիի տեսակ մը համտեսելու մեր մօտեցումին մէջ, քան` ինքնին տուեալ գինիին ֆիզիքական բուն յատկանիշները»:

ՀեոթէՈւաթ համալսարանէն Ատրիան Նորթի կողմէ կատարուած նոր ուսումնասիրութիւն մը յաւելեալ ամբաստանագիր մը կ՛ուղղէ լեզուին դէմ` ցոյց տալով, թէ գինիի տեսակի մը մասին մեր պատկերացումը կրնայ խորապէս ազդուիլ մեր շուրջ հնչող երաժշտութենէն: Լեզուն կրնայ մտածել, թէ մեզի կու տայ ուղղակի խաղողի հիւթի համը, թէ` ի՛նք պատասխանատուն է ոգելից ըմպելի սպառելու մեր իրականութեան, սակայն խորքին մէջ անիկա ծառան է մեր աւելի խելացի զգայարաններուն, որոնք կ՛օգնեն մեզի` կամրջելու ըմբռնողութեան մէջ գոյացած վիհերը:

«Պրիթիշ Սայքոլոճիքըլ Սոսայըթի Ռիսըրչ Տայճեսթ» թերթին մէջ Քրիսթիան Ժարեթ պերճախօս կերպով կ՛ամփոփէ վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը.

«Ատրիան Նորթ նոր ուսումնասիրութեան մը մէջ ցոյց տուած է, թէ երբ մարդիկ գինի կը խմեն երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, ապա կը պատկերացնեն, թէ գինիին համը կը կրէ նոյն այն յատկանիշները, որոնք կ՛արտացոլան տուեալ պահուն հնչող երաժշտութեան մէջ… Նորթ քննած է համալսարանի 250 ուսանողներու կազմած պատկերացումները, մինչ անոնք կը խմէին 2006-ի Մոնթ Ալֆա Քապերնէ Սովինիոն (կարմիր գինի) կամ Շարտոնէյ (ճերմակ գինի), որոնք պատրաստուած էին Չիլիիի մէջ: Ուսումնասիրութեան մասնակցողներէն ոմանք գինին համտեսած են` ունկնդրելով Քարլ Օրֆի «Քարմինա Պուրանա» օփերային երաժշտութիւնը, զոր ուսանողներու այլ խումբ մը նախապէս բնորոշած է իբրեւ հզօր եւ ծանր երաժշտութիւն: Ուրիշներ իրենց գինին խմած են` ունկնդրելով Չայքովսքիի «Նաթքրեքըր» պալէին մէջ Ծաղիկներու վալսը, զոր նախապէս ուսանողներու այլ խումբ մը նկարագրած է իբրեւ նուրբ եւ մշակուած երաժշտութիւն: Այլ խումբ մը գինին ըմպած է Նուվել Վէյկի «Ճասթ քան՛թ կեթ ինաֆ» երգին կենսունակ վերաթարմացնող կշռոյթով, իսկ մնացեալ ուսանողները իրենց գինին խմած են խորքին հնչող Մայքըլ Պրուքի «Սլօ պրէյքտաուն» կտորին մեղմ եւ քնքուշ երաժշտութեամբ: Իսկ բոլորովին այլ խումբ մը գինին խմած է առանց որեւէ երաժշտութեան ընկերակցութեան:

Ուսումնասիրութեան մասնակցողները 5 վայրկեան իրենց գինին խմելէ ետք պարտաւոր էին պատասխանել այն հարցումին, թէ իրենց խմած գինին որքանո՞վ ազդեցիկ էր եւ թունդ կամ` նուրբ եւ մշակուած, մեղմ եւ փափուկ, կենսունակ եւ վերաթարմացնող: Արդիւնքները ցոյց տուին, թէ երաժշտութիւնը յարատեւ եւ անփոփոխ ներգործութիւն ունեցած էր մասնակցողներուն կազմած պատկերացումներուն վրայ: Անոնք հակամէտ էին մտածելու, թէ իրենց խմած գինին կը կրէր իրենց ունկնդրած երաժշտութեան յատկանիշները: Օրինակ, ճերմակ եւ կարմիր գինիի տեսակները երկուքն ալ արժանացած էին բարձրագոյն գնահատանքի` իրենց ազդեցիկ եւ թունդ համին համար, երբ մասնակցողները զանոնք խմած էին «Քարմինա Պուրանա»-ի երաժշտութիւնը ունկնդրելով:

Այս պատճառով կարեւոր է ճաշարանի մը մթնոլորտը: Սեղանի յարդարանքի եւ վարուելակերպի առնչուող բոլոր ծէսերը պարզապէս տեւաբար կիրարկուող միօրինակ սովորութիւններ չեն: Անոնք կ՛օգնեն մեզի` հասկնալու համար այն կիսատ տեղեկութիւնները, զորս լեզուն կը փոխանցէ մեզի: Օրինակ, երբ ընթրիք մը կը ճաշակենք երազային վայրի մը մէջ` յարդարուած իւրայատուկ եւ վայելչագեղ ձեւով, ուր սեղանի սպասները ամբողջութեամբ յախճապակիէ շինուած են եւ սպասեակները կը կրեն պաշտօնական հանդերձանքներ, ապա մեր ճաշակած ուտելիքը տարբեր համ մը կ՛ունենայ, քան` երբ նոյն ուտելիքը ճաշակենք սովորական եւ աժան վայրի մը մէջ: Ասիկա կ՛օգնէ բացատրելու, թէ ինչո՛ւ մարդիկ կը նախընտրեն յաւելեալ դրամ ծախսել` յաճախելով ճաշարաններ, ուր փոփ երաժշտութեան փոխարէն` կը հնչէ դասական երաժշտութիւն: Որովհետեւ երաժշտութեան ներգործութիւնը կարեւորութիւն մը ունի, ինչպէս` ամէն ինչ: Իսկ լեզուն շատ դիւրութեամբ կը խաբուի:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES