50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (11 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ՀԱՅԵՐԸ ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ
ՌԱՇՏԻ ԵՒ ՓԵՀԼԵՒԻԻ ՄԷՋ
ՔԱՀԱՆԱՅ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻ ՉԿԱՅ
Թեհրանահայոց առաջնորդ Արտակ արք. Մանուկեան վերջերս հովուական այցելութիւն տուաւ Փեհլեւիի եւ Ռաշտի հայ համայնքին: Երկու շրջաններուն մէջ ալ սրբազանը հանդիպումներ ունեցած է հոգաբարձութեանց անդամներուն եւ ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն հետ:
Փեհլեւիի հոգաբարձութեան անդամներէն Սարգիսեան, որ ընկերակցած է սրբազանին այս այցելութեանց ընթացքին, ի պատիւ առաջնորդ հօր ճաշկերոյթ մը տուած է, որուն հրաւիրուած են Գիլանի նահանգապետը եւ պետական այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Կենացներ խմուած են շահի եւ հայեւպարսիկ բարեկամութեան համար:
Ռաշտի մէջ սրբազանը ներկայ եղած է ծխական ժողովին եւ հետաքրքրուած` ժողովուրդին վիճակով:
Թեհրան վերադարձին Արտակ սրբազան տուած է հետեւեալ տեղեկութիւնները.-
Ռաշտի մէջ հաստատուած են 165 հայ ընտանիքներ, իսկ Փեհլեւիի մէջ` 63: Այս երկու համայնքներն ալ քահանայ չունին, իսկ Ռաշտը եկեղեցի ալ չունի: Ռաշտի մէջ 7 տարի առաջ սկսած են եկեղեցիի շինութեան, սակայն կիսատ մնացած է: Ռաշտը ունի սքանչելի գրադարան մը, ուր կարելի է գտնել հազուագիւտ գիրքեր: Ռաշտի ազգային դպրոցը ունի 70 աշակերտ, իսկ Փեհլեւին` 45:
Թէ՛ Ռաշտի եւ թէ՛ Փեհլեւիի մէջ կառուցուած են ազգապատկան շահաբեր կալուածներ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ
«Յուսաբեր» (1 նոյեմբեր) կը գրէ.-
Երէկ` երեքշաբթի, Գահիրէի Ճարտարագէտներու թատերասրահին մէջ Հայաստանի պետական պարախումբը ներկայացուց իր յայտագիրը եւ արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն:
Սրահը բերնէ բերան լեցուած էր հայ եւ օտար հանդիսականներու հոծ բազմութեամբ:
Գահիրէի հայութիւնը անգամ մը եւս ապրեցաւ գեղարուեստական անմոռանալի պահեր եւ ըմբոշխնեց հայ երգին ու պարին վայելքն ու թովչանքը, շնորհիւ նայիրեան մեր աղջիկներուն ու տղաներուն մշակուած, նուրբ ու ճկուն, պարզ ու վճիտ արուեստին:
Խմբապարերէն առանձնապէս յաջող էին «Բերդ պարը», «Զանգեզուրի պար»ը, «Կախարդական պարը», «Հովիւներու պար»ը, «Լոռուայ պարերը» եւ «Հեծեալներու պարը»: Յաջող էր նոյնպէս «Քարաւան» երաժշտական պատկերը:
Մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին ժողովրդական արուեստագէտներ Օֆելիա Համբարձումեանի եւ Յովհաննէս Բադալեանի մեներգներն ու զուգերգները, ինչպէս նաեւ` սրնգահար Իլիա Մինասեանի կատարումները:
ԻՐԱՆԱՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ Դ.
ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ
Հոկտեմբեր 12-ին, վեց օր տեւող աշխատանքներէ ետք, Իրանահնդկաստանի թեմի Դ. պատգամաւորական ժողովը հրատարակած է պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որմէ կը պարզուի, որ ժողովը եօթը նիստեր գումարած է եւ համերաշխ մթնոլորտի մէջ քննած` օրակարգի բոլոր խնդիրները: Բոլոր նիստերուն նախագահած է առաջնորդական տեղապահ Ներսէս վրդ. Բախտիկեան:
Ժողովը գնահատելով տեղապահին օգտաշատ գործունէութիւնը` միաձայնութեամբ որոշած է զայն բարձրացնել լրիւ առաջնորդի պաշտօնին:
Միեւնոյն ժամանակ ժողովը որոշած է «խնդրամատոյց լինել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետին` գերապատիւ հայր սուրբին շնորհելու եպիսկոպոսական աստիճան»:
Վ. ՔԻՒՐՔՃԵԱՆԻ ՄԱՀԸ
Պոսթընի մեր պաշտօնակից «Հայրենիք»ի մէջ (3 նոյեմբեր) կը կարդանք.-
Կը տեղեկանանք, որ հոկտեմբեր 30, երեքշաբթի օր, Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Վահան Քիւրքճեան ՀԲԸ Միութեան գործիչներէն:
Վ. Քիւրքճեան պահպանողական գաղափարներով դէմք մըն էր: Կը մեռնի խոր ծերութեան մէջ, աւելի քան 90 տարեկան հասակին: Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 3 նոյեմբերին:
ՀԱԼԷՊԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ
Անցած չորեքշաբթի Ազգային առաջնորդարան այցելած է Հալէպի կրթական տնօրէն Ռիւշտի պէյ Պերեքեթ եւ սիրալիր տեսակցութիւն ունեցած առաջնորդ սրբազանին հետ: Տնօրէնը իր գոհունակութիւնը յայտնած է հայ վարժարաններուն եւ խոստացած կարելի դիւրութիւնները չզլանալ:

