ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ` ԶՕՐ. ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 125-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՀԱՅՐԵՆԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՄԱԶԴԸ

«Հայրենասիրութեամբ հարուստ ժողովուրդը դէպքերի
խաղալիքը չէ, այլ` նրանց հրամայողը»:

ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ

Այնքան ատեն որ մեր դարաւոր ազգի խորհրդաւոր արգանդէն ծնունդ առած են հերոսածին կերպարներ, եզակի անհատականութեամբ օժտեալներ, անկրկնելի արժանիքներով շիկացած տիպարներ, ծառայասիրութեամբ յագեցած նուիրեալներ, ստեղծագործ մտքի եւ պայծառ հոգիներու տէր շառաւիղներ, ապա, սոփեստութեամբ վարակուած չենք ըլլար, եթէ հպարտօրէ՛ն ընդգծենք,  որ ազգային մեր շտեմարանին ակունքն ու էատարրերը տակաւին կը շնչեն, կ՛արարեն ազնուօրէն եւ բացարձակ ճշմարտութեամբ:

Փաստօրէն, հայոց պատմութեան վաղ ժամանակներէն ճառագայթող որոշակի տիպականութիւններ` ազատասիրութեան եւ արութեան, իրենց իմաստն ու անժամանցելիութիւնը կը շարունակեն պահել եւ ներշնչել իրերայաջորդ սերունդներ:

Արդարեւ, ինչպիսի՛ բնորոշում պէտք է տալ կամ արժեւորումներու պատուանդան ճշդել հայորդիներու այն փաղանգին, որ յատկանշուեցաւ ոչ միայն իր ծառայասիրական իւրայատկութեամբ, համամարդկային իտէալներու արձագանգումով եւ անյողդողդ կեցուածքի ընկալչութեամբ, այլեւ` ազգակերտ եւ տեսլապաշտ իր կազմաւորումով նմանները ակօսեցին իրենց ժամանակի դիպաշարերը եւ ցոյց տուին անհասանելի կերպարային բարեմասնութիւններու հնչեղութիւնն ու ղեկավարի հմայքը:

Այլ խօսքով անոնք կոչուեցան ըլլալու իրենց ժամանակի վաւերական ու բարձրագագաթ աստուածութիւնները, այո՛, հանճարները, ինչպէս` Լուսաւորիչ, Մաշտոց, Խորենացի, Շնորհալի, Մամիկոնեանք, Նարեկացի, Դաւիթ Բէկ, Աբովեան, Րաֆֆի, ազգային ազատագրական պայքարի ռահվիրաներ` հասնելով մինչեւ արցախեան գոյապայքարի փառքը հիւսած մերօրեայ հրաշագործ տիտաններու:

Թէ ինչո՛ւ համառօտակի նշում մը մեր պատմութենէն, մանաւանդ այս առիթով, պարզապէս ընդգծելու համար, թէ հայոց պատմութեան վերջին 100-ամեայ ամբողջ պաստառին վրայ արձանագրուած է անջնջելի անուն մը` վեհափառ, սրբազան տեսիլքով պարուրուած ռազմիկ մը` անկրկնելի, բացառիկ երեւոյթ մը` հրամանատարի, գերազանց հայրենապաշտ մը` աննուաճելի, հմուտ ռազմագէտ մը` տիրական, պայծառացած ներաշխարհ մը` մտաւորականի, իմաստասէր խառնուածք մը` հսկայ տեսաբանի, ցեղային առանձնայատկութիւններու հաւատաւոր մը` գաղափարապաշտի, սկզբունքայնութեամբ տոչորուած իտէալապաշտ մը` հրապարակախօսի, առաքինի եւ առաքելատիպ հայորդի մը` ազգային գործիչի,  խրոխտ ու անվեհեր կամքի տէր` ղեկավարի, հեռատես ու վճռակամ քաղաքագէտի եւ անհուն հայրենասէրի:

Այլ ասած, բազմաբովանդակ եւ բազմաբեւեռ յատկութեամբ պատմութիւն կերտած  զօր. Գարեգին Նժդեհի:

Յայտնապէս, դաշնակցական մտքի ու բազուկի հաւատաւոր ծնունդ Գարեգին Նժդեհի մասին գրել եւ արժեւորումներու ամբողջ դիպաշարեր ներկայացնելը` ընծայուած սիւնակներու մէջ,  այդքան ալ դիւրին աշխատանք մը չէ, նկատի առած անոր պատկառելի կենսագրութիւնն ու անշպար տարեգրութիւնը, արտասովոր նկարագիրն ու խառնուածքը, իր ժամանակին մէջ տիրական ներկայութիւն ըլլալը, բազմամակարդակ գործունէութեան ամբողջ տեսադաշտը, բացարձակապաշտ էութիւնն ու կամքի հզօրութիւնը, այլ ասած` անպարագծելի ԵՐԵՒՈՅԹ մը ըլլալու իրողութիւնը:

Սակայն, Նժդեհեան ուսմունքն ու արժանահաւատ գործունէութիւնը ազգային մեր պարունակին մէջ ինքնին վկայութիւն մըն է, պարտաւորեցնող ուժ մը` իր գեղուղեշ բովանդակութեամբ եւ անձնադրոշմ տիպականութեամբ,  որ կարելի չէ շրջանցել կամ տողատակի արձանագրել յիշատակութիւններու սոսկական նշումներով:

Ի դէպ, յետ Եղեռնի հայ գաղթաշխարհի տարբեր ոստաններուն մէջ, յատկապէս հայ մամուլի էջերուն վրայ կամ համեստ հրատարակութիւններով  վերակենդանացաւ Գարեգին Նժդեհի կենդանագիրը, այդուհանդերձ, անոր նկատմամբ ազգային մեր ցուցաբերած մօտեցումն ու կեցուածքը կը մնար ամօթխած եւ տարերայնօրէն անըմբռնելի:

Ճիշդ է, անոր մահէն` դեկտեմբեր 21, 1955-էն ետք է միայն, որ հայրենի կեանքին մէջ տեղի ունեցան բարոյահոգեբանական տակաւ տեղաշարժեր, ազգային արժէքներու հանդէպ զգալի մօտեցումներու կենդանութեամբ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի անոր` Գարեգին Նժդեհի  աճիւններու Հայաստան փոխադրութեան (1983թ.), եւ տարբեր առիթներու անոր յիշատակին նուիրուած յուշակոթողներու հաստատման:

Ապա, թէեւ յապաղած սակայն զգալի խանդավառութեամբ մը, հայրենի մտաւորականութեան քաջարի հոյլ մը արդէն կը սկսէր Նժդեհեան կեանքի ու գործունէութեան մասին հետաքրքրութիւններու ձեւաւորման եւ առանց վերապահութեան կը լծուէր անոր ամբողջական պատուանդանի վերականգնումին:

Ու մանաւանդ, Հայաստանի վերանկախացումէն անմիջապէս ետք, արդէն սկիզբ կ՛առնէր մեծ հայրենասէրին եւ անօրինակ հրամանատարին մասին ուսումնասիրական տարբեր տիպի աշխատութիւններու ընթացք, անոր մտաւորական վաստակին հրատարակութիւններու արշաւ, արխիւային մասնագիտական մօտեցումներու ընդգրկում, գիտաժողովի կայացում եւ պետական մակարդակի արժեւորման հայեցակարգ:

Իրօք, այս բոլորի նպատակակէտն էր ազգային հերոսագրութեան մէջ իր անգնահատելի ներդրումը բերած Նժդեհեան աւանդի վերաջրդեղումը:

Փակագիծ մը:

Եթէ երբեք հարց դրուի, թէ այսօրուան հայ իրականութեան համար Նժդեհեան ուսմունքն ու արժէքային համակարգը ինչպիսի՛ ընկալումներ ունի կամ կրնայ ունենալ, նկատի առած մերօրեայ կեանքի ազգային-պետական թէ գաղութահայ առօրեայի այլանդակ իրավիճակները, հաստատօրէ՛ն կարելի է ըսել, թէ` այս մեծ հայրենասէրին, անզուգական հրամանատարին, աննման ազգային գործիչին, բացառիկ քաղաքագէտին եւ ցեղային իր ակունքներուն հաւատարմութեամբ սնած հսկային հոգեմտաւոր եւ ծառայական ժառանգութիւնը` փարոս է ինքնավստահութեան, ինքնաղեկավարման ազատասիրութեան, հայրենիքի փրկութեան եւ հետագայ սերունդներու պաշտպանութեան:

Այլապէս, ինչպիսի՛ բացատրութիւն տալ այն բոլոր հանգամանքներուն մասին, որոնցմով յատկանշուեցաւ Գարեգին Նժդեհ իր կեանքին ու գործունէութեան ամբողջ տեւողութեան:

Փաստօրէն, պատանեկանի թէ երիտասարդականի տարիներուն անոր խանդավառ եւ նախանձախնդիր կեցուածքներուն փայլքը արդէն իսկ տեսանելի էին,  յատկապէս ուսման (իրաւաբանութիւն) հանդէպ ցուցաբերած լրջութեամբ ու ապա պայմաններու բերումով` սպայական վարժարանին մէջ գործելու հաստատ մղումով:

Հոս տեղին է արձանագրել, թէ անուրանալի է  ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիրներու հանդէպ Գ. Նժդեհի տածած մեծասքանչ յարգանքն ու յատկապէս Ռոստոմի ունեցած դերակատարութիւնը` Նժդեհի կազմաւորումին վրայ, երբ անոր ուշադրութեան առանցքը կը դառնայ ան, զինք` (Գ. Նժդեհին) ուղարկելով Պուլկարիա ՀՅԴ սպայից վարժարան:

Քիչ ետք, եւ տակաւ կը սկսէր Նժդեհի հայդուկային գործունէութիւնը տարբեր շրջաններու մէջ. ձերբակալութիւն ցարական իշխանութեան կողմէ, կամաւորական գունդերու կազմակերպում, պուլկարական բանակի հետ թուրքերու դէմ սխրալի քաջագործութիւններ, հրամանատարի բացառիկ ունակութիւններու եւ զինուորական հմտութիւններու յայտնաբերում, կուսակցական աշխատանքներու կազմակերպում եւ մինչեւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտի յաղթանակ, ուր կը վճռուէր 1918 մայիս 28-ի ճակատագիրը, շնորհիւ անոր ցուցաբերած անվեհեր եւ սրբազան կեցուածքին` Արամի կոչին ընդառաջելով եւ Հայաստանի յաղթանակը ապահովելով:

Գարեգին Նժդեհի գործունէութեան երկրորդ շրջանը կը կայանար 1919-էն ետք` երբ ՀՅ Դաշնակցութեան գերագոյն մարմինի միջնորդութեամբ եւ իր խնդրանքով ան դէպի Սիւնիք կը գործուղուէր այս անգամ Հայաստանի հարաւային շրջաններուն մէջ կազմակերպելով հայդուկային կռիւներ թուրք-բոլշեւիկ հորդաներու դէմ, ուր եւ Զանգեզուրի մէջ կ՛երկնէր յաղթանակներու իր փառապսակը, ծունկի բերելով ամէնէն բարբարոս թշնամիներ անգամ:

Լեռնահայաստանի` Զանգեզուրի ազատագրումէն եւ անկախ պետութիւն հռչակելէ ետք, Գարեգին Նժդեհ օրուան քաղաքական իրադարձութիւններու իբրեւ հետեւանք, եւ վստահ ըլլալէ ետք, որ Սիւնիքը կը մնայ Հայաստանի անբաժան մէկ մասը, ան  9 յուլիս, 1921-ին կ՛անցնի Թաւրիզ, սկսելու համար  դառնութեամբ լեցուն նոր ժամանակաշրջան մը:

Փաստօրէն, քանի մը ամիս ետք ան կը հեռացուի Դաշնակցութենէն, Լեռնահայաստանի անկումին մասին ընթացք առած հարցաքննութեան իբրեւ հետեւանք, ապա ան կը վերընդունուի ՀՅԴ շարքերը (ՀՅԴ 10-րդ Ընդհանուր ժողովին, 1925-ին), եւ այլեւս կանգ չ՛առներ անոր սփիւռքեան գործունէութիւնը բազմաթիւ երկիրներու մէջ, հասնելով մինչեւ Միացեալ Նահանգներ (1933-1934), ուր եւ ամէնուրեք կը քարոզէր ցեղային առաքինութիւններու եւ ազգասիրութեան իր համոզումներն ու կեցուածքները, միշտ հայրենիքի փրկութեան եւ ծառայութեան օրինակելիութիւնը ցոյց տալով:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն անոր գործունէութեան դաշտը կ՛ընդգրկէր նաեւ գերմանական իշխանութիւններու հետ գործակցութիւն` յանուն հայ զինուորներու փրկութեան, նաեւ` թուրքերու դէմ հաւանական պատերազմին մէջ ներդրում ունենալու հեռանկարով:

Այս տարիներուն Գարեգին Նժդեհի Ցեղակրօն ուխտի եւ Տարօնականութեան համոզումները արդէն լուրջ բախումներու դուռ կը բանային դաշնակցական ղեկավար մարմիններու հետ, ուր եւ, կը սկսէր փոխադարձ անհանդուրժողութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք ան կրկին անգամ կը հեռացուէր եւ կ՛արտաքսուէր Դաշնակցութեան շարքերէն:

Անոր դաւադրաբար ձերբակալութեամբ` խորհրդային իշխանութիւններու կողմէ 10 հոկտեմբեր 1944-ին, արդէն կը սկսէր անոր բանտային չարչարանքներու եւ դառնութիւններու շրջանը, մինչեւ անոր մահը 1955թ.:

Արդ, համառօտակի կենսագրութեան այս նշումը կը միտի առանձնացնել Գարեգին Նժդեհի հզօր կարողականութիւններն ու մանաւանդ` անոր տարօրինակ կերպարային բարեմասնութիւնները`  շեշտելու համար, որ ան իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան չմեղանչեց երեք աստուածութիւններու` հայրենիքին, ժողովուրդին եւ Դաշնակցութեան, այլ հակառակ կրած բոլոր դառնութիւններուն, մնաց անոնց ջերմ պաշտպանն ու երկրպագուն:

Իր կարգին, ՀՅ Դաշնակցութեան պատմագրութիւնը երբեք չզլացաւ արտասովոր խառնուածքի տէր եւ մեծ հայրենասէրին դիւցազնական սխրանքները արձանագրելու եւ իրերայաջորդ սերունդներուն սեփականութիւնը դարձնելու, որովհետեւ այս հսկային մէջ տեսած էր այն վաւերական հայդուկն ու բացառիկ հրամանատարի արժանիքները, որոնցմով պիտի դաստիարակուէին դաշնակցական սերունդներ:

Հետեւաբար, այս առումով, զուր տեղ կը փորձուի ամէն առիթի Նժդեհեան կենդանագիրին սեփականութիւնը ապահովել, որովհետեւ ան ծնունդ էր ՀՅ Դաշնակցութեան ազգային ու գաղափարական աշխարհահայեացքին, փաստը` անոր մտաւորական ժառանգին մէջ արձանագրուած գեղակերտ արտայայտութիւններն ու փառաբանանքը` հիմնադիր երրորդութեան եւ դաշնակցական հերոսագրութեան:

Անցնինք:

Եթէ երբեք տուեալ ժամանակի տեսադաշտէն պահ մը ձերբազատենք մեր մտքերը եւ հետագայ տասնամեակներու հարթակին վրայ կանգնելով գնահատենք եւ կամ վերարժեւորենք Գարեգին Նժդեհ երեւոյթը, անվարան պիտի ամրագրենք այն վճիտ իրողութիւնը, թէ Նժդեհեան ուսմունքը կարելի չէ սահմանափակել կուսակցական պարունակի մէջ, որովհետեւ անոր իմաստասիրական, բարոյահոգեբանական, քաղաքական, մտաւորական թէ մշակութային աշխարհահայեացքներուն հորիզոնը կ՛ընդգրկէ ամբողջ մարդկութիւնը եւ ազգը մասնաւորապէս:

Եւ այս իրողութիւնը իր բնական հնչեղութեամբ արժեհամակարգ մըն է ըստ էութեան, որուն հանդէպ օրին հաւաքաբար չենք կրցած դիրքորոշուիլ եւ կամ արժանաւորապէս մեր գնահատանքը արձանագրել:

Փաստօրէն, աշխարհաքաղաքական ատենի թոհուբոհին մէջ, երբ կը փորձենք Նժդեհեան քաղաքական ու գաղափարական կեցուածքներուն եւ մօտեցումներուն իսկութիւնը հասկնալ, մեր մտքի պաստառին վրայ կ՛ուրուագծուի մէկ կողմէ անոր աստուածահաճոյ հայրենապաշտութեան գերազանց կիրքն ու համոզումը, եւ միւս կողմէ` թրքութեան հանդէպ ցուցաբերած աննկարագրելի վրէժխնդրութիւնը:

Արդ, ասպետական ոգիով յագեցած եւ ազգասիրութեամբ տոչորուն անոր ներաշխարհը կրնար իր հանգիստը ունենալ միայն ի տես հայրենիքի վերատիրացման եւ թշնամի թուրքի պարտութեան:

Աւելի՛ն. Նժդեհեան ինքնամոռաց եւ գերսկզբունքային հզօր էութիւնը իր արձագանգը կ՛ունենար բացարձակապէս ինքնատիպ գործունէութեան ընդմէջէն եւ մտածելակերպի իւրայատկութեամբ:

Դիւրին չէր այս պարագային անոր էութենական շաղախը ըմբռնելի դարձնել շատերու, եւ որուն իբրեւ հետեւանք տարակարծութիւններու եւ վէճերու անդոհանքը ամէն քայլափոխի: Ան չէր կրնար հանդուրժել վատութիւնն ու դաւաճանութիւնը, փոքրոգութիւնը, մեծամտութիւնն ու վեհերոտութիւնը: Դատապարտեց ամէն թոյլ ու մեղկ գործընթաց, խարազանեց շահամոլ հոգիներու տէր անհատները, շեշտակի յանդիմանութեամբ պախարակեց անտարբեր ու կեղծ հայրենասէրները, փշրեց ամէն տեսակի կապանք, որ ազգը կ՛առաջնորդէր դէպի ստրկութիւն եւ վեհանձնութեամբ ջատագովեց ամէն զոհաբերութիւն ու քաջութիւն:

Ճիշդ է, որ իրեն ժամանակակից այլ մեծութիւններու ներկայութեան ան կրցաւ նուաճել իր ժողովուրդին սիրտն ու հոգին, առանց վարանումի առաջնորդեց գիւղացին անգամ, ղեկավարեց եւ յաղթանակի փառապսակը շնորհեց իր շրջապատին, ազատագրեց հայրենիքն ու պարտադրեց իր կամքը հզօր թշնամիներուն վրայ, եւ իր սնուցած ազատամարտիկի եւ նոր հայու կերպարով վերաջրդեղեց Մամիկոնեան ուխտի ամբողջ գաղափարական ժառանգութիւնը, այլապէս հաւատարիմ մնալով Քրիստափորեան եւ Նիկոլ Դումանեան աւանդին:

Մեծահոգի, պայծառամիտ եւ տեսլապաշտ հրամանատար Գարեգին Նժդեհ չեղաւ այլոց պէս ճակատագրապաշտ, այլեւ ինք տնօրինեց իր ճակատագրին ընթացքն ու ուղղութիւնը, լաւապէս ճանչնալէ ետք իր ազգին անցեալն ու ներկան, եւ, պարտադրուած պատերազմներուն եւ օրհասներու ընթացքին ստեղծեց իր սխրանքներուն պատուանդանը, արշաւեց դէպի մահը եւ զգետնեց վախկոտութեան ամէն զգացողութիւն` յանուն հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան:

Աննման ղեկավարի իր յատկութեամբ ան յաղթահարեց վեհերոտ ամէն մօտեցում, հերոսապաշտութեամբ համակեց երիտասարդութիւնն ու ժողովուրդը, երդուեց Արարատի վեհութեան դիմաց, եւ իր վաշտերը ոգեզինեց հայրենի լեռներու երկնամերձ ուժականութեամբ:

Ան ստեղծեց իր իւրօրինակ հայրենապաշտութեան դպրոցը, եւ իր զոհաբերութեամբ ջրդեղեց իր ոգեկան աշխարհին նուիրականութիւնը:

Անոր երազը` թաղուելու Խուստուպի լեռներու բարձունքին` իրականացաւ, իսկ անոր յուշակոթողին  այցելուներու շարքին են վերանկախ հայրենիքի բանակի զօրամիաւորներ, բարձրաստիճան սպաներ, ժողովուրդ եւ սփիւռքահայեր, ինչ որ ցուցանիշ է այս մեծ նուիրեալի նկատմամբ ժողովրդային բացարձակ սիրոյ ու յարգանքին:

Այսօր, ի տես հայրենիքի մէջ առկայ քաղաքական թէ այլ բնագաւառներու վերիվայրումներուն, տհաս կեցուածքներուն եւ շատ անգամ ապազգային մօտեցումներուն, գաղափարական թէ մշակութային այլասերիչ նկրտումներուն, խարխափումներուն եւ տխեղծ վերաբերումներուն, կրկին անգամ Նժդեհեան ուսմունքն ու աւանդը կու գայ մեզի` ազգովին յիշեցնելու եւ կողմնորոշուելու, յանուն հայրենիքի յաւերժութեան:

Ճիշդ է, որ այս բացառիկ հայրենասէրին ծննդեան 125-ամեակին առիթով հայրենի պետական աւագանին յառաջացուցած է պետական մակարդակի յանձնաժողով, այդուհանդերձ, առաջադրանքային նման աշխատանքներու կայացման առընթեր, անոնք կը մնան սոսկ ատենի ձեւակերպումներ, եթէ երբեք տեղի չունենան համազգային արժեչափով գնահատման եւ արժեւորման հայեցակարգ:

Ի դէպ, սփիւռքեան հայ իրականութեան մէջ, ցաւ ի սիրտ, Նժդեհեան կամքի ու աւանդի մասին դեռ յապաղած ենք առաւելագոյնս ճանչնալու անոր վեհափառ ու անսակարկելի արժանիքը` հայրենիքի կերտման անոր ունեցած ներդրումին մէջ, որով պատեհութիւն պիտի ըլլար նաեւ այս առիթով` ազգի մակարդակին պատշաճող հանդիսութիւններու եւ գիտաժողովներու կայացումով:

Միւս կողմէ, հայրենի Սփիւռքի նախարարութեան թէ համապատասխան մարմիններու կողմէ, ձեռնարկուելիք այս առիթով որեւէ միջոցառում եւ յոբելենական նշում, կարելի է եւ պէտք է, որ ըլլայ համազգային տարողութեամբ, մանաւանդ որ այս տարուան վերանկախութեան 20-ամեակի նշումներուն կը զուգադիպի, եւ, այլապէս զայն կ՛իմաստաւորէ:

Ազգային հերոսագրութիւնը փաստարկած է այս մեծանուն զօրավարին անջնջելի դերն ու դերակատարութիւնը` 20-րդ դարու առաջին քսանամեակին ընթացքին անոր ունեցած վաւերականութեան եւ հրաշագործ աւանդին:

Ստուգապէս,

Եթէ երբեք հայ պետական մտածողութիւնը իր քաջարի բանակով թէ ազգային առաջադրանքներու պատկանելիութեամբ` պիտի ուզէ 21-րդ դարուն իր իւրայատկութեամբ զանազանուիլ, տոկալ եւ դիմակայել ամէն մարտահրաւէր, կեցուածք ճշդել թուրք բարբարոսութեան թէ այլ նկրտումներու դէմ, պաշտպանել ազգային շահերն ու պետականութեան հիմքը, ժողովրդականացնել ազգային ազատագրական պայքարի հնչեղութիւնը, պահել ու պահպանել ազգային ամէն նուիրական  հարստութիւն, ապա` աւելի քան երբեք պարտաւոր է սնուցանել Նժդեհեան կամքի ու գործի յաւերժահունչ պատգամը:

Չի բաւեր ամէն քայլափոխի սնոտիապաշտութեամբ բնորոշ մտքի զբօսանքներ կատարել, երբ ամբողջ հայրենիքն ու սփիւռքը կը դիմագրաւէ իր ամէնէն դժուարին պահերը:

Փաստօրէն, պետական աշխատանքի ցարդ ոգեւորիչ երեւոյթներ պահ մը կը սփոփեն մեզ` ազգովին, սակայն ջատագովութեան եւ պատմութիւն կերտելու արժեչափերը ձեռնհաս են միա՛յն ազգակերտ անհատականութիւններու:

Զօր. Գարեգին Նժդեհ իր կեանքով ու գործունէութեամբ ակօսեց եւ ջրդեղեց այդ սրբազան ճանապարհը:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES