ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄ` ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ԲԱՌԸ. ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ` ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑՄԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ԵՒ ՎԱՂՈՐԴԱՅՆԻՆ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հայաստանի վերանկախացման հոգեպարար տօնախմբութիւնները աւարտեցան, բաւարար չափով գրուեցաւ եւ խօսուեցաւ` տուրք տալով յուզումներու եւ երազներու: Համացանցը աշխարհի հեռու եւ մօտ վայրերը, ուր հայեր կ’ապրին, հասցուց հայոց բանակի տպաւորիչ տողանցքին պատկերները: Հպարտութեան աղբիւր, մանաւանդ` ընկճուած ժողովուրդներուն համար:

Աւանդութիւն դարձած եւ ամէնուրեք կրկնուող «Ամրապնդում» բառը յաճախ հոլովուեցաւ, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռքներ, շեշտելով պետութիւնը եւ պետականութիւնը, կապերը սփիւռքի եւ Արցախի հետ, տնտեսութեան հզօրացման կարեւորութիւնը:

Ամրապնդման մասին կը խօսուի, բայց կը մոռցուի ամրապնդումը արգելակող ուժերու, կացութիւններու, նախաձեռնութիւններու եւ երեւոյթներու մասին առարկայական մօտեցումը` երկրի կեանքի բոլոր մարզերուն եւ մակարդակներուն վրայ:

Այս օրերուն ամերիկեան ցամաքամաս բնակող բարեկամներ, այր եւ կին, մեր քաղաքէն կ’անցնէին: Կու գային Հայաստանի Հանրապետութենէն արտագաղթողներ չէին: Ինչպէս սովորութիւն է ըսել, սփիւռքածին էին:

Յայտնեցին, որ այցելութեան գացած էին իրենց դստեր, անոր ամուսնոյն, չորս եւ վեց տարեկան թոռներուն: Տեսութեան գացած էին երիտասարդ ընտանիքի մը, որ հակաօրինական էր արտագաղթի: Սփիւռքածիններու ընտանիք մը, երրորդ եւ չորրորդ սերունդ, երիտասարդներ: Զգացական հայրենասիրութեամբ տոգորուած թոշակառուներ չէին, հայրենիքը չէին համարած հանգստեան տուն: Հայածնունդներու ընտրանքը` իրենց կեանքը դնելու համար բնական հունի մէջ:

Վերանկախացման տօներու յաջորդող օրերուն երեւոյթը զիս մղեց մտածումներու: Նոյն ազգի զաւակները ինչպէս իրենք զիրենք կրնան գտնել այսքա՜ն հակոտնեայ դրութեան մէջ:

Այս դարձը աւելի կը կշռէր ամէն կարգի ամրապնդման ճառերէ, բարեսիրութիւն ընողներու լամբակին կախուած շքանշաններէ: Չեմ խօսիր հայրենիքը զբօսաշրջային հասցէի վերածողներու աժան հայրենասիրութեան մասին:

Չեմ խօսիր անորակ եւ ապազգային երգի աղմկարար երգիչ հրաւիրելով դրսեւորուող նպարավաճառային բացասականութիւններու մասին, մշակոյթ քաջալերելու եւ տարածելու ծխածածկոյթ, հայկական արտասահմանի բոլոր երկինքներուն տակ:

Այս դարձը իսկական ամրապնդում էր` հայրենալքման յառաջացուցած մարդկային, բարոյական, համրանքի եւ արտադրող-ստեղծագործող ուժի նուազման աղէտին բաղդատած:

Եթէ կը հասկնամ այս դարձը, որ կը յուզէ, անընդունելի կը գտնեմ հայրենալքումը, ի՛նչ ալ ըլլան պատճառ-պատրուակները, զորս կարծեցեալ իմաստութեամբ յիշել սովորութիւն դարձուցած ենք, եւ կրկին ուղեղիս մէջ կ’արձագանգէ Շաւարշ Միսաքեանի մարգարէաշունչ խօսքը. «Հայրենիքը պանդոկ չէ»: Հայրենիք փոխել` պանդոկի սենեակէն դժգոհ ըլլալով ուրիշ պանդոկ երթալ չէ:

Մարդորսական ցածորակ վերաբերումներով հասկացողութեան ոգի եւ զօրակցութիւն ցուցաբերել հայրենալքման եւ հայրենալքողներու, մեղսակցութիւն է հակաամրապնդման միտումին: Գործնական քաջալերանք: Զարմանալի է, որ հայրենի իշխանութիւնները եւս, ներառեալ ընդդիմութիւնը` իր բոլոր երանգներով, հայրենալքման ահաւոր երեւոյթին նկատմամբ ազգային գաղափարախօսութենէ թելադրուած վերաբերում չունին, դիրքորոշում չունին:

Դիրքորոշում չունին նաեւ սփիւռքի կազմակերպութիւնները եւ ընդհանրապէս անհատները` տարուելով մակերեսային հայասիրութենէ, որ ներկայ պայմաններուն մէջ եւ մեր ազգի պարագային պերճանք է:

Հայաստանէն տեղի ունեցած եւ ուժգին թափով շարունակուող արտագաղթի մասին թիւեր կը տրուին, զորս կ’ընդունինք որպէս սոսկ վիճակագրութիւն: Անոնք մեզ չեն մղեր ապագայի նախատեսութիւններ ընելու, հակառակ անոր որ յաճախ կը լսենք եւ կ’ըսենք, որ քաղաքականութիւնը նախատեսելու արուեստն է:

Հարցումներ.

ա.- Ծնունդները եւ հայրենադարձները կը հաւասարակշռե՞ն հայրենիք լքողներու ձգած բացը:

բ.- Ի՞նչ է տարիքային պատկերը հայրենիքը լքողներու:

գ.- Արտագաղթի հետեւանքները յառաջիկայ քսան-երեսուն տարիներուն, գիւղերու եւ մանաւանդ ծայրամասային շրջաններու մէջ, յստակութեամբ կ’ուսումնասիրուի՞:

դ.- Ի՞նչ է պատկերը արտագաղթող պատրաստուած անձերու, մասնաւորաբար` երիտասարդ (համալսարանականներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, արուեստագէտներ…):

ե.- Ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան պատկերը տասը, քսան, երեսուն տարիէն. համրանք, տարիք, որակ:

զ.- Հայաստանի Հանրապետութեան համար էական է հայրենադարձութեան կազմակերպումը, որպէսզի հզօրանայ հողին տիրութիւն ընելու կոչուած ազգի համրանքը: Կա՞յ հայրենադարձութեան ծրագիր:

է.- Հայաստան-սփիւռք կապերը որակական-կազմակերպական նոր որակ ունեցա՞ն վերանկախացումէն ի վեր: Առարկայական մօտեցումով պէտք է պատասխանել:

ը.- Վերանկախացումէն ի վեր ազգի հատուածները իրարմէ հեռացուցած բացասականութիւնները սրբագրելու իսկական նախաձեռնութիւններ եղա՞ն, եւ ամէն կարգի օտարումներու դէմ պայքարեցա՞նք, օրինակ` խորհրդային խեղագրութեան դէմ, կամ` հայերէնի բիւրեղացման համար:

թ.- Անցնող քսան տարիներու ազգային հարստութեան կողոպուտի հաշուեկշիռը եւ այդ հարստութիւնը ազգին վերադարձնելու ուղղութեամբ քայլեր առնուեցա՞ն, կ’առնուի՞ն, որպէսզի երկիրը բարգաւաճի եւ պետութիւնը ամրանայ:

ժ.- Ինչպէս խորհրդային համակարգէ դուրս եկող երկիրներ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի բանա՞յ չարիքի կայսրութեան արխիւները, որպէսզի զանգուածները գիտնան, կասկածները վերնան, եւ կեղծիքները չշարունակուին:

Ի հարկէ աւելի դիւրին է ըսել, քան` ընել:

Բայց հայրենիքի եւ պետութեան ամրապնդման համար հարկ է հարցերուն ընդառաջ երթալ, գիտնալ, սրբագրելու եւ վերականգնելու կամք ունենալ:

Եթէ ճշմարտութիւնները մնան թաքցուած, եթէ շարունակուի աղէտ-արտագաղթը, եթէ կողոպուտ եւ աւազակութիւններ չսրբագրուին, եթէ չհետապնդուին նոյնիսկ արտասահման ապաստանած աւազակներ (որոնցմէ ոմանք գտնուած են իշխանութեան բարձրագոյն օղակներուն մէջ), խօսիլ ամրապնդման մասին` կը վերածուի անվաղորդայն հոգեշահ զրոյցի:

Ո՛չ լաւատեսութիւն, ո՛չ յոռետեսութիւն: Ազգը կը սպասէ իրատեսութիւն եւ իսկական վերականգնումի յանդգնութիւն:

Այս` ոչ միայն վերնախաւէն, նոր նոմանքլաթուրայէն կամ սփիւռքեան էսթեպլիշմընթէն, այլ` աշխարհասփիւռ զանգուածներէն, որոնք չըլլան սոսկ փերեզակ կամ սոսկ բարեսէր զբօսաշրջիկ:

Աշխարհասփիւռ այդ զանգուածները, անկեղծիք եւ անխարդախ ոգիով, կրնան պարտադրել, որ իրականանայ ամրապնդումը:

Զանգուածի յանդգնութեամբ եւ ընդվզումով:

 

20 հոկտեմբեր 2011,
Նուազի-լը-Կրան

Share this Article
CATEGORIES