ԵՐԵՔ ԱՆՈՒՆՆԵՐ… ԵՐԵՔ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
ՇԱՂԻԿ ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆ
Փայլուն 25-ամեակ մը բոլորած ու խոստմնալից նոր 25-ամեակներ նուաճելու պատրաստ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը այսօր կ՛ոգեկոչէ յիշատակը երեք տնօրէններու, երեք անխոնջ աշխատողներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իրեն իւրայատուկ ոճով, իր անժխտելի, բարերար եւ որոշիչ դերը ունեցաւ այս քոլեճի կազմաւորման ու գոյատեւման յաջող գործընթացներուն մէջ:
Երեք անուններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին բերած նպաստը եւ ունեցած ներդրումը երաշխաւորեցին այս վարժարանին փայլուն ընթացքն ու յարատեւ վերելքը:
Սարգիս Չոլոյեան, տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, Մանուշակ Պոյաճեան… Իրերայաջորդ երեք տնօրէններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին անունին կ՛առնչուին մեր քոլեճին բոլոր յաջողութիւնները, կրթական, ակադեմական թէ այլ մարզերու մէջ նուաճուած բոլոր իրագործումները:
Այսպէս, Ազգային Ե. Մանուկեան վարժարանը իր առաջին քայլերը առաւ Սարգիս Չոլոյեանի օրերուն, ամուր հիմերու վրայ հաստատուեցաւ տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի տնօրէնութեան շրջանին եւ յառաջդիմեց ու կրթական ճառագայթող եւ օրինակելի հաստատութիւն դարձաւ շնորհիւ Մանուշակ Պոյաճեանի հետեւողական աշխատանքին:
Երեք տնօրէններ, որոնք հաւատարիմ այս դպրոցի նշանաբանին, հաւատացին անոր առաքելութեան, անկոտրում կամք ի գործ դրին շրջանցելու բոլոր տեսակի դժուարութիւնները եւ նուիրուեցան այս քոլեճին յարատեւ վերելքը ապահովող որակաւոր եւ տքնաջան աշխատանքին:
* * *
Դասընկերներս ու ես Սարգիս Չոլոյեանը ճանչցած ենք իբրեւ մեր տնօրէնը, Ազգային Մարտիկեան վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի յարկերուն տակ: Եւ այդ տարիներէն մինչեւ Ազգային Ե. Մանուկեան վարժարանի առաջին հանգրուանը վայելած ենք անոր հօր նման հոգածու խրատները, խոհուն դաստիարակի ներկայութիւնը եւ ժպտուն բարեկամի վերաբերումը:
Սարգիս Չոլոյեանը համեստութեան եւ ծառայասիրութեան տիպար էր մեզի համար: Բարի, ազնիւ, կատակասէր, ուղղամիտ եւ անձնուէր գործող տնօրէնն էր ան վարժարանէն ներս: Աշակերտներու հետ իր յարաբերութիւնը առողջ եւ շինիչ էր: Յաջող ուսումնառութեան եւ հայեցի կրթութեան ջատագով էր ան: Ազգային ոգիով տոգորուած հայու ինքնութեան գիտակցութիւնը կը փորձէր կերտել մեր մէջ` միաժամանակ քաջալերելով բոլորս, որ ըլլայինք նաեւ յաջող եւ ուսումնատենչ աշակերտներ: Աշակերտները չէր վիրաւորեր, անոնց արժանապատուութիւնը չէր ոտնակոխեր, զանոնք կ՛ուղղէր, կը սրբագրէր: Եւ այս բոլորը` մեծ հոգիով, անսակարկ նուիրումով, արթուն հետեւողականութեամբ:
Նկարագրային այս դրական գիծերու համատեղ միացումով Ս. Չոլոյեան իր գործը ըստ արժանւոյն կատարեց եւ ապահովեց Ազգային Մարտիկեան վարժարանէն դէպի Ազգային Ե. Մանուկեան վարժարան հեզասահ անցումը:
* * *
Ճշդապահ, արդարամիտ, փոքրերն ու մեծերը հաւասարապէս յարգող, բայց ամէն բանէ վեր նկարագիր կերտող, բանականութեամբ եւ գաղափարականութեամբ գործող անհատներ կազմաւորող տնօրէն եւ ուսուցիչ էր տոքթ. Բաբգէն Փափազեան:
Ուսուցանելու, մեր հոգիները պեղելու եւ մեր մտքերը փոթորկելու յատուկ կարողութիւն ունէր ան` դասարանին մէջ: Իրեն իւրայատուկ «կիրք»ով խանդավառ, կ՛աշխատէր յայտնաբերել աշակերտներու ստեղծագործական կարողութիւնները, զարգացնել անոնց քննական միտքը եւ կազմաւորել ու վերլուծել հմտութիւնը:
Տոքթ. Փափազեան կը ձգտէր մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ տեսնել անկախ մտածող մը, անկաշկանդ բայց գիտակից արտայայտուող մը, խիզախ կեցուածք որդեգրող մը: Բայց ամէն բանէ աւելի` ազգային իրաւունքներու պահանջատէր եւ ազգային իղձերու եւ տեսլականներու ականջալուր անհատ մը: Հայ գրականութեան թէ թատրոնի ուսուցման իր պահերը Լեւոն Շանթով եւ Մուշեղ Գալշոյեանով, Իպսէնով եւ Չեխովով կը դառնային միտք եւ հոգի պեղող այնպիսի պահեր, ուր մեզմէ իւրաքանչիւրը ինքզինք կը գտնէր ու ինքզինք կը կերտէր:
Ունէր հաղորդակցելու եւ յարաբերելու իւրայատուկ ոճ, բայց մանաւանդ մանկավարժական ազնիւ սկզբունքներ, որոնց կիրարկումով, ան յաջողեցաւ դրական մղում ստեղծել աշակերտին եւ ուսուցիչին մօտ: Տոքթորին ու օրդ. Մանուշակին գործակցութեան տարիներուն, մենք անդրադարձանք, որ Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճին մէջ «մենք` ժառանգորդները նահատակներու, հայ մտքի հսկայ ջահակիրներու, կ՛աշակերտէինք լոյսին ու յոյսին…»:
* * *
Տնօրէնութեան պաշտօնի ստանձնման օրէն մինչեւ իր մահը այս դպրոցի ողնասիւնը հանդիսացած, դպրոցն ու իր էութիւնը միախառնած, աննման ու անկրկնելի անձնաւորութիւն էր Մանուշակ Պոյաճեանը, մեր բոլորին օրդ. Մանուշակը, որուն աշակերտելու եւ հետագային, իր իսկ բառերով, գործակիցը դառնալու, երկար տարիներու բախտն ու պատիւը ունեցայ նաեւ ես:
Յետադարձ ակնարկով եւ գիտակից մօտեցումով, անվարան կարելի է հաստատել, որ այդ տարիներուն, անհատական եւ հաւաքական իւրաքանչիւր իրագործում եւ յաջողութիւն, մեծաւ մասամբ կը պարտինք օրդ. Մանուշակին, անոր ստեղծած աշխատանքի մթնոլորտին, հետեւողականութեան, անդուլ գործելու մղումին եւ բծախնդիր մօտեցումին:
Օրդ. Մանուշակը, գիտութեան եւ ուսման որակաւոր փոխանցումին առընթեր, աշխատեցաւ մեզմէ իւրաքանչիւրին անհատականութեան առողջ կերտումին վրայ: Սորվեցուց չընկրկիլ ու լաւագոյնին ձգտիլ: Քաջալերեց, որ ինքնուրոյն մտածենք եւ արդար դատենք: Մղեց, որ ըլլանք լաւատես ու քաջ: Իր մտքի պայծառութեամբ, իր անզիջողութեամբ եւ անխախտ կարգապահութեամբ ստեղծեց այս քոլեճին յատուկ մթնոլորտ:
Իբրեւ ուսուցիչ, ոգի ներշնչեց, կամք կռանեց, գիտութիւն փոխանցեց: Եղաւ եզակի տիպար ինքնաբաշխումի. մնայուն ներկայութիւն վարժարանին մէջ: Սորվեցուց յարգել ու պատուել մարդկայինն ու ազգայինը, հայկական մշակոյթը, հայ եկեղեցին, հայոց պատմութիւնը: Փոխանցեց հաւատք` հայութեան անժամանցելի իրաւունքներուն եւ Հայ դատին նկատմամբ: Եւ իր անձին ու գործին կենդանի օրինակով ցոյց տուաւ, որ գիտութիւնը, մասնագիտութիւնը փայլուն միտքն ու կարողականութիւնները պէտք է ի սպաս դնել սեփական ժողովուրդին ու անսակարկ մասնակցութիւն բերել մեր ազգային-հասարակական կեանքին:
Իբրեւ տնօրէն, Մանուշակ Պոյաճեան ունեցաւ ամբողջանուէր ծառայութիւն եւ բովանդակալից գործունէութիւն: Զինուած գիտութեամբ եւ օժտուած վարչական բացառիկ կարողութիւններով, տարաւ անթերի աշխատանք, որ նաեւ վարակիչ դարձաւ իր շրջապատին: Հաւասարակշիռ ու վաւերական հեղինակութեամբ կազմակերպեց դպրոցական բոլոր աշխատանքները: Աշխատեցաւ մանկավարժական նորագոյն մեթոտներու որդեգրումին եւ յաջող կիրարկումին, դասանիւթերու մասնագիտական ծրագրաւորումին ու համադրումին, քոլեճի կրթական համակարգը բարելաւելու եւ արդիականացնելու ծրագիրներուն վրայ: Եւ այսպէս, քոլեճը յաջողեցաւ, յաւելեալ կազմակերպուածութեամբ առաջնորդուեցաւ եւ փայլուն իրագործումներով պսակուեցաւ:
Օրդ. Մանուշակին վաստակը, տրամադրած ժամանակը, կազմակերպած աշխատանքը, ստեղծած մթնոլորտը, որդեգրած գործելաոճը, ի՛ր օրինակը, տարիներ շարունակ, եղան յաջողութեան երաշխիքներ եւ մղիչ ուժ` նախաձեռնելու եւ իրականացնելու մեծ ծրագիրներ, բազմաբնոյթ ձեռնարկներ, օրինակելի գործունէութիւն:
Իր մահէն ետք, շարունակուեցաւ կեանքը Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճին մէջ, օրդ. Մանուշակին այնքա՛ն սիրած քոլեճին կեանքը, կեանք մը, որուն իւրաքանչիւր վայրկեանին որակաւոր իմաստ կու տար ինք. կեանք մը, որուն նուիրեց ինք ամէն բան: Շարունակուեցաւ առանց իրեն, բայց իրմով, իր թողած անջնջելի դրոշմով, իր փոխանցած անշեղ սկզբունքներով, որոնց անաղարտ պահպանման նախանձախնդիր եղան այս քոլեճին աշակերտները, ուսուցիչները, պաշտօնեաները, շրջանաւարտները, քոլեճի խնամակալ թէ տիկնանց մարմինները, բոլո՛րը:
* * *
Ազգային Մարտիկեան վարժարանի նստարաններէն մինչեւ Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի շրջանաւարտ դառնալս, եւ ապա երկար ժամանակ այս վարժարանին մէջ ուսուցչական շրջանիս, տարիներ անընդմէջ, կանոնաւոր ձեւով, ամէն օր լսած եմ այս վարժարանին զանգը:
Զանգ մը, որ յուշարարն է այն բոլոր իրագործումներուն եւ յաջողութիւններուն, որոնք եղան այս վարժարանինը, բայց նաեւ` մերը: Զանգ մը, որ առօրեայ դրութեամբ, նորոգած է իւրաքանչիւրիս հաւատքը` հանդէպ ազգային վարժարանի առաքելութեան եւ անոր անփոխարինելի դերին:
Վերջին շրջանին, երբ այլեւս առօրեայ ներկայութիւն չեմ այս վարժարանին մէջ, տակաւին յաճախ, հոգիիս ու մտքիս մէջ կը լսեմ Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի զանգը ու կ՛անդրադառնամ, որ այդ զանգին կշռոյթով մենք սորված ենք ազնիւ, հետեւողական ու արդար աշխատանք: Տակաւին կը լսեմ զանգը, որ մեզի կը յիշեցնէ Սարգիս Չոլոյեանը, Բաբգէն Փափազեանը, Մանուշակ Պոյաճեանը եւ այս քոլեճի բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները` այս թէ այլ աշխարհներու մէջ հանգչող, անոնց մեզի փոխանցած ազգային արժէքներն ու բարոյական սկզբունքները:
Զանգ մը, որ այսօր, մեզ բոլորս կը հրաւիրէ գործի, իրակա՛ն գործի, անշահախնդիր մօտեցումի, անանձնական նուիրումի, վերադարձնելու այս վարժարանին այն բոլորը, որ ան տուաւ մեզի եւ մեր ազգային-հաւաքական կեանքին:
Զանգ մը, որ մինչեւ օրս եղաւ տիրական ներկայութիւն, իր որակաւոր գործունէութեամբ եւ ազգային վարժարանի պատասխանատու եւ անժխտելի դերակատարութեամբ:
Ուրեմն, բոլորս աշխատինք այնպէս` որ մի՛շտ բարձր եւ յստակ հնչէ Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի զանգը:
———————————————-
* Արտասանուած Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի հիմնադիր տնօրէններու նուիրուած հանդիսութեան:
