ԸՍՏ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՔՐՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ

Իտրիս Նայիմ Շահին

Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահին յայտնած է, որ քրտական հարց գոյութիւն չունի:

«Կ՛ըսեն հարց, հարց: Ո՞րն է այդ հարցը: Ես կը փնտռեմ, սակայն չեմ կրնար գտնել», ըսած է թուրք նախարարը:

Նախապէս նոյնպիսի յայտարարութիւն կատարած էր նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Ան յայտնած էր, որ «ազգութեամբ քիւրտ իմ քաղաքացիներս այլեւս ազգային փոքրամասնութեան կարգավիճակին մէջ չեն: Իշխանութեան գալէ ի վեր երեք բանի մէջ յաջողած ենք` վերցուցած ենք ժխտման քաղաքականութիւնը, կը վերցնենք նաեւ ուծացման քաղաքականութիւնը: Եւ եթէ ուշադրութիւն դարձուցած էք, ընտրութիւններէն առաջ յայտարարած էինք, որ այս երկրին մէջ քրտական հարց այլեւս գոյութիւն չունի, գոյութիւն ունի ՔԱԿ-ի խնդիրը: Ազգութեամբ քիւրտ իմ քաղաքացիներս ալ խնդիրներ ունին, որոնց լուծման համար մենք պիտի շարունակենք ջանքեր գործադրել», ըսած էր Էրտողան:

 

Share this Article
CATEGORIES