ՎԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ՄԸ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԱՒԵՐ, ԶՈՀԵՐ ԵՒ ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ
Չորեքշաբթի գիշեր Վան նահանգին մէջ տեղի ունեցած է 5.6 ռիխթըր ուժգնութեամբ նոր երկրաշարժ մը, որուն պատճառով 27 շինութիւն աւերուեցաւ եւ 8 զոհ արձանագրուեցաւ: Արձանագրուած է նաեւ բազմաթիւ վիրաւորներ:
Երկրաշարժէն ետք տեղի ունեցած են բազմաթիւ յետցնցումներ: Փրկարարները յաջողած են փլատակներու տակէն դուրս բերել ողջ մնացած 23 մարդիկ:
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ աղէտի գօտիին մէջ վերապրողներու փնտռտուքի աշխատանքը կը շարունակուի: Կը նշուի, որ փլատակներու տակ մնացած է աւելի քան հարիւր մարդ:
Փուլ եկած շինութիւններէն երկուքը պանդոկներ են, որոնց մէջ սենեակներ վարձած են նաեւ օտար լրագրողներ: Երկրաշարժէն վնասուած քաղաքացի մը յայտնեց, որ «անցեալ շաբաթ իշխանութիւնները ըսին, թէ կրնանք մեր տուները վերադառնալ: Սակայն տեսէք, թէ հիմա այստեղ ի՛նչ կը կատարուի: Ոչ ոքի պէտք է հաւատալ»:
Թրքական լրատուամիջոցներ նաեւ հաղորդեցին, որ երկրաշարժէն փուլ եկած «Պայրամ» պանդոկին մօտ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բուռն բախում մը տեղի ունեցած է, երբ ցուցարարներ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պաշիր Աթալայի եւ Վանի կառավարիչ Մունիր Քարալըօղլուի այցելութեան դէմ բողոքի ցոյց մը կատարելով քարկոծած են զանոնք` պահանջելով Վանի կառավարիչի հրաժարականը:
Նշենք, որ Վանի մէջ 23 հոկտեմբերին տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով 604 զոհ եւ աւելի քան չորս հազար վիրաւոր արձանագրուած է: Փլատակներու տակէն դուրս բերուած է ողջ մնացած 188 մարդ: Քանդուած է աւելի քան երկու հազար շինութիւն:


