ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐԵԿԱՆԸ ՇՐՋԱՆՑԱԾ ԱՆՁԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 48 ՀԱԶԱՐ Է
Չինական «Քսինհուա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ըստ Չինացի տարեցներու միութեան կատարած մարդահամարին, Չինաստանի մէջ հարիւր տարեկանը շրջանցած անհատներուն թիւը 48921 է, ինչ որ 5228 հոգիով աւելի է, քան անցեալ տարուան թիւը:
Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ Չինաստանի մէջ ամէնէն տարեց զոյգերուն տարիքներու գումարը 213 տարի է եւ անոնք Կուիչու նահանգին մէջ կ՛ապրին` աւելցնելով, որ չինացիներուն միջին տարիքը 73.5 է:
CATEGORIES Միջազգային

