ԼՈՒՔԱՍ ՓԱՓԱՏԵՄՈՍ` ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏ
Յունաստանի Կեդրոնական դրամատան նախկին նախագահ եւ եւրոպական Կեդրոնական դրամատան նախկին փոխնախագահ Լուքաս Փափատեմոս նախագահ Քարլոս Փափուլիասի կողմէ համախոհական անցումային կառավարութիւն մը կազմելու լիազօրութիւնը ստացաւ:
Նախապէս Փափուլիասի հրաւէրով կուսակցութիւններու ղեկավարներ Եորկոս Փափանտրէուի, Անթոնիս Սամարասի եւ Եորկոս Քարածաֆերիսի միջեւ երկարատեւ ու ապարդիւն հանդիպումներ տեղի ունեցած էին:
Նախագահական պալատի տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ համաձայնական նոր կառավարութիւնը պիտի գործադրէ եւրոպական վեհաժողովի 26 հոկտեմբերի տնտեսական քաղաքականութեան առնչուած որոշումները:
Յունաստանի նոր կառավարութեան երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր ժամը 13:00-ին:
CATEGORIES Միջազգային


