«ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ «ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆ»ԷՆ ՀԱՐԻՒՐ ԱՌ ՀԱՐԻՒՐ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԱԾ ՉԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՔԱԹԱՐԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ
Քաթարի վարչապետ շէյխ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանի եգիպտական «Ախպար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին արաբական յեղափոխութիւնները վերագրեց արաբական աշխարհին մէջ տարածուած այն գաղափարին, որ կը մերժէ քաղաքական ճնշուածութիւնը` նշելով, որ այդ «պայթումները» կարելի է լուծել, եթէ արաբական իշխանութիւններն ու ղեկավարութիւնները սկսին անոր հետ ամենայն լրջութեամբ վարուիլ եւ բարեփոխումներ կատարելու աճապարել:
«Դրօշը երիտասարդ սերունդին յանձնելու կարիքը կայ, սակայն դժբախտաբար արաբական աշխարհին մէջ այդպիսի մշակոյթի մը բացակայութիւնը կայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «անիծեալ է այն իշխանութեան հայրը, որ իշխողին կ՛արտօնէ իշխանութեան վրայ մնալու համար իր ժողովուրդը սպաննել, ճնշել եւ երկիրը քանդել»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ծոցի երկիրները «Արաբական գարուն»ի յեղափոխութիւններէն պաշտպանուա՞ծ են, շէյխ Համատ ըսաւ. «Իմ վկայութիւնս առարկայական չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ ես Ծոցի երկիրներու համակարգին մէկ մասն եմ, սակայն չեմ կրնար ըսել, թէ Ծոցի համագործակցութեան երկիրները հարիւր առ հարիւր պաշտպանուած են: Իրականութեան մէջ խորհուրդը միշտ ճկուն է եւ շրջանին մէջ իշխողին եւ իշխուածներուն յարաբերութիւնը այլ շրջաններէ տարբեր է, ինչպէս նաեւ սովորութեանց եւ աւանդութեանց նկատմամբ նախանձախնդրութիւն գոյութիւն ունի, իսկ իշխանութեան բուրգի գագաթին եւ յատակին միջեւ կապը աւելի մեծ է»:
Խօսելով Քաթարի մասին` ան յայտնեց, որ իր երկիրը քաղաքական բանտարկեալներ չունի, իսկ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնները բանտերը կ՛այցելեն, կրթութեան եւ առողջութեան մարզին եւ ընկերութեան բարգաւաճման կերպին մէջ մեծ յառաջդիմութիւն գոյութիւն ունի»: Ինչ կը վերաբերի քաթարցի պաշտօնեաներու ամսականներու յաւելման հարցին, ան ըսաւ, որ ատիկա «հարստութեան բաժնեկցութեան ձեւ մըն է», եւ ըսուածին պէս` ցոյցեր եւ ընկերային խլրտումներ կանխարգիլելու քայլ մը չէր:


