«ԻՐԱՆ ՈՐԵՒԷ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԻՐ ԱՄԲՈՂՋ ՈՒԺՈՎ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ» Կ՛ԸՍԷ ԽԱՄԵՆԷԻ

Այաթոլլա Ալի Խամենէի

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի իրանեան բանակի սպաներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ Իրան Միացեալ Նահանգներու կամ Իսրայէլի կողմէ որեւէ յարձակումի կամ զինուորական սպառնալիքի «պիտի հակադարձէ իր ամբողջ ուժով»:

Խամենէի յայտնեց, որ «թշնամիները, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներն ու անոնց ծառաները, ինչպէս նաեւ սիոնական վարչակարգը պէտք է գիտնան, որ իրանցի ժողովուրդը որեւէ երկրի վրայ յարձակում գործել չ՛ուզեր, սակայն որեւէ յարձակումի ենթարկուելու պարագային, ինչ թիրախի դէմ ալ ըլլայ այդ, յարձակում գործողները ներսէն պիտի քանդուին»:

Ան աւելցուց, որ «բոլոր անոնք, որոնք կը մտածեն Իրանի իսլամական հանրապետութեան վրայ յարձակում գործել, պէտք է պատրաստուին բանակին, Յեղափոխական պահակագունդին եւ Պասիժի կողմէ ուժգին ապտակներ ու բռունցքի հարուածներ ստանալու»: «Իրանցի ժողովուրդը թուլամորթ ժողովուրդ մը չէ եւ դիտողի վիճակին մէջ չի մնար որեւէ սպառնալիքի դիմաց, զոր կը կատարեն նիւթապաշտ մեծ տէրութիւններ, որոնց որդը ներսէն կը կրծէ»:

Միւս կողմէ, բրիտանական «Տը Ինտիփենտընթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին դէմ յարձակումը կրնայ տեղի ունենալ այս տարուան աւարտէն առաջ:

Share this Article
CATEGORIES