ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ՅՈՐԴԱՆԱՆ ԿԱԶ ՓՈԽԱԴՐՈՂ ԽՈՂՈՎԱԿԱՇԱՐԻՆ ՎՐԱՅ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՊԱՅԹՈՒՄ
Եգիպտական ապահովական մարմինները յայտարարեցին, որ Եգիպտոսէն Իսրայէլ եւ Յորդանան բնական կազ փոխադրող խողովակաշարը Սինայի թերակղզիին հիւսիսը գտնուող Արիշ քաղաքէն 60 քիլոմեթր հեռու չորեքշաբթի գիշեր ականահարուած է:
Նշեալ խողովակաշարը անցեալ փետրուարէն ի վեր վեց յարձակումներու ենթարկուեցաւ, ինչ որ դէպի Իսրայէլ եւ Յորդանան կազի մատակարարումը դադրեցուց: Վերջին ականահարումը տեղի ունեցած էր 26 սեպտեմբերին:
Անցեալ ամիսներուն ընթացքին նշեալ խողովակաշարը ականահարելու բազմաթիւ փորձեր ձախողութեան մատնուած էին:
CATEGORIES Միջազգային

