ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԺԵՀԻԹԱՅԻ քարայրի ընդհանուր պատասխանատու Նեպիլ Հատտատ յայտնեց, որ այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին քարայրին ի նպաստ քուէարկութիւնները կը հասնին իրենց աւարտին` աւելցնելով, որ անոնց արդիւնքները կը յստականան երեկոյեան ժամը 9:00-ին: Հատտատ կոչ ուղղեց բոլորին քուէարկելու ի նպաստ Ժեհիթայի, որպէսզի ան ընտրուի աշխարհի ժամանակակից 7 հրաշալիքներէն մէկը:
ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանան գտնուող ֆրանսական պաշտօնական պատուիրակութիւնը հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ Հըզպալլայի ղեկավարութեան մէկ պատուիրակութեան հետ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մէջ բնակող սիւննի համայնքի զաւակները վեթոյի ենթարկած են մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին այցելութիւնը, եւ այդ պատճառով ալ այդ այցելութիւնը յետաձգուած է: Միւս կողմէ, Թրիփոլիի եւ շրջակայքի մարոնի համայնքի առաջնորդ Ժորժ Ապու Ժաուտէ եպիսկոպոսը նշեց, որ Ռայի պատրիարքին Թրիփոլի այցելութեան յետաձգումին պատճառներուն մասին շրջան ընող լուրերը անճիշդ են:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով ամերիկեան ելեւմուտքի նախարարութենէն, նշեց, որ Ուաշինկթըն անհրաժեշտ կը նկատէ, որ Լիբանան պահպանէ իր ելեւմտական եւ դրամատնային գործառնութիւններուն թափանցիկութիւնը:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ «Լիուա» օրաթերթին յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին համախոհական լուծում մը գտնելու նպատակով:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ռումիէի կեդրոնական բանտին մէջ աւելի քան 100 արգելափակեալներ հացադուլի դիմած են:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ քուէյթեան «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլա միլիսական մտայնութիւն ունի` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը, նոյնիսկ եթէ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի նախարարները կառավարութենէն հրաժարին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ երկխօսութեան նպատակն է բարեկարգումներ իրագործել եւ ոչ թէ վարչակարգը տապալել:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը արձանագրեց 100 լ. ոսկիի յաւելում, մազութինը` 500 լ. ոսկիի յաւելում, իսկ կազինը` 200 լ. ոսկիի յաւելում:
ԵՒՐՈՊԱՑԻ պատասխանատու մը «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ Լիբանան պէտք է իրեն յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորէ, եթէ կը փափաքի Եւրոպայի հետ գործակցիլ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ժամանցի համազօր են, բաղդատած շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումներուն:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ պատասխանատուն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ` հանդիպելէ ետք հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի, յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքին կացութիւնը լաւ է, այնքան ատեն որ իսլամ եւ քրիստոնեայ գոյակցութիւնը առկայ է: Ժեմայէլ կոչ ուղղեց պահպանելու Լիբանանի ազգային համերաշխութիւնը` պահպանելու համար ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանը:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հանդիպում մը ունեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքի փոխնախագահ Անթուան Անտրաուոսի հետ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել ընդգծեց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել` բարելաւելու համար քաղաքապետարաններուն աշխատանքները: Շարպել շեշտեց, որ այս նպատակով անհրաժեշտ է բարգաւաճման ծրագիրներ մշակել:

