ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ – ՀԸՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Հըս յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը մեծ դերակատարութիւն ունի լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը ամրապնդելու առումով:
Հըս նշեց նաեւ, որ տեղի ունեցող շրջանային զարգացումներուն լոյսին տակ, Պքերքէ կարեւոր դերակատարութիւն ունի կատարելիք` աւելցնելով, որ այդ զարգացումներուն մասին Ռայի պատրիարքին կեցուածքները կը նպաստեն Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն պահպանումին:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Մարոնի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն, որ պատրիարքին հետ քննարկեց Լիբանանի իրավիճակը:
CATEGORIES Լիբանանեան

