ՀԱՐԻՐԻ. «ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ԵՒ ԴՐԱԿԱՆ»
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ տեղադրած յայտարարութիւններուն մէջ նկատել տուաւ, որ Հըզպալլա Թրիփոլիի մէջ գործ չունի կատարելիք:
Ան խստիւ քննադատեց ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Ուիսամ Հասանի պաշտօնը չբարձրացնելու արարքը` աւելցնելով, որ ինք կը փափաքի տեսնել ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանան մը, ուր կը յարգուին երկրին սահմանադրութիւնը, օրէնքները, ինչպէս նաեւ խօսքի ու մտքի ազատութիւնները:
Հարիրի հաստատեց, որ Լիբանան անցեալէն շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ` նկատել տալով, որ ինք օր մը օրանց իր դաշնակիցներէն չէ հեռացած կամ զանոնք չէ լքած:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ` Հարիրի ըսաւ, որ արաբական աշխարհին մէջ Թուրքիա կարեւոր եւ դրական դերակատարութիւն կ՛ունենայ` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է գործակցիլ անոր հետ:
Հարիրի ընդգծեց, որ յառաջիկայ հանգրուանին լիբանանեան ընդդիմութիւնը զօրաշարժի պիտի ենթարկուի` մերժելով յաւելեալ մանրամասնութիւններ նշել այդ մասին: Ան ըսաւ, որ ինք կատարեալ վստահութիւն ունի Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին վրայ եւ այդ պատճառով ալ ինք մնայուն կերպով պիտի զօրակցի այդ ատեանին` բացայայտելու համար ճշմարտութիւնը:
Հարիրի եզրափակեց, որ Լիբանանի մէջ այսուհետեւ պատերազմ պիտի չբռնկի:
Նշենք, որ Հարիրիի Լիբանան վերադարձի թուականը տակաւին կարելի չէ եղած որոշել` ապահովական պատճառներով: Միւս կողմէ, Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, որ վերջերս Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ հանդիպում մը տեղի չէ ունեցած: Նոյն աղբիւրները աւելցուցած են սակայն, որ նման հանդիպում մը կայացնելը կարելի է մօտիկ ապագային:

