ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՈՒԷԱՐԿԵՑ Ի ՆՊԱՍՏ ԺԵՀԻԹԱՅԻ ՔԱՐԱՅՐԻՆ

Նախագահ Սլէյման կը քուէարկէ ի նպաստ Ժեհիթայի քարայրին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման` ընկերակցութեամբ Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքիի, Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Իսամ Սլէյմանի, երեսփոխան Պութրոս Հարպի եւ նախագահական պալատի անձնակազմին, երէկ Պաապտայի պալատին մէջ կազմակերպեց արշաւ մը` քուէարկելու համար Ժեհիթայի քարայրին:

Նախագահ Սլէյման ըսաւ. «Այսօր քաղաքական մեկնաբանութիւններ կատարելու օր չէ, եւ կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր լիբանանցիներուն` մինչեւ վաղը կէսօրէ ետք ժամը 1:00 քուէարկելու ի նպաստ Ժեհիթայի քարայրին»:

Յայտնենք, որ նախագահ Սլէյման ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ բանակին նախանձախնդրութիւնը` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի յայտնեցին, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի քաղաքացիներու առեւանգման մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը անճիշդ են:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման բանակի հրամանատարին հետ քննարկեց նաեւ բանակին կարիքները:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կառոյցները պէտք է բարելաւեն իրենց գործունէութիւնը` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:

Նշենք, որ նախագահական պալատի աղբիւրները «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնեցին, որ նախագահ Սլէյման այս տարի որոշած է Լիբանանի անկախութեան տօնը նշել Ռաշայայի բերդին մէջ` իբրեւ ազգային միասնականութեան խորհրդանիշ, նկատի ունենալով, որ հոն բանտարկուած են իսլամ եւ քրիստոնեայ ղեկավարներ: Նախագահ Սլէյման օգտակար նկատած է, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ քաղաքական երկփեղկումին զուգահեռ երկրին ազգային միասնականութիւնը խորհրդանշող ամրոցի մը մէջ ըլլայ անկախութեան տօնին նշումը:

Կը նախատեսուի նաեւ, որ նախագահ Սլէյման անկախութեան առիթով իր պատգամը արտասանէ Ռաշայայի բերդէն: ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մօտիկ ապագային հերթական դրութեամբ հանդիպումներ պիտի ունենայ Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստի մասնակիցներուն հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին նոր հիմերու վրայ Ազգային երկխօսութեան նիստ մը կատարելու հեռանկարները:

Share this Article
CATEGORIES