ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԶՕՐ. ՖՈՒԱՏ ԽՈՒՐԻՆ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆԻ ՏԵՂԱԿԱԼ

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի նախագահութեամբ:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 57 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն շրջագիծին մէջ լուծուեցան վարչական բնոյթ ունեցող հարցեր:

Նիստէն բացակայեցան փոխվարչապետ Սամիր Մոքպել եւ նախարարներ Մարուան Խէյրէտտին, Նիքոլա Ֆաթթուշ, Ղազի Արիտի, Ֆատի Ապպուտ եւ Ֆայսալ Քարամէ:

Նախքան ժողովասրահ մտնելը ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել պատասխանելով Լիբանանի մէջ առեւանգուած 13 սուրիացիներուն մասին հարցումի մը ըսաւ, որ ինք անոնց առեւանգումին մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի` աւելցնելով, որ այդ յայտարարութիւնները ուղղակիօրէն մաս կը կազմեն երկրին մէջ տիրող քաղաքական լարուածութեան եւ երկփեղկումին: Շարպել նշեց, որ կարելի չէ առեւանգումի մասին խօսիլ. ան պահանջեց, որ այդ մասին տեղեկութիւններ ունեցող անհատները ներկայանան ներքին գործոց նախարարութիւն:

Ներքին գործոց նախարարը մտավախութիւն յայտնեց, որ երրորդ կողմ մը կրնայ միջամտել եւ առեւանգումներ կատարել:

Ակնարկելով Պէյրութի միջազգային օդակայանէն երկու սուրիացի քաղաքացիներուն առեւանգումին` Շարպել ըսաւ, որ անոնք չեն առեւանգուած, այլ` ձերբակալուած են եւ կը գտնուին Քըպպէի բանտին մէջ` զէնքի մաքսանենգում կատարելու յանցանքով:

Շարպել ըսաւ, որ ինք մօտիկ ապագային այս մասին մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ:

Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ սուրիական դրամատուներէն նիւթական գումարներ Լիբանան չեն փոխանցուած` աւելցնելով, որ Սուրիոյ Կեդրոնական դրամատունը արգիլած է գումարները որեւէ երկիր փոխանցելը:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի կառավարութեան ներկայացուց Մեծն Բրիտանիա կատարած պաշտօնական իր այցելութեան արդիւնքները:

Ան շնորհաւորեց լիբանանցիները Ատհայի տօնին առիթով եւ աւելցուց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը հաստատ է, սակայն այդ մէկը արգելք չի հանդիսանար, որ կարելի ըլլայ աւելի եւս ամրապնդել զայն:

Ակնարկելով Լիբանան ապաստանած սուրիացի գաղթականներու հարցին` Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանան առաջին օրէն իսկ մարդկային վերաբերում ցուցաբերած է անոնց նկատմամբ:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է արդարութեան նախարարութեան յատկացնել 500 միլիոն լ. ոսկիի գումար մը, որպէսզի արդարութեան պալատները կահաւորուին, ինչպէս նաեւ 500 միլիոն լ. ոսկիի արժողութեամբ այլ գումար մը` նոտարներ նշանակելու համար:

Կառավարութիւնը որոշեց, որ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկէն (Տաման) ծառայութիւններ ստացող քաղաքացիները պիտի շարունակեն օգտուիլ անկէ, մինչեւ որ առողջապահութեան նախարարը նոր որոշումներ տայ այդ գծով:

Տաուք նշեց, որ կառավարութիւնը որոշեց ներքին գործոց նախարարութեան յատկացնել ինը միլիառ չորս հարիւր քառասուն հինգ միլիոն լ. ոսկիի գումար մը, որպէսզի նախարարութիւնը կարենայ հետախուզական կառոյցներ հիմնել եւ Տէյր Ամմարի մէջ նոր բանտ մը կառուցել:

«Զօր. Ֆուատ Խուրի նշանակուեցաւ ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ», ըսաւ Տաուք:

Ան ըսաւ, որ Պաապտայի, Քարանթինայի եւ Սարաֆանտի հիւանդանոցներուն եւ Բարգաւաճման իսլամական դրամատան միջեւ ստորագրուեցան համաձայնագիրներ` օժանդակելու համար այդ հիւանդանոցներուն աշխատանքին եւ անոնց սարքաւորումին:

Տաուք նկատել տուաւ, որ 7 միլիոն եւրոյի արժողութեամբ համաձայնագիր մը ստորագրուած է գերմանական դրամատան մը հետ` պահպանելու համար Ժեհիթայի քարայրին ջուրը:

Նշենք, որ կառավարութիւնը այսօր Պաապտայի մէջ պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի շարունակէ քննարկել ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի ներկայացուցած ընտրական օրինագիծին մանրամասնութիւնները, պիտի քննարկէ Սահմանադրական խորհուրդի հիմնադրութեան օրէնքի բարեփոխումը, ինչպէս նաեւ նախարարական եւ երեսփոխանական պաշտօնները անջատելու վերաբերող հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES