ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Զուիցերիահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումէն պահ մը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 նոյեմբերին այցելեց Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատուն եւ հանդիսաւոր պայմաններու մէջ պետական պարգեւներ յանձնեց զուիցերիահայ համայնքի խումբ մը ներկայացուցիչներու:

Նախագահ Սահակեան Լեռնային Ղարաբաղին ցուցաբերած աջակցութեան համար բարերար Վարդան Սերմաքեշին յանձնեց «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը, իսկ հասարակական գործիչ Արտեն Շելեֆեանին` «Վաչական Բարեպաշտ» մետալը:

Նոյն օրը նախագահ Բակօ Սահակեան Ժընեւի հայկական կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ զուիցերիահայ շարք մը կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպման ընթացքին նախագահ Սահակեան ներկայացուց Արցախի  տնտեսական իրավիճակը, արտաքին քաղաքականութիւնը, ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման ներկայ հանգրուանը եւ հեռանկարները:

Բակօ Սահակեան անդրադարձաւ նաեւ ներհայկական կապերու խորացման` նշելով, որ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան շարունակական ամրապնդումը կը հանդիսանայ ղարաբաղեան պետականութեան ամէնէն կարեւոր հիմքերէն մէկը: Այս ծիրին մէջ նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց Զուիցերիոյ հայ համայնքին հետ յարաբերութիւններու զարգացումը եւ շեշտեց անոնց նոր թափ հաղորդելու անհրաժեշտութիւնը: Նախագահը նաեւ պատասխանեց հանդիպման մասնակիցներուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն:

Հանդիպումներուն կը մասնակցէին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար Սաթենիկ Աբգարեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Share this Article
CATEGORIES