ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ ՄԱՍԻՆ
Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան հրատարակչատան 80-ամեակը ուշագրաւ առիթ մըն է, որ մեր ուշադրութեան կը բերէ ութսուն տարիներու հայապահպանման, հայկական ինքնուրոյն մշակոյթի ո’չ միայն պահպանման, այլ սերունդէ սերունդ փոխանցման առաքելութիւնը, աշխատանքը: Սա պարզ տպարան մը չէ: Հրատարակչատուն մըն է, ազգային նպատակներով գործող հրատարակչատուն մը, որուն հիմնական գործունէութիւնը կարելի է հասկնալ, երբ նկատի ունենանք, որ ան մէկ միաւորն է Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան:
Հրատարակչատունը լաւագոյն միջոցներէն մէկն է, որպէսզի այդ մշակութային արժէքները, գիրի, գրականութեան գիրքի ճամբով նախ պահպանուին ու ապա փոխանցուին:
Անշուշտ մեր մաղթանքն է, որ հրատարակչատունը մնայ կարեւոր մէկ կառոյցը Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան, որպէսզի այս մշակութային միութիւնը կարենայ իր նպատակները իրագործել:
ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ
Ես ուրախ եմ, որ Համազգայինը կը հետաքրքըրւի եւ կ՛ուզէ նպաստել հայ մշակոյթին: Եւ դերակատարութիւնը մեծ է մեր մշակոյթի բոլոր սեռերուն, ըլլայ այդ պատմական, յեղափոխական գործունէութիւն, որովհետեւ մեր պատմութիւնը ազգին հարուստ է անցեալով, հարուստ է ներկայով եւ հարուստ պիտի մնայ նաեւ ապագայով:
ՎԱՐԴԱՆ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ
Պատրիարքական փոխանորդ հայ կաթողիկէ հայոց
Մեծ ուրախութեամբ կը շնորհաւորենք Համազգայինը եւ յատկապէս այս պարագային եւ այս օրը, անոր «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 80-ամեակը: Ուրախութիւն է, որովհետեւ երկար տարիներ շարունակ, երբ մենք կը տեսնենք յարատեւ, պտղաբեր, բեղուն աշխատանք, ամէն իմաստով, կրթական, մշակութային, լեզուական, գրական ծիրերուն մէջ, երբ կը տեսնենք անոր արդիւնքները, յատկապէս երբ կը տեսնենք սերունդները, որոնք պատրաստուեցան գիրով, գրականութեամբ, բայց մանաւանդ անոնց ընդմէջէն հայու հոգիով, մենք կ՛ուրախանանք եւ այսօր կը շնորհաւորենք Համազգայինը: Հայակերտումը կը կատարուի գիրով, խօսքով, պատկերով, գրականութեամբ, պատմութեամբ, եւ հրատարակչատունը այդ է, որ կատարած է: «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը անցեալ 80-էն անդին, ապագային ունի մեծ ասպարէզ, եւ ես կը մաղթեմ, որ Համազգայինի աշխատանքը զարգանայ: Շատ բան կ՛ակնկալուի անկէ, հրատարակչատունը անոր մէկ խօսնակն է, միջոցն է կարեւոր, որով պիտի հասնի նոր սերունդներուն: Որպէս Հայ աւետարանական եկեղեցի եւ Հայկազեան համալսարան` ուրախութեամբ գործակցած ենք անցեալ տարիներու ընթացքին եւ օգտուած ենք Համազգայինի աշխատանքէն եւ հրատարակչական գործունէութենէն:
Ես կը մաղթեմ, որ այս աշխատանքը միասնաբար պտղաբեր ըլլայ, Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ, բոլոր աշխատակիցները իրենց լաւագոյնը կատարեն, որպէսզի շարունակուի հայ մարդը պատրաստուիլ այսպիսի կարեւոր պէյրութեան կեդրոնի մը մէջ:
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ
Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական
եկեղեցիներու միութեան ատենապետ
եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ
1931 թուականին, Ն. Աղբալեանի օգտագործած այդ անիւաւոր մամուլէն մինչեւ այսօր, այսինքն` 80 տարիներու ընթացքին, Համազգայինի տպարանը հետզհետէ բարգաւաճած, սարքաւորւած, օժտուած, դարձած է արդիական տպարան մը, որուն միջոցով կարելի եղած է ոչ միայն դասագիրքեր, գրական, մշակութային այլեւայլ մարզի գործեր հրատարակել, այլ պէտք է ըսել նաեւ, որ հրատարակչականի մէկ կարեւոր բաժինը կը կազմեն այն գործերը, որոնք նուիրուած են մեր ազատագրական պայքարին, ինչպէս նաեւ` պարբերական մամուլին, որոնց մէջ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ անշուշտ «Ազդակ» շաբաթօրեակ – «Դրօշակ»ի հրատարակութիւնը:
ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ
ՀՅԴ Արխիւի հրատարակչականի
պատասխանատու
Սերտ կերպով կապուած եմ Համազգայինի հրատարակչական մարմնին եւ տպարանին հետ: «Բագին»ին հետ, պէտք է ըսել, որ նաեւ գիրքեր հրատարակած եմ ես, եւ թիւով քիչ չեն անոնք, 40-էն աւելի հատորներ:
Այդ գիրքերուն կապակցութեամբ իմ կապս եղած է բարեկամական, եղբայրական, եւ կարծեմ արդիւնքը գոհացուցիչ եղած է. ուրախութիւն պատճառած է բոլորին, որովհետեւ այդ գիրքերը, զորս հրատարակած ենք, խմբագրած ենք, ենթարկուած են բազմաթիւ մանրակրկիտ սրբագրութիւններու եւ բնականաբար շատ ժամանակ խլած է, եւ հրատարակչականը մեծ համբերութեամբ հետեւած է մեր բծախնդիր աշխատանքներուն:
ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ
«Բագին» գրական հանդէսի նախկին
խմբագրապետ
Անցած տասնամեակների ընթացքում Համազգայինը իսկապէս կատարեց հրաշալի առաքելութիւն եւ շարունակում է նորանոր դրուագներով հարստացնել այդ առաքելութիւնը: Ամէն ջանք գործադրեց, որպէսզի յատկապէս սփիւռքի նոր սերունդը շարունակէ զգալ իր հայեցիութիւնը, այսինքն իր ներդրումը ունեցաւ սփիւռքահայ սերունդների հայեցի դաստիարակութեան ու կրթութեան գործում, եւ ամրապնդեց հայի ինքնութեան էդ կարեւոր գիտակցումը սփիւռքի հասարակութեան մէջ: Այսօր, անշուշտ, բազմաթիւ ու բազմազան մարտահրաւէրներ են մեր սփիւռքահայ կառոյցների դէմ յանդիման եւ պիտի ասել, որ է՛լ աւելի ջանք ու ներդրում է պահանջւում մեզնից` ե՛ւ սփիւռքում, ե՛ւ մայր հայրենիքում, որպէսզի կարողանանք մասնաւորապէս արեւմտահայերէնի այսօրուայ օրհասի դէմն առնել, ուծացման մարտահրաւէրները կարողանանք դիմագրաւել: Կարողանանք հայ երեխային ուղորդել դէպի հայ օճախ, էս պատմութիւնը տասնամեակների եւս մի լուսաւոր էջով հարստացնում է Պէյրութի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը: Մի գրահրատարակչական կառոյց, որը տարիների ընթացքում մեր հայոց գրադարանը հարստացրել է հազարաւոր հատորներով եւ այդ հատորներին հաղորդակցուելու առիթը եւ ուրախութիւնը մենք ունենք ոչ միայն սփիւռքի միջոցառումների եւ տարբեր ցուցադրութիւնների ժամանակ, այլ նաեւ բարեբախտաբար մենք կարողանում ենք «Վահէ Սէթեան»ի տպագրած գրքերին ծանօթանալ նաեւ Մայր Հայաստանում:
Ես ուղղակի ուզում եմ, իբրեւ մտաւորական, իբրեւ հայ գրող, իմ խորին երախտագիտութիւնը յայտնել հրատարակչատան աշխատակազմին եւ մաղթել, որպէսզի հրատարակչութեան կնիքով գրքերը էս ամբողջ վիթխարի գրահրատարակչատան դաշտում միշտ լինեն փնտռելի, եւ հրատարակչութիւնը միշտ լինի կանաչ ճանապարհի վրայ կանգնած:
ԼԵՒՈՆ ԱՆԱՆԵԱՆ
Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ
Համազգայինի հրատարակչականի ստեղծումը առնչուած է ուղղակի ճեմարանին եւ անոր գլխաւոր նպատակը սկզբնական օրերուն առնըուազն Լ. Շանթի կողմէ եւ նաեւ ուրիշ ուսուցիչներու կողմէ պատրաստուած դասագրքերու հրատարակութիւնն էր: Յետոյ դպրոցը կը մեծնար եւ փոքր դասարաններ կ՛ունենար, բայց բոլոր դասարաններուն համար հայերէնի, հայոց պատմութեան, նոյնիսկ հայերէնով դասաւանդող այլ նիւթերու` գիտութեան, թուաբանութեան դասագիրքեր գոյութիւն չունէին: Այդ դասագիրքերը պէտք էր ստեղծուէին, պէտք էր հրատարակուէին: Ուրեմն հրատարակչականը ստեղծուեցաւ այդ նպատակով: Հետագային, բնականաբար, այդ հրատարակչականը իր աշխատանքները ծաւալեց եւ հրատարակեց նաեւ գեղարուեստական գործեր, պատմագիտական գործեր, զանազան ուսումնասիրութիւններ եւ դարձաւ քիչ-քիչ այն հրատարակչական հսկայ կազմակերպութիւնը, որ այսօրուան Համազգայինի հրատարակչատուն է:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան
ճեմարանի տնօրէն
Լիբանանում բացուած Համազգայինի հրատարակչատունը հսկայական, վիթխարի գործեր է արել թէ՛ որպէս դասագրքերի տպագրութեան տպարան, հրատարակչութիւն, թէ՛ գեղարուեստական գրքերի, թէ՛ յեղափոխական գրքերի: Մինչեւ հիմա էլ այդ հրատարակչութիւնը, թէեւ այլ հրատարակչութիւններ կան աշխարհի տարբեր տեղերում ցրուած, եւ Հայաստանում նոյնպէս, բայց նա իր ուրոյն տեղը ունի, Համազգայինի հրատարակչութիւնը:
ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի եւ
«Նորք» գրական հանդէսի խմբագիր
Բուռն գործունէութիւն կրթական մշակութային միութեան, յատկապէս նկատելի դարձաւ Բ. Համաշխարհային պատերազմից յետոյ: Երբ որ լեզւի, գրականութեան, գիտութեան, մշակոյթի, արուեստի բնագաւառում տեղի ունեցաւ որոշակի մասնագիտացում եւ սփիւռքեան կառոյցներով Համազգայինը շատ կարեւոր ծանրակշիռ դեր կատարեց:
«Վահէ Սէթեան» յայտնի Համազգայինի տպարանը, որ մինչեւ հիմա հրաշալի գործունէութիւն է ծաւալում մեր իրականութեան մէջ, բազմաթիւ աշխատութիւններ սկսեց տպագրել, եւ այդ տպագրական գործը դրուեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հսկողութեան ներքոյ, հէնց Համազգայինի այս տպարանի միջոցով:
ԴՈԿՏ. ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ակադեմիայի
պատմութեան հիմնարկի տնօրէն
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի գործունէութիւնը կը տարածուի նաեւ հայրենիքէն ներս, յատկապէս խորհրդային շրջանին, երբ հայ մտաւորականութիւնը կարիքը ունէր Ազգային յեղափոխական գրականութեան: Անոր շարքէն ներս կը մտնէին նաեւ «Ազդակ» շաբաթօրեակ – «Դրօշակ»ը քիչ տարողութեամբ, աւելի լայն տարողութեամբ «Բագին» ամսաթերթը:
Որպէսզի գիտնանք, թէ ինչքան իր ազդեցութիւնը գործած է այդ գիրքերը հայրենի մտաւորականութեան եւ առհասարակ ազգային թեւի մշակութային զարգացման գետնի վրայ, տանք քանի մը օրինակներ:
Օրինակ` «Խոթեթան» վէպը գրուած էր «Ռուբէնի յուշեր»ու հիման վրայ: «Ձորի Միրօ» ֆիլմը նկարահանուեցաւ միայն այն ատեն, երբ գլխաւոր դերասան Սօս Սարգսեանն ու բեմադրիչը Ժիրիկ Աւետիսեանը ամբողջութեամբ կարդացին, թէ՛ «Ռուբէնի յուշեր»ը եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան «Հանրապետութիւն» հսկայ հատորը:
Իսկ եթէ այսօր մեր մտաւորականութիւնը, նոյնիսկ երիտասարդութիւնը մեծ համակրանք ունի մեր կարգ մը հերոսներու հանդէպ, ինչպէս` Արամ Մանուկեանի, Գէորգ Չաւուշի եւ յատկապէս Նժդեհի ատոր մէջ մեծ դեր ունի այն հանգամանքը, որ այս հերոսներուն նուիրուած գիրքերը, այն ատեն տարածուած էին հայ մտաւորականութեան մէջ եւ կը կարդային:
ԴՈԿՏ. ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
Արուեստաբան
Այս առթիւ կ՛ուզէի ըսել, որ 80-ամեակի առիթը մեզի համար տօնելու առիթ մըն է: Բայց միեւնոյն ժամանակ, խորհրդածելու ալ առիթ է:
Համազգայինի հիմնադիրները, որոնցմէ շատերը մօտէն ճանչնալու առիթ ունեցած եմ մանկութենէս սկսեալ մինչեւ Ճեմարան աւարտելս, ամէնէն առաջ տեսլական ունեցող մարդիկ էին:
1943-էն սկսեալ, երբ տակաւին մանուկ էի եւ մտայ Ճեմարան, այդ շրջանին էր, որ Նիկոլ Աղբալեանը տպագրական մեքենայ մը առած էր, եւ ատիկա հրատարակչականի վերածեց, որ եղաւ «Լոյս» հրատարակչականը Համազգայինի: Անոր յաջորդեց Գասպար Իփէկեանը իբր տնօրէնը հրատարակչականին եւ հետզհետէ այդ մէկ գործիքը դարձաւ բազմաթիւ գործիքներ, եւ որովհետեւ հիմնադիրները այդ տեսլականը ունէին, եւ զոհողութեան ոգին ալ ունէին, հետզհետէ այդ մեքենաները բազմացան, եւ Համազգայինի հրատարակչականը դարձաւ այսօրուան ծանօթ հրատարակչականը իր բոլոր հրատարակութիւններով, բարձր մակարդակի եւ կարեւոր հրատարակութիւններով:
ՏՈՔԹ. ՎԱԶԳԷՆ ՏԷՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան
նախկին ատենապետ
ՈՒՂԵՐՁ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ իմ անունից սիրով ու ջերմութեամբ շնորհաւորում եմ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հիմնադրման 80-ամեակի առիթով:
Հիմնադրման օրուանից Համազգայինը` իր բոլոր մասնաճիւղերով եւ կառոյցներով, յիրաւի մեծ նուիրուածութեամբ, անսպառ եռանդով ու հետեւողականօրէն իրականացրել եւ իրականացնում է իր առջեւ դրուած դժուարին, բայց վեհ ու այդքա՛ն անհրաժեշտ առաքելութիւնը` հայ ազգային ինքնութեան պահպանումը, մշակութային եւ հոգեւոր արժէքների սերնդէ-սերունդ փոխանցումը, հայ մարդու ազգային նկարագրի կերտումը, հայութեան համախմբումը, որը բոլոր ժամանակներում սփիւռքում եղել եւ մնում է հայոց պետութեան եւ սփիւռքի առաջնահերթութիւնը:
Իր հրատարակչական գործունէութեամբ հրատարակչատունը մեծապէս նպաստում է մեր մատաղ սերնդի հայեցի կրթութեանն ու դաստիարակութեանը, մեր Ոսկեղենիկ մայրենիի պահպանմանն ու տարածմանը:
Եկէք փառաւորենք ու սերունդների երախտիքը հնչեցնենք ազգի նուիրեալներ, ազգային գործիչներ Նիկոլ Աղբալեանին, Գասպար Իփէկեանին, Վահէ Սէթեանին, որոնց անուրանալի վաստակը կայ հրատարակչատան լինելիութեան եւ զարգացման գործում:
Հայ ժողովրդի այս զաւակները մշտապէս ապրել են ազգի հոգսերով, փորձել լուծումներ տալ նրա առջեւ ծառացած խնդիրներին: Եւ արժանի հայորդիների գործը ութ տասնամեակի ընթացքում պատուով ու անձնուիրութեամբ շարունակել եւ շարունակում են նրանց յետնորդները` «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հրաշալի անձնակազմն ու նրանց աջակիցները, որոնց փոխանցում եմ իմ խորին շնորհակալութիւնը:
Եւս մէկ անգամ շնորհաւորում եմ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեանն ու «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրինութեանն ու անձնակազմին` ի դէմս տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի, հիմնադրման 80-ամեակի կապակցութեամբ, մաղթում եմ նորանոր հրատարակութիւններ, անխափան աշխատանք` ի փառս հայ գրի եւ ի զօրացում ողջ հայ ազգի ու Հայաստանի:
Ուժ ու եռանդ եմ ցանկանում Ձեր հայապահպանութեան նուիրական գործում եւ շնորհաւորում եմ բոլորիս Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակի առիթով ու մաղթում միասնական կամք ու ոգի` յանուն մեր երիտասարդ պետութեան ու անկոտրում ազգի զօրացման:
Յարգանքով`
ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար
ՈՒՂԵՐՁ
Ուրախութեամբ տեղեկացանք, որ լրանում է Համազգայինի կրթական-մշակութային միութեան հրատարակչատան հիմնադրման 80-ամեակը:
Իր հիմնադրման օրուանից ի վեր Համազգայինի ամբողջ գործունէութիւնը նպատակաուղղւած է եղել հայ ժողովրդի կրթական եւ մշակութային մակարդակի բարձրացմանը` այն համոզումով, որ յատկապէս հայոց լեզուն, հայեցի կրթութիւնն ու մշակոյթն են ի զօրու բարձրացընել Ցեղասպանութիւն ապրած ժողովրդի ոգին եւ կենսականութիւնը:
Համազգայինի ակունքներում կանգնած մեր բացառիկ մտաւորական Նիկոլ Աղբալեանի շնորհիւ հէնց այս վեհ գաղափարների իրականացման նպատակով 1931 թուականին ստեղծուեց նաեւ Համազգայինի հրատարակչատունը, որը կրում էր «Յոյս» խորհրդանշական անունը: Հետագայում վերանուանուելով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եւ ապա` ցմահ նախագահ Վահէ Սէթեանի անունով` հրատարակչատունը շարունակեց պահպանել ու զարգացնել այն նպատակները, որոնց համար կեանքի էր կոչուել:
Բնական է, որ հայրենիքից հեռու` սփիւռքի ոչ հեշտ պայմաններում, Համազգայինի հրատարակչատան աշխատանքների շարունակականութեան պահպանումն ու զարգացումը նուիրումի եւ իրական հայրենասիրութեան հրաշալի օրինակ է եղել համայն հայութեան համար:
Այն ամէնը, ինչ անցած 80 տարիների ընթացքում կարողացել է իրականացնել Համազգայինի հրատարակչատունը` ծառայելէ հայ գիրը, գիրքը, լեզուն, մշակոյթը, հայ լինելու հպարտութիւնը սերունդների գիտակցութեան եւ կենսակերպի մէջ ամրապնդելու շնորհակալ գործին:
Սիրով եւ գնահատանքով շնորհաւորում ենք Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 80-ամեայ յոբելեանը` մաղթելով երկար եւ արգասաբեր ճանապարհ` ի փառս հայ գրքի եւ մշակոյթի:
ՅԱՍՄԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Հայաստանի մշակոյթի նախարար


