ՀԱՐԱԶԱՏ ՕՃԱԽ, ՈՐ ԱՐԴԷՆ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ Է

Բարերարութիւնը եղած է բազմաթիւ ազնուական հայերու կենցաղի ու կեանքի մէկ կարեւոր մասը: Մանաւանդ օտար ափերուն ապրած եւ հայրենի հող ու մշակոյթէ զրկուած հայերը ջանք չեն խնայած նոյն այդ օտար հողերուն վրայ հայանպաստ գործեր կատարելու` այդ ձեւով պահելով հայրենիքի ու արմատներու հետ հոգեւոր ու մնայուն կապը: Այդպիսի հայերէն եղած է նաեւ եգիպտահայ Աւետիս Չագեճեանը, որուն միջոցներով եգիպտահայ գաղութին մէջ կատարուած են յիշատակելի գործեր. անոր հովանաւորութեամբ կառուցուած շինութիւններէն մաս մը տակաւին կանգուն է Գահիրէի մէջ` իբրեւ վկայութիւն ժամանակին մեծ ու հզօր դերակատարութիւն ունեցած եգիպտահայութեան, ինչպէս, օրինակ, աւետարանական համայնքի հայկական եկեղեցին, որ Աւետիս Չագեճեան կառուցած է իր մօր պատուին: Այսօր ալ եկեղեցիի պատին վրայ պահուած է «Ի յիշատակ Վիքթորիա Չագեճեանի» գրութիւնը… Սակայն Աւետիս Չագեճեանի դուստրը` Լիւսի Չագեճեան-Թիւթիւնճեանը, չի սիրեր խօսիլ այդ մասին: Ան իր հայրական ընտանիքին ամուր եւ հայկական աւանդոյթները իր մէջ պահած ու Լիբանան եկած է, հաստատուած է հոս եւ լուռումունջ կը շարունակէ բարերար ընտանիքին աւանդութիւնները` միշտ, սակայն, խուսափելով խօսելէ իր կատարած գործերուն մասին: Ան վստահ է, որ նուիրատուն կամ բարերարը իր կատարածին մասին պէտք չէ բարձրաձայն խօսի, եթէ ան ի սրտէ կատարած է, պէտք է միայն գոհունակութիւն զգայ` տեսնելով գործին արդիւնքները: Նոյն ձեւով, տիկին Լիւսին չմանրամասնեց իր ու ամուսինին` Կարպիս Թիւթիւնճեանին կատարած բարերարութիւններուն մասին, բայց մենք գիտենք, որ այս ընտանիքը իր նպաստը ունեցած է գաղութի մշակութային, կրթական մարզերու մէջ, ինչպէս նաեւ տարիներ շարունակ աջակցած է ընկերային ծրագիրի մը, որուն շնորհիւ օժանդակութիւն ստացած է 300 հայ ընտանիք:
Իսկ Թիւթիւնճեան ընտանիքին անունով կատարուած ամենամեծ բարերարութիւնը թերեւս երկու տարի առաջ Շաղզոյեան կեդրոնին մէջ բացուած Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահն է, որուն հիմնադրման երկրորդ տարեդարձը կը լրանայ այս օրերուն:
Հրաշալի ցուցասրահ է Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» սրահը, որ երկու տարիներու ընթացքին միայն դրական ու հաճելի զգացողութիւններ փոխանցեց բոլորիս: Ցուցասրահը դարձաւ ոչ միայն կերպարուեստի գործեր ցուցադրելու վայր, այլ նաեւ` բազմաթիւ արուեստասէրներու համար ջերմ ու հարազատ հանդիպումներու, արուեստի լոյսի ներքոյ զիրար տեսնելու, միտքեր փոխանակելու կեդրոն մը…
Իր բացումը կատարելով 2009 թուականի նոյեմբերին` ցուցասրահը իր գործունէութեամբ ամրագրուեցաւ «Վահէ Սեթեան» հրատարակչատան, գրատարածման կեդրոնի եւ գրախանութի կողքին եւ իբրեւ մշակութային կառոյց` մեծ դերակատարութիւն ստանձնեց Համազգայինի բազմաճիւղ գործունէութեան մէջ, ի հարկէ նաեւ ըլլալով առաջին արհեստավարժ ցուցասրահը` թէ՛ Համազգայինէն, թէ՛ Պուրճ Համուտէն ներս առհասարակ:
Ցուցասրահի երկրորդ տարեդարձին առիթով «Ազդակ» հանդիպում ունեցաւ ինչպէս «Վահէ Սեթեան» հրատարակչատան, գրատարածման կեդրոնի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին, այնպէս ալ ցուցասրահին մէջ անհատական ու խմբային ցուցահանդէսներ ունեցած կարգ մը արուեստագէտներու, ինչպէս նաեւ ցուցասրահի գեղարուեստական յանձնախումբի քանի մը անդամներու հետ:
Յակոբ Հաւաթեան նշեց, որ ի սկզբանէ, մինչեւ ցուցասրահին հիմնումը, իրենց առջեւ առաջադրանքներ դրած են, որոնց մէկ մասը կատարուած է. «Ի սկզբանէ նպատակ կար լիբանանահայ մշակութային կեանքին բերել նոր որակ եւ մթնոլորտ, մեր մշակութասէր հանրութեան ծանօթացնել հայրենի եւ սփիւռքահայ գեղանկարիչները, քանդակագործներն ու այլ մարզերու մէջ իրենց արժանաւոր դիրքերը նուաճած արուեստագէտները, բացուիլ տեղական միջավայրին եւ մեր մշակութային հարուստ ժառանգութեանն ու աւանդին իրազեկ դարձնել նաեւ լիբանանցի ժողովուրդը: Անշուշտ շատ ընելիքներ կան տակաւին, սակայն կրնանք ըսել, որ այս բոլորը իրականացնելու համար ճանապարհի մէկ մասը արդէն անցած ենք», «Ազդակ»ին ըսաւ Յակոբ Հաւաթեան, շեշտելով կարեւորութիւնը մանաւանդ արուեստասէրներուն դերին այդ անցած ճանապարհին մէջ. «Մեր արուեստասէր հասարակութիւնը գիտցաւ արժեւորել այսպիսի հաստատութեան մը ներկայութիւնը` գաղութին մէջ: Այս երկու տարիները մէկ անգամ եւս ապացուցեցին, որ մենք ունինք բարձրաճաշակ արուեստասէր», Յակոբ Հաւաթեան այդ մէկը համարեց յաջողութեան հիմնաքարերէն մէկը` մեծ ուժ նկատելով ոչ միայն արուեստագէտը, այլ` արուեստասէրը, որուն համար է, որ ամէն ջանք ու եռանդ կը թափուի` ցուցահանդէս մը յաջողցնելու համար:
Ցուցասրահը բացուած է` լրացնելու նաեւ ցուցասրահային ասպարէզի` մեր մէջ առկայ բացը, հայկական միջավայրին մէջ գրեթէ չկան ցուցասրահներ, եւ հայ նկարիչներուն իրենց ապրած ու ստեղծագործած միջավայրին մէջ անհատական ցուցահանդէս ունենալու քիչ հնարաւորութիւն տրուած էր:
Ցուցասրահը իր գործունէութեամբ չմնաց զուտ հայկական ծիրին մէջ, այլ աւելցաւ Լիբանանի մէջ գործող հին ու նոր ցուցասրահներու կարգին` դառնալով գեղարուեստի գործերու ցուցադրութեան մնայուն հասցէ մը:
Միաժամանակ ցուցասրահին մէջ ցուցադրուած գործերուն հանդէպ հետաքրքրութիւն կար նաեւ Լիբանանէն դուրս:
«Անոնք, որոնք զանազան առիթներով Լիբանան այցելեցին, մեծապէս գնահատեցին կատարուած աշխատանքը, եւ իրենք ալ առիթ ունեցան արուեստի այդ գեղեցիկ գործերէն ունենալու եւ տանելու իրենց հետ», աւելցուց Յակոբ Հաւաթեան:
Լիբանանէն դուրս հետաքրքրութեանը կը նպաստէ նաեւ ցուցասրահի արդէն գործող կայքէջը` www.artgallery.hamazkayin.com
Կայքէջը ոչ միայն Համազգայինի ցուցասրահին քարոզչութիւն է, այլ նաեւ ձեւով մը քարոզչութիւնն է այնտեղ ցուցադրուած արուեստագէտներուն եւ նաեւ ստեղծագործութիւններու համար հսկայական շտեմարան մըն է, եւ այդ մէկը իր նպաստը կը բերէ այս մարզի զարգացման հոլովոյթին:
Ան նման կառոյցի մը գոյութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը կարեւոր նկատեց ինչպէս ժողովուրդի եւ արուեստասէր հասարակութեան գեղարուեստական մակարդակի բարձրացման, այնպէս ալ նոր սերունդին համար: Բազմաթիւ ուսանողներ, դպրոցներէն աշակերտական խումբեր այցելած են եւ կը շարունակեն այցելել ցուցասրահ` հաղորդակցուելու ժամանակակից գեղանկարչութեան, տեղւոյն վրայ անոնք ստացած են իրենց յուզող հարցերուն պատասխանները կա՛մ հեղինակի, կա՛մ մասնագէտի կողմէ. «Այդ մէկը իր դրական ազդեցութիւնն անպայման ունենալու է անոնց հոգեկերտուածքին վրայ. արուեստը ազնուացնող, բիւրեղացնող բարձր գաղափարներ ներշնչող մարզ մըն է եւ արուեստի հետ առնչուող պատանիին միայն դրականն է, որ կը փոխանցէ», մեր զրոյցի ընթացքին նշեց Յակոբ Հաւաթեան:
Ցուցասրահը արդէն երկու տարեկան է եւ ձեռքբերումներուն կողքին խօսելով նաեւ դժուարութիւններու մասին, Յ. Հաւաթեան յայտնեց հետեւեալը.
«Դժուարութիւններ գրեթէ չեն եղած, ինչ ալ որ եղած են, եղած են առարկայական հարցեր: Ի վերջոյ, այս մարզը նաեւ ձեւով մը ներդրում պահանջող մարզ մըն է, ենթական եթէ պիտի ուզէ բոլոր արուեստագէտներէն գործեր ունենալ, քիչ մը դժուար է այդ մէկը, այսօրուան պայմանները թերեւս որոշ չափով մը կը դժուարացնեն գործը: Յուսանք` աւելի բարենպաստ պայմաններու բերումով աւելի լայն տարողութիւն կը գտնէ աշխատանքը», ըսաւ ան` չժխտելով, որ անցնող ամիսներուն ցուցասրահը, այնուամենայնիւ, արդարացուցած է ինքզինք իբրեւ առեւտրական կառոյց եւ ձեւով մը նաեւ սատարած է Համազգայինի գրահրատարակչական աշխատանքներուն…
ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼ ՄԻԱՅՆ ԲԱՐՁՐԱՐԺԷՔԸ
Մեր զրուցակիցը յայտնեց, որ առաջին օրէն ցուցասրահին կից կազմուեցաւ արւեստաբաններէ եւ արուեստագէտներէ բաղկացած գեղարուեստական վարչութիւն մը, որ առաջին օրէն մինչեւ այսօր մեծ բծախնդրութիւն ցոյց տուած է ներկայացւած դիմումներուն, ներկայացուած գործերու որակին. «Այդ իմաստով շատ յաճախ կը պարտաւորուինք շատ աւելի բծախնդիր ըլլալ, սրահը չվերածել պարզապէս նկար վաճառելու վայրի մը, մնալ մասնագիտական բարձունքի վրայ: Սիրողական բաժինը մեր առաքելութեան մաս չի կազմեր», ըսաւ Յակոբ Հաւաթեան: Ան խօսեցաւ նաեւ յառաջիկային սրահի աշխատանքներուն մէջ սպասուող փոփոխութեան մասին. ցուցասրահը պիտի դառնայ նաեւ արուեստի նիւթերու շուրջ քննարկումներու կեդրոն մը, ինչը լրացուցիչ առիթ մը կ՛ըլլայ արուեստագէտներն ու արուեստագէտները կրկին անգամ համախմբելու: Այդ մէկը նաեւ բազմաթիւ գեղանկարիչներու ցանկութիւն է: Մեր զրուցակիցը նկատեց, որ առհասարակ Լիբանանի մէջ արուեստագէտները հանդուրժող են մէկը միւսին կատարած գործին հանդէպ, եւ զերծ են առհասարակ ընդունուած եւ տարածուած այն մտայնութենէն, որ արուեստագէտները զիրար չեն հանդուրժեր. «Մենք մեր գործին մէջ տեսանք, որ այդ մէկը շատ նուազագոյն է, ընդհանրապէս մէկը միւսին գործն ու յաջողութիւնը շատ կը գնահատէ, առանձնապէս ակնառու դիւրազգացութիւններ չկան այս առումով, ինչ որ շատ ողջունելի է, քանի որ բոլորն ալ, ինչ որ կ՛ընեն, իրենց գործին հաւատալով է, որ կ՛ընեն: Իրերհասկացողութեան ոգին, որ կայ արուեստագէտներուն միջեւ, պարտաւորեցնող հանգամանք է մեզի համար, որ մենք մնայուն ձեւով զիրենք համախմբենք եւ միջավայր ստեղծենք»:
«Եւ ի հարկէ, առանց իրենց ազնուականութիւնը վիրաւորելու, կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններուն, որոնք չմնացին սոսկ բարերարներ եւ չբաւարարուեցան բարերարի իրենց կարգավիճակով, այլ իրենց կարելին ըրին` սրահը նկատելով իրենց հարազատ օճախը, ապրեցան սրահի ուրախութիւններով եւ յաջողութիւններով: Կրնամ ըսել, թէ որքան մեծ էր իրենց նիւթական աջակցութիւնը, նոյնքան ալ մեծ էր նաեւ բարոյական աջակցութիւնը», Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի մասին մեր զրոյցը այսպէս եզրափակեց Յակոբ Հաւաթեան:
Ցուցասրահը բացուեցաւ Լիբանանի երիցագոյն արուեստագէտներէն մէկուն` Կիւվտէրի ցուցահանդէսով, որուն ազդեցութիւնը բարեբեր եւ դրական եղաւ ցուցասրահին համար: Այդ դրական ազդեցութեան մասին խոր իմաստասիրութեամբ իր ցուցահանդէսին օրը խօսած էր նախ ինք` Կիւվտէր, ըսելով, որ տիեզերական մեծ ուժն է, որ ուղղորդած է այս գործը…
Կիւվտէրի ցուցահանդէսին յաջորդեցին արժէքաւոր ու հետաքրքրական ցուցահանդէսներ, որոնք նոր անուններ ու ստեղծագործական ուղիներ բացայայտեցին մեր մշակութային կեանքին մէջ: Միաժամանակ արուեստասէրը հնարաւորութիւն ունեցաւ տեսնելու արդէն ծանօթ արուեստագէտներու նոր գործեր: Ի յայտ եկան նոր ձեռագրեր, համագործակցութեան նոր եւ արուեստի շահը պաշտպանող բազմաթիւ մտայղացումներ: Ցուցասրահը չմնաց լոկ գեղարուեստի գործեր ցուցադրելու վայր մը, այլ դարձաւ ջերմ ու տաքուկ միջավայր, որտեղ մեր այս անպաշտպան օրերուն պաշտպանուած են արուեստագէտն ու անոր շահը, միաժամանակ յարգուած է շահը բարձրաճաշակ արուեստասէրին, որ բոլոր սրահներուն մէջ չէ, որ կրնայ գտնել իր նախասիրութիւններուն համապատասխան գործեր: Ցուցահանդէսի բացումներ, մտերմիկ հանդիպումներ, զրոյցներ, քննարկումներ, ծանօթութիւններ, հին ծանօթութիւններու վերյիշումներ, գեղեցիկի եւ լուսաւորի վերահաստատում…
Ցուցասրահին մասին կը խօսին իրենք` արուեստագէտները.
Կիւվտէր, գեղանկարիչ, Լիբանան.- «Իմաստուն ցուցասրահ մըն է մեր այս ցուցասրահը, ես զայն կենդանի օրկանիզմ կը նկատեմ, որ ունի իր մտածողութիւնը, իր շնչառութիւնը եւ իր շարժուելու ուղղութիւնը:
«Հետզհետէ ա՛լ աւելի կ՛ընդլայնէ իր աշխատանքները, պիտի գայ ժամանակ մը, երբ ամէն մարդ պիտի ուզէ հոն ցուցադրուիլ: Այսօր 30-40 տարուան ցուցասրահներ կան, որոնք կը նահանջեն, բայց Համազգայինի ցուցասրահը առաջ գնաց: Պատիւ է, որ իմ ցուցահանդէսով բացուեցաւ անիկա, շատ լաւ ցուցահանդէս մը ունեցայ եւ կը պատրաստուիմ յաջորդ հաւաքածոս ներկայացնել, որ նորութիւն է, միշտ նորութիւններ ունիմ, միշտ պատրաստ եմ իմ սիրելի սրահին մէջ նոր գործեր ընելու»:
Լիւսի Թիւթիւնճեան, գեղանկարչուհի, ցուցասրահի բարերարուհի.- «Այս ցուցասրահին հիմնումը պատահական չեղաւ, անիկա իմ սրտիս շատ խօսող բան մըն էր, մանաւանդ որ հայկական շունչ պիտի ըլլար, ատիկա մեզի համար շատ կարեւոր է: Ցուցասրահը սատար եղաւ հայ գաղութին, Պուրճ Համուտին, ամէն ինչ շատ յաջող անցաւ, քով-քովի եկան արուեստագէտները, որոնց համար այս հանդիպումները շատ կարեւոր են: Հարազատ սրահ մըն է, կարծես բոլորս մէկ տան մէջ կը հաւաքուինք, տաքուկ ու ջերմ բան մը կայ ատոր մէջ, մանաւանդ որ բոլորս ալ գրեթէ զիրար կը ճանչնանք: Ուրախ եմ, որ այսպէս բան մը եղաւ, ատկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չկայ ինծի համար»:
Գրիգոր Նորիկեան, գեղանկարիչ, Լիբանան.- Կը շնորհաւորեմ անշուշտ, երկու տարեկան եղաւ ցուցասրահը եւ մենք, իբրեւ հայ նկարիչներ, չենք կրնար չուրախանալ, քանի որ մեզի համար բացուեցաւ ցուցասրահը: Քաղաքին մէջ կան այլ սրահներ, սակայն առեւտրական ուղղւածութիւն ունին, այս սրահը այդպիսին չէ, այլ արուեստի շունչ մը եւ ուղղուածութիւն մը ունի: Ողջունելի է, որ նկարիչներուն իրենց ցուցահանդէսի բացման առիթով սրահը ինք պատկերագիրքը նուէր կ՛ընէ: Նկարիչներուն հնարաւորութիւն տուաւ իրենց գործերը կախելու տեղ ունենալ, այնպէս, ինչպէս դերասանը բեմի պէտք ունի, մենք` նկարիչներս ալ պէտք ունինք սրահի, որ մեր նկարները ցուցադրենք:
Տնօրէնը լաւ կ՛աշխատի, վարչութիւն մը ստեղծուած է, որ նոյնպէս լաւ կ՛աշխատի: Նոր անունները ի յայտ եկան այս երկու տարուան ընթացքին, ինչը կ՛ողջունենք:
Կ՛ուզենք, որ ցուցահանդէսներէն զատ այստեղ նաեւ քննարկումներու կեդրոն ըլլայ, եւ այդ քննարկումները ըլլան ցուցահանդէսէն դուրս: Երբեմն բացումի օրը կու գան եւ ինձմէ կարծիք կը հարցնեն նկարի մը մասին, բայց ես բացումին օրը չեմ կրնար կարծիք յայտնել, ճիշդ չէ, այդ օրը արուեստագէտին օրն է, պէտք է առիթ տրուի, որ հետագայ օրերուն յայտնուին այդ կարծիքները:
Հայաստան-սփիւռք կապերու առումով շատ կարեւոր կը նկատեմ կատարուած գործը, յուսանք` այդ համագործակցութիւնը փոխադարձ կ՛ըլլայ, ոչ միայն Հայաստանէն գեղանկարիչներու ցուցահանդէսներ կը կազմակերպուին, այլ նաեւ` այստեղէն հոն:
Ես շատ կարեւոր կը նկատեմ այս ցուցասրահին ներկայութիւնը մանաւանդ Պուրճ Համուտի մէջ: Ժամանակին եթէ ըսէին, թէ Պուրճ Համուտի մէջ ցուցահանդէս պիտի ըլլայ, մարդ չէր գար, հիմա Պուրճ Համուտը ձեւով մը կեդրոն դարձաւ այդ առումով եւ ատիկա` ի շնորհիւ ցուցասրահին: Մենք բոլորս շնորհակալութիւն կը յայտնենք Լիւսի Թիւթիւնճեանին եւ տնօրէնութեան, որ միշտ ծառայեն արուեստին:
Սիլվա Աճեմեան, արուեստաբան, Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահի գեղարուեստական յանձնախումբի անդամ.- «Մենք ուրախ ենք, սակայն պէտք է ըսեմ, որ աշխատանք կայ տակաւին ընելիք, պէտք չէ բաւարարուինք եղածով: Տակաւին նոր ճամբայ ելած ենք, յուսամ` կը հասնինք աւելի լաւ արդիւնքներու»:
Միսաք Թերզեան, գեղանկարիչ, ցուցասրահի գեղարուեստական յանձնախումբի անդամ, Լիբանան.- «Պէտք է ըսել, որ բաղդատմամբ այլ սրահներու, որոնք տասնեակ տարիներ հրապարակի վրայ են, մեր ցուցասրահը արդէն առաջին տարիէն յաջողութիւն ունեցաւ: Շատ մարդ այցելեց այս երկու տարուան ընթացքին, ինչը կը նշանակէ, որ մարդիկ հետաքրքրուած են եւ կը քաջալերեն: Այցելուները ե՛ւ հայ էին, ե՛ւ տեղացի, նաեւ` օտարներ: Ես շատ սրահներու հետ կը գործակցիմ եւ ըսեմ, որ այս վերջին տարիներուն բոլորն ալ գանգատ ունին` թէ՛ այցելուներու թիւի եւ թէ՛ մարդոց հետաքրքրութեան առումով, բայց մեր ցուցասրահը այդ սիւնակին մէջ չէ: Ատոր պատճառներէն մէկն ալ թերեւս այն է, որ լուրջ աշխատանք կը տանինք արժէքաւոր գործեր ընտրելու, միշտ լաւագոյնը ցուցադրելու առումով, չենք ուզեր, որ մեր մակարդակը ցածնայ: Ես ցուցասրահին վարչութեան մէջ եմ, եւ ամէն ինչ կ՛ընենք` արդէն ստեղծուած մակարդակը պահելու համար: Անձնապէս արաբական սրահներու հետ շատ աշխատած եմ եւ երբեք տարբերութիւն չզգացի մեր եւ իրենց սրահներուն միջեւ, մեր ցուցասրահն ալ իր բարձր մակարդակին վրայ է: Միշտ լաւատես ենք, յուսանք, որ մեր աշխատանքները պարապի չեն երթար, ժողովուրդը կը հաւատայ մեր գործին, միշտ կը քաջալերէ: Արեւշատութիւն կը մաղթեմ նաեւ տնօրէնութեան եւ Լիւսի Թիւթիւնճեանին»:
Արեւիկ Պետրոսեան, գեղանկարչուհի, Հայաստան.- «Իմ խորին համոզմամբ բարձր արուեստը չի ճանաչում ազգութիւն, կրօն, լեզու, սեռ, ժամանակ… Աշխարհի պատմութեան առաջին իսկ էջերից մինչ այսօր մեզ հիացնում, զարգացնում, դաստիարակում եւ կեանք է տալիս` մեզ հասած արուեստի այս անսահման ժառանգութիւնը»:
Բայց կարծես այս փխրուն գեղեցկութիւն արւեստը միշտ կարիք է ունեցել ոչ միայն հանդիսատեսի, արուեստասէրի, քննադատի, այլ` նուիրեալ անհատների, որոնք շռայլօրէն կարողացել են ներդրել իրենց կեանքը, ժամանակը, որպէսզի պաշտպանեն, հարստացնեն, ներկայացնեն ու փոխանցեն սերունդներին: Արուեստասէր բարերար Յովիկ Քիւրքճեանի հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» սրահի հրաւէրով այս տարի ես հիւրընկալուեցի Պէյրութ, Լիբանան եւ ներկայացրի «Գոյներ Հայաստանից» նկարներիս հաւաքածոն: Կարծում եմ` այն մեծ հետաքրքրութեան արժանացաւ: Ի հարկէ, կ՛ուզեմ առիթից օգտուել եւ շնորհակալութիւն յայտնել տիկին Լիւսի Թիւթիւնճեանին` այս գեղեցիկ արուեստի կեդրոնը հիմնադրելու համար, որն իր շուրջն է հաւաքում գեղեցիկի գաղափարով ապրող մարդկանց:
Եւ ինչպէս կարող եմ չնշել Համազգայինի կեդրոնի այն նուիրեալ անձնակազմին, ազնիւ եւ իրենց գործին նուիրուած մարդկանց, ի դէմս Յակոբ Հաւաթեանի, ովքեր ուժ եւ եռանդ չեն խնայում իրենց աշխատանքում: Իւրաքանչիւր նկարիչ կամ ստեղծագործող էլ, իր կողքը նման նուիրուած եւ պատրաստակամ մարդիկ տեսնելով, անշուշտ ուրախ եւ ինքնավստահ պիտի զգայ:
Ռազմիկ Պերթիզեան, գեղանկարիչ, Լիբանան.– Մեր ապրած կեանքի ձեւը այնպիսին է, որ ստեղծագործող մարդիկ կտրուած են իրարմէ, իրարու հանդիպելու քիչ տեղեր եւ առիթներ կան: Այդ առումով ցուցասրահը լաւագոյն տեղերէն մէկն է` իրարու հանդիպելու, զրուցելու, նորութիւններով եւ ստեղծագործական միտքերով կիսուելու: Ցուցասրահը նորութիւն եւ նրբագոյն շունչ բերած է մեր գաղութին, ուր կը տիրէ ձանձրոյթը: Միջավայր ստեղծելու առումով նախ շատ կարեւոր կը նկատեմ այս սրահին գոյութիւնը:
Ուրախ եմ, որ ես ալ անհատական ցուցահանդէս ունեցայ այստեղ, սրահը ընձեռնեց իւրովի ներկայանալու, մարդոց հետ իւրովի շփուելու հնարաւորութիւն, ինչին իբրեւ արդիւնք` զգացի, որ գնահատուած եմ: Եւ, տեսնելով արուեստասէրի հետաքրքրութիւնը պատմական նիւթերու հանդէպ, որոնք իմ գործերուս մէջ կան, ատիկա ինծի ձեւով մը կը պարտաւորեցնէ, որ ես շարունակեմ այս նիւթը, ստեղծագործեմ մեր պատմութեան կարեւորագոյն դրուագներուն շուրջ:
Ուրախալի է տեսնել յատկապէս լիբանանեան լրատուամիջոցներու ներկայութիւնը, որոնք բացումի կամ հետագայ օրերուն անպայման կ՛ադրադառնան ցուցահանդէսներուն:
Գրիգոր Ակոբեան, գեղանկարիչ, Քանատա.- «Ես անկեղծօրէն զարմացած եմ, թէ ինչպիսի լաւ ցուցահանդէս կրնայ կազմակերպել «Լիւսի Թիւթիւնճեան» սրահը` սկսած հրաւիրատոմսերէն, ծանուցումներէն, պատկերագիրքէն, հաղորդագրութիւններէն, որոնք ոչ միայն հայկական շրջանակներուն կ՛ուղղուէին, այլ նաեւ` օտարներուն:
Իմ շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ տնօրէնութեան:
Իբրեւ արուեստի սրահ, ես կը կարծեմ, որ պատերը կրնային աւելի պարզ ըլլալ, առանց ձեւաւորման, եւ սրահը քիչ մըն ալ աւելի լուսաւորման կարիք ունի:
Ինչ կը վերաբերի իմ ցուցհանդէսիս, ապա անիկա իմ սպասելիքներէն աւելի լաւ էր… Կրկին շնորհակալութիւն:
Զէյնա Պըտրան, գեղանկարչուհի, Լիբանան.- «Ուրախ եմ, որ առիթը ունիմ արտայայտելու իմ երախտագիտութիւնս եւ յարգանքս` հայ ժողովրդին եւ հայ գաղութին եւ ի մասնաւորի նաեւ` Համազգայինին եւ Լիւսի Թիւթիւնճեանին: Յուսամ` այս ցուցասրահը շատ բարերար ազդեցութիւն ունեցաւ լիբանանեան մշակութային կեանքին մէջ եւ օգնեց, որ ի յայտ գան տաղանդաւորները եւ բացայայտուին նաեւ լիբանանեան եւ հայկական ար-ւեստի աւանդոյթները: Միեւնոյն ժամանակ ծանօթացնել արուեստը` ընկերութեան, համայնքին, որ իմ կարծիքովս շատ սուրբ առաքելութիւն մըն է: Կը կարծեմ, որ ցուցասրահը կրցաւ իրագործել այս մէկը եւ հասնիլ իր նպատակներուն: Ինծի համար պատիւ էր ցուցադրուիլ այս սրահին մէջ: Կը մաղթեմ յառաջընթաց` եկողներուն»:
Միրէյ Կոկիկեան, գեղանկարչուհի, Լիբանան.- «Ցուցասրահ ունենալու գաղափարը շատ լաւ է, բացումի օրերը առիթներ են, որ մենք յարաբերինք հայկական գաղութին հետ: Կը կարծեմ` պէտք էր աւելի առաջ բացուած ըլլար ցուցասրահը, թերեւս այն ատեն, երբ բացուեցաւ «Թորոս Ռոսլին» դպրոցը, ձեւով մը շարունակութիւն կ՛ըլլար` կը ցուցադրուէին երիտասարդներու եւ պատանիներու գործերը եւ կը քաջալերէին զանոնք»:
Ցուցասրահին մէջ պէտք է ոչ միայն հայ գծագրիչներ ներկայացուին, այլ նաեւ` լիբանանցի եւ օտար, եւ պէտք է ցուցասրահը նպաստէ իրարու հետ համագործակցութեան: Կ՛ուզեմ, որ ցուցասրահը նպաստէ, որ մենք մեր արուեստը տանինք Հայաստան եւ ծանօթացնենք այնտեղի արուեստասէրին: Ինչպէս նաեւ մեր ցուցասրահը պէտք է նաեւ նախաձեռնէ եւ այցելէ լիբանանեան այլ ցուցասրահներ, գնէ արժէքաւոր գործեր եւ ունենայ իր մշտական հաւաքածոյին մէջ: Կը նախընտրեմ, որ ցուցասրահին մէջ ոչ միայն ցուցահանդէսներ ըլլան, այլ նաեւ` գիրքերու, պատկերագիրքերու վաճառք, այնպէս` ինչպէս կ՛ըլլան այլ ցուցասրահներու մէջ: Կ՛առաջարկեմ, որ մինչեւ հիմա ցուցադրուած արուեստագէտներուն գործերը հրատարակուէին առանձին գիրքով, որպէսզի նաեւ այս ձեւով պատկերացում ըլլայ մինչ հիմա բացուած ցուցահանդէսներուն մասին, ինչպէս նաեւ ատիկա քաջալերանք ըլլայ նկարիչներուն:
Մեզի` ցուցահանդէս ունեցողներուս համար շատ կարեւոր են պատկերագիրքերը, որոնք արուեստի շահը կը պաշտպանեն: Եւ անշուշտ կ՛ուզեմ այս առիթով իմ շնորհակալութիւններս յայտնել, թէ՛ տնօրէնութեան եւ վարչութեան, որ ամէն կերպ կը ջանայ գոհ ձգել բոլորը` թէ՛ արուեստագէտներուն, թէ՛ այցելուներուն եւ ի հարկէ` շնորհակալութիւն նաեւ Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններուն` քաջալերելու համար արուեստն ու մշակոյթը:
Լաւրենտի Աղասեան, գեղանկարիչ, Հայաստան-Լիբանան.- Տարիներ առաջ, երբ ես շփւում էի Լիբանանի արուեստագէտների հետ, հայկական միջավայրում արուեստի ցուցասրահ ունենալու մեծ ցանկութիւն կար: Անշուշտ ցուցասրահներ եղել են, բայց դրանք միջավայր ստեղծելու առաքելութիւն չունէին, այլ` զուտ առեւտրական նպատակ էին հետապնդում: Եւ ահա, վերջապէս, ստեղծուեց հրաշալի սրահով ցուցասրահ` ի պատիւ Լիւսի Թիւթիւնճեանի: Հրաշալի որոշում կայացրեց Համազգայինի վարչութիւնը:
Այժմ հայ համայնքը ունի եւս մէկ մշակութային օճախ, որտեղ կազմակերպւում են բազմաբովանդակ ցուցահանդէսներ: Կեցցէ՛ք:
Ես ինքս 2010 թուականին ցուցահանդէս ունեցայ այդ ցուցասրահում: Ես ինձ զգում էի հարազատ մթնոլորտում եւ հաճելի էին շփումները ցուցասրահի վարչութեան ներկայացուցիչների հետ: Այս ցուցասրահի հասցէին հնչում են նաեւ ոչ հայկական համայնքների արուեստագէտների գովեստի խօսքերը` մշտապէս շեշտելով ցուցասրահի դերը, ոչ միայն հայ համայնքի, այլ ամբողջ երկրի մշակութային կեանքում:
Յարութ
իւն Թորոսեան, գեղանկարիչ, Լիբանան-Ֆրանսա.- Հրաշալի սրահ մըն է, կը շնորհաւորեմ, մինչեւ հիմա արժէքաւոր ցուցահանդէսներ եղած են, յուսամ ասկէ ետք ալ արժէքաւոր կ՛ըլլան, նոր գործեր, նոր ծրագրեր կը ներկայացնեն իսկ մեզի` արուեստագէտներուս համար հարազատ տեղ մը եղաւ, որ հաւաքուինք, ծանօթանանք միւսներու գործերուն, քննարկենք, լաւն ու վատը մատնանշենք, ինչ որ շատ կարեւոր է միջավայր ունենալու առումով: Այս սրահը միջավայր ստեղծեց երկու տարուան մէջ:
Զաւէն Խտըշեան, քանդակագործ, Լիբանան.- Հիմա ինչ որ պիտի ըսեմ, ընթերցողին քիչ մը չափազանցութիւն պիտի թուի, սակայն եթէ խօսքը արուեստի մասին է, չափազանցուած չէ, ես վստահ եմ, որ նկարիչին ու անոր գործերուն վերաբերող ոչինչ չափազանցուած պէտք չէ ըլլայ, քանի որ աւելորդ քաջալերանքը կը խորտակէ զայն:
Բայց իմ ըսածս կը վերաբերի Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահին եւ աւելորդութիւն չէ:
Շնորհակալութիւն Համազգայինին, որ նման քայլ մը առած է, ասիկա բարերարութիւն չէ, ոչ ալ նուիրատուութիւն է, ասիկա իր տեսակին մէջ շատ իւրայատուկ քայլ մըն է: Երկու տարուան ընթացքին բաւականին մեծ շարժում ստեղծեց ցուցասրահը, գեղարուեստական միջավայր ձեւաւորեց, կարծես հաւաքուելու տեղ չկար, եւ ասիկա դարձաւ արուեստագէտներու հաւաքատեղին: Ուրիշ ցուցասրահներու մէջ նկարներ կը դիտենք եւ կ՛երթանք, այստեղ այդպէս չէ, բացումէն ետք ոչ ոք կը շտապէ տուն երթալ, մէկ-երկու ժամ տակաւին կը մնայ, կը խօսի, կը քննարկէ: Ցուցասրահի ներքին յարդարումը, ձեւաւորումը, պատերը շատ կատարեալ են, դուրսի ու ներսի փեղկերը իւրայատկութիւն կը հաղորդեն… Այս ցուցասրահը միշտ կը համեմատեմ Փարիզի ցուցասրահներուն հետ: Ես շրջած եմ Փարիզի բոլոր ցուցասրահները եւ, հաւատացէ՛ք, մեր այս ցուցասրահին պէս մէկ կամ երկու ցուցասրահ տեսած եմ միայն: Մեր ժողովուրդն ու Համազգայինը պէտք է ինքզինք շատ հպարտ զգան, որ նման ցուցասրահ ունինք, որ ուրիշներ չունին: Շատեր կ՛ըսեն` երանի տասը տարի առաջ ըլլար, բայց ես այդ կարծիքին չեմ, կը կարծեմ` ճիշդ ժամանակն է, հիմա է, որ գաղութը պէտք ունի, հիմա է, որ արուեստի դերակատարութիւնը պակսած է, եւ ցուցասրահը եկած է ձեւով մը լրացնելու ատիկա: Հիմա մշակութային կեանքը աւելի տկար է, քան այն ժամանակ, երբ որ ցուցասրահ բացուելու մասին կը խօսուէր:
Կը շնորհաւորեմ բոլորը, ինչ թափով որ սկսան, նոյն թափով ալ պէտք է շարունակել:
Հրայր, գեղանկարիչ, Լիբանան.- Լիւսի Թիւթիւնճեանը եղած է իմ գործերուս առաջին քաջալերողներէն մէկը եւ նաեւ շատ շատերը քաջալերած է, ինք ամէն հայկական ձեռնարկները կը քաջալերէ եւ ուրախ ենք, որ այս ցուցասրահի հիմնադրման քաջալերողն ու բարերարն ալ ինք եղած է: Ես նոր ցուցահանդէս ունեցայ եւ հիացած եմ ցուցասրահի ճիշդ կազմակերպչական աշխատանքներուն վրայ: Զգացի հոս ինչպէս իմ ընտանիքիս մէջ: Շատ գեղեցիկ ցուցասրահ մըն է, նման է ամերիկեան եւ եւրոպական սրահներուն, միայն լաւ կ՛ըլլար, որ պատերը մէկ կտոր ըլլային, երեւցող սիւները չըլլային: Մնացած ամէն ինչը շատ լաւ է: Կը շնորհաւորեմ երկրորդ տարեդարձը եւ երկար տարիներ կը մաղթեմ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» սրահին:
ԵՐԿՈՒ ՏԱՐՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍՆԵՐ1.- Կիւվտէր, 12 նոյեմբերէն 3 դեկտեմբեր 2009
2.- Ժիլպեր Հաժ, 7 դեկտեմբերէն 14 դեկտեմբեր 2009
3.- Միսաք Թերզեան, Զէյնա Պատրան, Էտկար Մազիճի, Ժաքլին Օհանեան հաւաքական ցուցահանդէս, 17 դեկտեմբեր 2009-էն 18 յունուար 2010
4.- Արփի Վարդանեան, Սեդա Պեքարեան, Անի Քիւրքճեան, Հրայր Այնթեպլեան հաւաքական ցուցահանդէս, 21 յունուարէն 20 փետրուար 2010
5.- Գրիգոր Նորիկեան, 25 փետրուարէն 15 մարտ 2010
6.- Ժանեթ Եափուճեան, Ռիթա Ետալեան, Կարինէ Եփրեմեան, Տարիա Խտըշեան, 18 մարտէն 5 ապրիլ 2010 (Թորոս Ռոսլին ակադեմիայի ուսուցիչներու հաւաքական ցուցահանդէս)
7.- Զաւէն եւ Տարիա Խտըշեան, 8 ապրիլէն 19 ապրիլ 2010
8.- Հաւաքական ցուցահանդէս` մասնակցութեամբ հայ եւ արաբ 28 արուեստագէտներու, 22 ապրիլէն 10 մայիս 2010` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան
9.- Յարութիւն Թորոսեան, 13 մայիսէն 5 յունիս 2010
10.- Ռազմիկ Պերթիզեան, 10 յունիսէն 30 յունիս 2010
11.- Ռատմիլա Իվոս Պէօյիւքեան, 14 հոկտեմբերէն 24 հոկտեմբեր 2010
12.- Լավրենտի Աղասեան, 11 նոյեմբերէն 6 դեկտեմբեր 2010
13.- Շողիկ եւ Գէորգ Ուլաշեաններ, 13 յունուարէն 23 յունուար 2011
14.- Սիրվարդ Ֆազլեան, 2 փետրուարէն 14 փետրուար 2011
15.- Միսաք Թերզեան, 17 մարտէն 31 մարտ 2011
16.- Գրիգոր Ակոբեան, 14 ապրիլէն 28 ապրիլ 2011
17.- Լիւսի Թիւթիւնճեան, 5 մայիսէն 17 մայիս 2011
18.- Միրէյ Կոկիկեան, 19 մայիսէն 30 մայիս 2011
19.- Արեւ Պետրոսեան, 9 յունիսէն 25 յունիս 2011
20.- Աննա Շահնազարեան, 3 սեպտեմբերէն 16 սեպտեմբեր 2011
21.- Հրայր, 20 հոկտեմբերէն 7 նոյեմբեր 2011
22.- Կակօ, 17 նոյեմբերէն 5 դեկտեմբեր 2011
Պատրաստեց` ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

