ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ 80-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ . 80 ՏԱՐՈՒԱՆ ԿԵԱՆՔ, 80 ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՐՈՒՍՏ ԲԵՐՔ

80 տա­րի­ներ շա­րու­նակ հա­յու­թեան գրա­դա­րա­նը իր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով հարս­տա­ցու­ցած, մա­նու­կին, պա­տանի­ին, երի­տա­սար­դին թէ երէ­ցին սե­ղա­նին վրայ հայ գիր­քի բուր­գեր զե­տե­ղած, հա­յա­կերտ­ման ու հայ գի­րի պահ­պան­ման եւ տա­րած­ման իմաս­տով մեծ ու ու­րոյն դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­տա­րակ­չա­կա­նը ուր­բաթ, 4 նո­յեմ­բե­րի երե­կոյ­եան, «Մեթ­րո­փո­լի­թըն» պան­դո­կին մէջ նշեց իր հիմ­նադ­րու­թեան 80-ամ­եա­կը` յա­տուկ ճաշ­կե­րոյթ-ընթ­րի­քով մը, որ կը վա­յե­լէր Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Արամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սին հո­վա­նա­ւո­րու­թիւնը:

Լի­բա­նա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի քայ­լերգ­նե­րու ունկնդ­րու­թե­նէն ետք ներ­կա­նե­րուն բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց եւ անոնց մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Մա­րալ Գա­լեմ­քեր­եան:

Ապա ներ­կա­նե­րը դի­տե­ցին Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­տա­րակ­չա­կա­նի 80-ամ­եայ բե­ղուն, հա­րուստ եւ ար­դիւ­նա­բեր եր­թը, անոր ըն­թաց­քին իրենց ներդ­րու­մը ու­նե­ցած ան­ձե­րուն անձն­ուի­րու­թիւնը, հրա­տա­րակ­չա­կա­նի տպագ­րա­կան սար­քե­րու արդ­ի­ա­կա­նաց­ման ըն­թաց­քին եւ հոն­կէ ծնունդ առած գիր­քե­րու «տո­ղանց­քը» ներ­կա­յաց­նող վա­ւե­րագ­րա­կան տե­սե­րիզ մը:

Ապա Յաս­միկ Գաս­պար­եան դաշ­նա­կի, իսկ Գա­րուն Ղա­զար­եան ջու­թա­կի վրայ երաժշ­տա­կան կտոր­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին:

Լի­բա­նա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Աշոտ Քո­չար­եան այս առի­թով շնոր­հա­ւո­րեց 80-ամ­եայ հրա­տա­րակ­չա­տու­նը` մաղ­թե­լով ուժ, եռանդ ու նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ իր նուի­րա­կան առա­քե­լու­թեան մէջ: Ապա ան յա­ջոր­դա­բար կար­դաց Հա­յաս­տա­նի սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նուշ Յա­կոբ­եա­նի եւ մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղոս­եա­նի շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղերձ­նե­րը, ուր անոնք վեր կ՛առ­նէ­ին 80 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­տա­րակ­չա­տան ու­նե­ցած անգ­նա­հա­տե­լի ներդ­րու­մը հայ գի­րի, գրա­կա­նու­թեան եւ մշա­կոյ­թի տա­րած­ման իմաս­տով: Անոնք կը հաս­տա­տէ­ին, որ այս կա­ռոյ­ցը իր ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէ­ու­թեամբ նուի­րու­մի եւ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան, հա­յա­պահ­պան­ման եւ հայ մշա­կոյ­թի փո­խանց­ման օրի­նակ է, որով­հե­տեւ պա­հած ու տա­րա­ծած է հայ գի­րը, գրա­կա­նու­թիւնն ու լե­զուն:

Ապա Ար­մէն Ապ­տալ­եան կար­դաց Հա­յաս­տա­նի Հրա­տա­րա­կիչ­նե­րու ազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թեան յա­տուկ գի­րը, որուն մէջ ըն­կե­րակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Մկրտիչ Կա­րա­պետ­եան կը յայտ­նէր, որ Հա­մազ­գա­յի­նի «Վա­հէ Սէ­թեան» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը դար­ձաւ այս կա­ռոյ­ցի ան­դամ:

Ապա խօսք առաւ Հա­մազ­գա­յի­նի «Վա­հէ Սէ­թ­եան» տպա­րա­նի տնօ­րէն Յա­կոբ Հա­ւա­թեան, որ դի­տել տուաւ, թէ հայ դպրո­ցին, հայ գի­րին ու գրա­կա­նու­թեան, հայ մա­մու­լին, հայ մշա­կոյ­թին, հայ եկե­ղեց­ւոյ եւ մեր հո­գեմ­տա­ւոր բո­լոր ար­ժէք­նե­րուն հան­դէպ ցու­ցա­բեր­ուած գուր­գու­րանքն ու հո­գա­ծու­թիւնը այս օրե­րուն բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րէ աւե­լի պար­տա­ւո­րեց­նող հան­գա­մանք­ներ են, որոնց նկատ­մամբ պէտք է ազ­գո­վին ցու­ցա­բե­րենք ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թիւն: Բայց եւ այն­պէս ան անդ­րա­դար­ձաւ այն իրո­ղու­թեան, որ ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն ար­ժէ­քա­յին ամ­բողջ հա­մա­կարգ մը կը դի­մագ­րա­ւէ մեծ մար­տահ­րա­ւէր­ներ, անի­մաստ եւ մա­կե­րե­սա­յին գոր­ծօն­ներ ար­գելք կը հան­դի­սա­նան հայ կեան­քի աւե­լի ար­դիւ­նա­ւոր ու հե­զա­սահ ճա­ռա­գայ­թու­մին: Ուս­տի, նշեց ան, մեր ճի­գե­րը կրկնա­պատ­կե­լու հար­կադ­րան­քին տակ կը գտնուինք ազ­գո­վին, որով­հե­տեւ օրէ օր մեր ժո­ղո­վուր­դի սպա­սում­ներն ու ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը կը բազ­մա­նան, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ հրա­տապ խնդիր­նե­րուն լուծ­ման մի­ջոց­ներ որո­նել եւ հա­մա­պա­տաս­խան քայ­լեր առ­նել:

«Լի­բա­նա­նա­հայ գա­ղու­թը է՛ ու կը մնայ բո­լո­րին ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէտն ու առանց­քը: Մեծ են այս գա­ղու­թէն բո­լո­րին սպա­սե­լիք­նե­րը եւ այս գա­ղու­թի ամ­բող­ջա­կան նե­րու­ժի օգ­տա­գոր­ծու­մը հրա­մա­յա­կան խնդիր է այ­սօր ո՛չ միայն այս գա­ղու­թի ապա­գայ եր­թը հու­նա­ւո­րե­լու հա­մար, այլ` հա­մա­հայ­կա­կան օրա­կար­գե­րու հան­դէպ ընդ­հա­նուր եւ վճռա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեան առու­մով:

«Այս մտո­րում­նե­րով եւ առա­ջադ­րանք­նե­րու գի­տակ­ցու­թեամբ այ­սօր կը նշենք 80 տա­րի­նե­րու կեն­սա­փորձ նուա­ճած ու իր դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը շա­րու­նա­կող Հա­մազ­գա­յի­նի «Վա­հէ Սէ­թեան» հրա­տա­րակ­չա­տան հիմ­նադ­րու­թեան տա­րե­դար­ձը` քաջ հա­մոզ­ուած, որ մեր նպա­տակ­նե­րը նուի­րա­կան են, գոր­ծը կեն­սա­կան է եւ ար­դիւն­քը նպաս­տող է բո­լո­րին: Հե­տե­ւա­բար ձեր բո­լո­րին ներ­կա­յու­թեամբ կու գանք վե­րա­նո­րո­գե­լու մեր յանձ­նա­ռու­թիւնը` ըն­դար­ձա­կե­լու գոր­ծը, վստա­հե­լով ձեր բո­լո­րին ան­վե­րա­պահ զօ­րակ­ցու­թեան եւ աջակ­ցու­թեան: Կը մնանք հա­ւա­տա­րիմ անց­նող 80 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին այս հաս­տա­տու­թեան վե­րել­քին ու ճա­ռա­գայ­թու­մին մէջ իրենց վճռո­րոշ դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը ու­նե­ցած սե­րունդ­նե­րու վաս­տա­կին, ըլ­լան անոնք մտա­ւո­րա­կան, վար­չա­կան ու նուի­րա­տու», հաս­տա­տեց Յա­կոբ Հա­ւա­թեան:

Իր խօս­քը եզ­րա­փա­կե­լով ան ըսաւ. «Բո­լո­րին իսկ հաս­տա­տու­մով Հա­մազ­գա­յի­նը մեծ կազ­մա­կեր­պու­թիւն է, հա­յոց պատ­մու­թեան վրայ իր դրոշ­մը դրած ու իր առա­քե­լու­թիւնը հաս­տատ քայ­լե­րով շա­րու­նա­կող այս մշա­կու­թա­յին եւ կրթա­կան մեծ կազ­մա­կեր­պու­թիւնը ու­նի տա­կա­ւին վիթ­խա­րի գործ կա­տա­րե­լիք: Հպարտ ենք, որ այդ գոր­ծին ծա­ռա­ներն ենք բո­լորս»:

Ապա խօսք առաւ Հա­մազ­գա­յի­նի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ատե­նա­պետ Վա­չէ Փա­փազ­եան, որ անդ­րա­դար­ձաւ ներ­կայ դրու­թեամբ հայ­կա­կան կեան­քին, հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նին եւ հայ­կա­կան տար­բեր կա­ռոյց­նե­րուն դէմ ծա­գած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն եւ վտանգ­նե­րուն` հաս­տա­տե­լով, որ այս բո­լո­րը ցու­ցա­նիշ են այն իրո­ղու­թեան, որ սփիւռ­քը դժուար կա­ցու­թեան մէջ է: Բայց եւ այն­պէս Վ. Փա­փազ­եան դի­տել տուաւ, որ սփիւռ­քը ու­ժաս­պառ չէ, անի­կա ու­նի ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան, կրօ­նա­կան, ըն­կե­րա­յին, մշա­կու­թա­յին եւ երի­տա­սար­դա­կան կա­ռոյց­ներն ու վար­ժա­րա­նա­յին ցան­ցը, որոնք, հա­կա­ռակ առ­կայ դժուա­րու­թիւն­նե­րուն, կը շա­րու­նա­կեն գոր­ծել եւ իրենց խնդիր­նե­րուն լու­ծում­ներ փնտռել: Ան աւել­ցուց, որ թէ­եւ գո­յու­թեան պայ­քա­րը դժո­ւարա­ցած է, սա­կայն հա­յը գի­տէ եւ կա­րո­ղու­թիւնը ու­նի այս բո­լո­րը շրջան­ցե­լու եւ յաղ­թա­նա­կի ու­ղին գտնե­լու:

«Ահա այս պա­րու­նա­կին մէջ է, որ կը տօ­նենք այ­սօր ութ­սու­նամ­եա­կը Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­տա­րակ­չա­կան կա­ռոյ­ցին: Այս պա­րու­նա­կին մէջ եւ այս առի­թով` բնա­կան կեր­պով մե­զի կու գայ այն մտա­ծու­մը, թէ մեր փառ­քը հիւ­սե­լու հա­մար չէ, որ կը տօ­նենք ութ­սու­նամ­եա­կը, թէ` ու­րի­շը կրնայ մեզ գո­վել, բայց մենք մեզ պի­տի չգո­վենք, թէ` այս առի­թով մենք ապա­գա­յին պէտք է նա­եւ, թէ` սփիւռ­քի դժուա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու ընդ­հա­նուր ռազ­մա­վա­րու­թեան մէջ մենք, որ­պէս Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­տա­րակ­չա­կան կա­ռոյց, մեր տե­ղը պէտք է ու­նե­նանք, մեր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը պի­տի ու­նե­նանք», նշեց Վ. Փա­փազ­եան:

Ան դի­տել տուաւ, որ այս առի­թով խոս­տում­ներ պի­տի չտան, այլ հարց պէտք է տալ, եթէ տար­ուած աշ­խա­տան­քը բա­ւա­րա՞ր է, յատ­կա­պէս սփիւռ­քի ներ­կայ կա­ցու­թեան մէջ:

«Իրա­ւամբ, շատ աւե­լի մեծ թա­փով պէտք է աշ­խա­տի մեր հրա­տա­րակ­չա­կան կա­ռոյ­ցը: Աւե­լի մեծ թա­փով եւ աւե­լի ու­սում­նա­սիր­ուած ձե­ւով պէտք է հրա­տա­րակ­ուին հայ գիր­քը եւ ի մաս­նա­ւո­րի` դա­սա­գիր­քը: Աւե­լի մեծ տա­րա­ծում պէտք է ու­նե­նայ հայ գիր­քը: Տպա­րան­ներ եւ ցու­ցաս­րահ­ներ պէտք է հաս­տատ­ուին նա­եւ ա՛յլ գա­ղութ­նե­րու մէջ: Գա­ղա­փար­ներ են ասոնք եւ ոչ` յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րը: Որ­պէս­զի վե­րած­ուին յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րու, անհ­րա­ժեշտ է գտնել զա­նոնք իրա­կա­նաց­նե­լու մի­ջոց­նե­րը: Ան­գամ մը եւս մենք մեզ կը գտնենք նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րու ան­բա­ւա­րա­րու­թեան հար­ցին դի­մաց: Պէտք է անդ­րա­դառ­նալ սա­կայն, որ այս դժուա­րու­թիւնը կա­րե­լի՛ է շրջան­ցել: Սփիւռ­քը տէր է նիւ­թա­կան բա­ւա­կան մեծ ու­ժի: Նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րու ան­բա­ւա­րա­րու­թեան հար­ցը կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ շրջան­ցել, երբ ձեռք-ձեռ­քի տան սփիւռ­քի կազ­մա­կեր­պա­կան ու­ժը եւ նիւ­թա­կան ու­ժը», դի­տել տուաւ ան:

Վ. Փա­փազ­եա­նի ըսաւ, որ լի­բա­նա­նա­հա­յու­թիւնը` այս հո­յա­կապ գա­ղու­թը, փաս­տած է բազ­միցս, որ հա­կա­ռակ իր ստա­ցած մեծ հար­ուած­նե­րուն` ի վի­ճա­կի է փիւ­նի­կի նման կրկին ոտ­քի կանգ­նե­լու եւ գտնե­լու իր յաղ­թա­նա­կի ու­ղին: Իր խօս­քը աւար­տե­լով ան կոչ ուղ­ղեց բո­լո­րին` յա­ջողց­նե­լու սերտ գոր­ծակ­ցու­թիւնը սփիւռ­քի կազ­մա­կեր­պա­կան եւ նիւ­թա­կան ու­ժե­րուն մի­ջեւ, որ­դեգ­րել հա­մընդ­հա­նուր գոր­ծակ­ցու­թեան եւ միու­թեան ու­ղի, վստա­հիլ երի­տա­սար­դու­թեան, լծուիլ ռազ­մա­վա­րա­կան հիմ­նա­կան վե­րա­նա­յու­մի գոր­ծին եւ պատ­րաստ­ուիլ յաղ­թա­հա­րե­լու սփիւռ­քա­հա­յու­թեան դի­մաց ցցուող այ­ժու դժուա­րու­թիւն­նե­րը:

Հայ գի­րի, գրա­կա­նու­թեան եւ մշա­կոյ­թին նկատ­մամբ իրենց ու­նե­ցած մեծ ներդ­րու­մին հա­մար Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­տա­րակ­չա­տան 80-ամ­եա­կին առի­թով յու­շան­ուէր­ներ յանձն­ուե­ցան «Գ. Կիւլ­պէնկ­եան» հիմ­նար­կի հայ­կա­կան բա­ժան­մուն­քին, Մարդ­կա­յին պա­շար­նե­րու «Փիւ­նիկ» հիմ­նադ­րա­մին եւ Սէ­թեան ըն­տա­նի­քին, որոնք կը ներ­կա­յաց­նէ­ին Ժի­րայր Դանի­էլ­եան, Նա­րեկ արք. Ալէ­­մեզ­եան եւ Մայ­տա Սէ­թեան:

Եզ­րա­փա­կիչ խօս­քը ար­տա­սա­նեց Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Արամ Ա. կա­թո­ղի­կոս, որ շեշ­տե­լով լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան ու­նե­ցած մեծ ու հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը` սփիւռ­քի կեան­քին մէջ, դի­տել տուաւ, որ Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­տա­րակ­չա­տան նման կա­ռոյց­նե­րու կա­տա­րած աշ­խա­տան­քը խիստ կա­րե­ւոր է լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան այս հան­գա­ման­քը ըստ ար­ժան­ւոյն պահ­պա­նե­լու առու­մով:

Ան յա­տուկ կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ Հա­մազ­գա­յի­նի տար­բեր կա­ռոյց­նե­րուն եւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող յա­րա­բե­րու­թեան, որ մնա­յուն զար­գաց­ման մէջ է, «որով­հե­տեւ բո­լորս ալ կը հա­ւա­տանք սփիւռ­քի իրա­կա­նու­թեան մէջ կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին ու ազ­գա­յին առա­քե­լու­թեան վճռա­կան կա­րե­ւո­րու­թեան»:

«Ես կը հա­ւա­տամ, որ խօ­սիլ «Վա­հէ Սէ­թեան» հրա­տա­րակ­չա­տան մա­սին` կը նշա­նա­կէ խօ­սիլ Հա­մազ­գա­յի­նի մա­սին եւ` փո­խա­դար­ձա­բար, որով­հե­տեւ այս տպա­րա­նը Հա­մազ­գա­յի­նի ամէ­նէն կեն­սու­նակ կա­ռոյց­նե­րէն մէ­կը դար­ձաւ, Հա­մազ­գա­յի­նի մշա­կու­թա­յին ու կրթա­կան ինք­նա­հաս­կա­ցո­ղու­թեան, ինք­նա­ար­տա­յայ­տու­թեան ամէ­նէն վա­ւե­րա­կան ճամ­բա­նե­րէն մէ­կը դար­ձաւ ան: Հա­մազ­գա­յի­նի առա­քե­լու­թիւնը ծա­նօթ է բո­լո­րիս` սփիւռ­քի կեան­քին մէջ: Սփիւռ­քի մեր բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը, ճիշդ է, նիւ­թա­պէս ինք­նա­բաւ եր­բեք չեն եղած եւ թե­րեւս պի­տի չըլ­լան, սա­կայն մեր բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը եւ ամ­բողջ սփիւռ­քը միշտ ալ եղան ինք­նավս­տահ. ոչ ինք­նա­բաւ նիւ­թա­պէս, բայց ազ­գա­յին ոգիի, հա­ւատ­քի, յանձ­նա­ռու­թեան իմաս­տով` ինք­նավս­տահ, որով­հե­տեւ տե­սիլք մը մեր կա­ռոյց­նե­րը մղեց ծա­ռա­յու­թեան: Գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն մը ոտ­քի պա­հեց մեր բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը եւ զա­նոնք առաջ­նոր­դեց բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճա­նի նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ եւ նուիր­ուա­ծու­թեամբ ծա­ռա­յե­լու մեր ժո­ղո­վուր­դին», հաս­տա­տեց Արամ Ա. կա­թո­ղի­կոսը:

Ան դի­տել տուաւ, որ սփիւռ­քի մէջ պե­տու­թիւն չու­նե­նա­լով հան­դերձ` նիւ­թա­պէս եւ բա­րո­յա­պէս մե­զի նե­ցուկ կանգ­նող, ու­նե­ցանք պե­տու­թիւն մը` մեր կա­ռոյց­նե­րով եւ եկե­ղե­ցի­նե­րով, որոնց­մով կա­րո­ղա­ցանք մեր ժո­ղո­վուր­դը պա­հելը:

«Յա­ճախ ես կը յի­շեց­նեմ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն, Հա­յաս­տա­նի մէջ կամ դուր­սը, որ սփիւռ­քի մէջ հայ մնա­լը դիւ­րին չէր, որո­շու­մի հարց է, ինք­նավս­տա­հու­թեան հարց է, յանձ­նա­ռու­թեան հարց է, հա­ւատ­քի ու վճռա­կա­նու­թեան հարց է: մենք որո­շե­ցինք հայ մնալ, պա­տե­րազմ էր հայ մնա­լը, եւ մենք այդ պա­տե­րազ­մը հա­ւատ­քով, նուի­րու­մով, հա­ւա­քա­բար պա­տե­րազ­մե­ցանք` շնոր­հիւ մեր կա­ռոյց­նե­րուն եւ հայ մնա­ցինք: Այս պա­տե­րազ­մի յա­ռա­ջա­պահ զի­նուոր­նե­րէն մէ­կը եղաւ Հա­մազ­գա­յի­նը` իր տպա­րա­նով եւ այլ կա­ռոյց­նե­րով: Հա­մազ­գա­յի­նը ոգի փո­խան­ցեց, մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու նկատ­մամբ յանձ­նա­ռու­թիւն, նուիր­ուա­ծու­թիւն, կապ­ուա­ծու­թիւն փո­խան­ցեց նոր սե­րունդ­նե­րուն», հաս­տա­տեց Արամ Ա. կա­թո­ղի­կոս:

Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ կա­թո­ղի­կո­սը դի­տել տուաւ, որ Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­տա­րակ­չա­տու­նը սո­վո­րա­կան տպա­րան մը չե­ղաւ եւ սո­վո­րա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ լոյս չըն­ծայ­ուե­ցան հոն­կէ, այլ այդ գիր­քե­րու ճամ­բով ազ­գա­յին ոգին, հա­ւատ­քը, գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնը, նուի­րու­մը, տե­սիլ­քը` ամ­բող­ջա­կան հա­յու­թեան, ամ­բող­ջա­կան Հա­յաս­տա­նի, փո­խանց­ուե­ցան սե­րուն­դէ սե­րունդ: Ան նշեց, որ այս իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը պէտք է յի­շել ու յի­շեց­նել` սփիւռ­քի թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ: Վե­հա­փա­ռը հաս­տա­տեց, որ այս հա­ւա­քին ըն­թաց­քին տպա­րա­նէն անց­նե­լով Հա­մազ­գա­յի­նի, ապա աւե­լի ան­դին եր­թա­լով` լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի ուխտն է, որ կը կա­տա­րենք: Ան շեշ­տեց այս գա­ղու­թին կա­րե­ւո­րու­թիւնը, որով­հե­տեւ ամ­բողջ սփիւռ­քը իր հայ­եացք­նե­րը մնա­յուն կեր­պով ուղ­ղած է լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան:

«Մենք հսկայ պար­տա­ւո­րու­թեան մը դի­մաց ենք: Ուս­տի պէտք է վե­րա­նո­րո­գենք մեր ուխ­տը ոչ միայն լի­բա­նա­նա­հայ գա­ղու­թը վե­րա­կազ­մա­կեր­պե­լու` նոր կեն­սու­նա­կու­թիւն, աւիւն ջամ­բե­լով մեր կա­ռոյց­նե­րուն, մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին, այլ նա­եւ Լի­բա­նա­նի գա­ղու­թը աւե­լի հզօ­րաց­նե­լու` որ­պէս սիր­տը սփիւռ­քա­հա­յու­թեան, որով­հե­տեւ անոր դե­րը առանց­քա­յին է», հաս­տա­տեց ան:

Առ այդ, կա­թո­ղի­կո­սը կոչ ուղ­ղեց Լի­բա­նա­նի գա­ղու­թը վե­րա­ծե­լու օրի­նա­կե­լի դարձ­նե­լու` իր կա­ռոյց­նե­րով, որոնց օժան­դա­կե­լու պար­տա­կա­նու­թիւն պէտք է զգայ իւ­րա­քան­չիւր անձ, որով­հե­տեւ լի­բա­նա­նա­հա­յու­թիւնը կողմ­նա­ցոյցն է սփիւռ­քին: Ան յա­տուկ կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ նա­եւ սփիւռ­քի հզօ­րա­ցու­մով Հա­յաս­տա­նի հզօ­րաց­ման եւ` փո­խա­դար­ձա­բար:

«Բարձր գնա­հա­տանքս կը յայտ­նեմ Հա­մազ­գա­յի­նի մեծ ըն­տա­նի­քին, հրա­տա­րակ­չա­տան եւ բո­լոր կա­ռոյց­նե­րուն: Շա­րու­նա­կե­ցէ՛ք ձեր գոր­ծը, մշա­կոյթ մա­շեց­նող ներ­կայ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման աշ­խար­հին մէջ մենք կա­րիք ու­նինք այն­պի­սի կա­ռոյց­նե­րու, նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու, որոնք մեր կեան­քին մէջ մեր հո­գեմ­տա­ւոր ար­ժէք­նե­րը կը պա­հեն կեն­սու­նակ: Առանց անոնց` մենք պի­տի կորսնց­նենք մեր ինք­նա­հաս­կա­ցո­ղու­թիւնն ու ինք­նու­թիւնը իբ­րեւ հայ», եզ­րա­փա­կեց Արամ Ա. կա­թո­ղի­կոս:

80-ամ­եա­կին առի­թով կա­տար­ուե­ցան սրտա­բուխ նուի­րա­տուու­թիւն­ներ` Հա­մազ­գա­յի­նի «Վա­հէ Սէ­թեան» հրա­տա­րակ­չա­տան առա­քե­լու­թեան իբ­րեւ զօ­րակ­ցու­թիւն եւ նե­ցուկ:

Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES