100 ՏԱՃԻԿՆԵՐ ՌՈՒՍԻԱՅԷՆ ՊԻՏԻ ՎՏԱՐՈՒԻՆ
Ռուսիոյ Գաղթականներու դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Քոնսթանթին Ռոմոտանովսքի յայտնած է, որ Տաճիկիստանի շուրջ հարիւր քաղաքացիներ, որոնք նախապէս Ռուսիոյ տարածքին օրէնքի խախտումներ կատարած էին, պիտի արտաքսուին Ռուսիայէն:
«Ներկայ պահուն Գաղթականներու դաշնակցային ծառայութիւնը պատրաստ է Ռուսիոյ տարածքէն դուրս հանելու շուրջ հարիւր տաճիկ, որոնք օրէնքի խախտումներ կատարած էին: Բացի ատկէ, երէկ Մոսկուայի մէջ ձերբակալուած են Տաճիկիստանի 134 բնակիչներ, որոնք խախտած են Ռուսիոյ գաղթականական օրէնսդրութիւնը: Բացառուած չէ, որ անոնք վտարուին երկիրներէն», ըսած է Ռոմոտանովսքի:
Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ տաճիկ գաղթականներու վտարումը Մոսկուայի համարժէք պատասխանն է ռուս օդաչու Վլատիմիր Սատովնիչի դէմ արձակուած դատավճիռին: Մոսկուա երէկ խորհրդակցութիւններու համար Տաճիկիստանէն տուն կանչեց իր դեսպանը:
Մոսկուայի եւ Տուշանպէի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած էին այն բանէն ետք, երբ Տաճիկիստանի դատարանը 8 նոյեմբերին էսթոնիացի օդաչու Ալեքսէյ Ռուտենքոն եւ ռուս օդաչու Վլատիմիր Սատովնիչը արգելափակած էր 8.5 տարիով: Այս տարուան մարտին, դէպի Աֆղանիստան մարդասիրական օգնութիւն եւ սնունդ տեղափոխելու վերաբերեալ համաձայնութիւն կնքելով, օդանաւը ստիպողական էջք կատարած էր Քուրկան-Թիւհէ օդակայանին մէջ, որովհետեւ անոր վառելանիւթը վերջացած էր: Սակայն Տաճիկիստանի դատարանը օդաչուները մեղադրած է մաքսանենգութեան, սահմանը ապօրինի կերպով հատելու եւ թռիչքի կանոնները խախտելու յանցանքով:


