ՓՈՒԿԱՉՈՎ «ՖՐԱՆՍ ՍՈՒԱՐ» ՕՐԱԹԵՐԹԸ ԿԸ ՎԱՃԱՌԷ ՄԷԿ ԵՒՐՈՅՈՎ

Գործարար Ալեքսանտր Փուկաչով որոշած է վաճառել իրեն պատկանող «Ֆրանս Սուար» օրաթերթը: Գործարարը, որ 2009-ին գնած է օրաթերթը, յայտարարած է, որ օրաթերթը մէկ եւրոյով պիտի վաճառէ անոր, որ պիտի պարտաւորուի իր վրայ վերցնել անոր բոլոր պարտքերը:

Փուկաչով այս որոշումը տուած է օրաթերթի աշխատակիցներուն կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյցէն ետք, որուն մասնակցած է շուրջ 300 մարդ:

Վերջին շրջանին գործարարը լուրջ հարցեր ունէր օրաթերթի աշխատակազմին հետ: Ան կ՛ուզէր փակել օրաթերթի տպագիր տարբերակը` պահպանելով միայն «Ֆրանս Սուար»ի ելեկտրոնային տարբերակը: Սակայն աշխատակիցները դէմ են օրաթերթի սեփականատիրոջ այդ որոշումին, որովհետեւ կը վախնան, որ լրագրողներուն մեծ մասը առանց աշխատանքի մնայ:

«Ֆրանս Սուար», որ 20-րդ դարու կէսերուն Ֆրանսայի ամէնէն հեղինակաւոր օրաթերթերէն էր, այսօր կ՛աշխատի ամսական շուրջ մէկ միլիոն եւրօ վնասով եւ կը գտնուի սնանկ վիճակի մէջ: Դատարանը օրաթերթին թոյլատրած է քանի մը ամիս տուրքեր չվճարել:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES