ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՓՈԽԱՆՑԱԾ Է ԱՌԱՆՑ ՕԴԱՉՈՒԻ ԹՌՉՈՂ ՍԱՐՔԵՐ
Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը` վկայակոչելով իր սեփական աղբիւրները, կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ փոխանցած են «Փրիտէյթըր» տիպի անօդաչու թռչող սարքեր:
Ըստ «Թարաֆ»ի ունեցած տեղեկութիւններուն, ընթացիկ տարուան հոկտեմբերին Ինճիրլիք ռազմակայան բերուած են չորս անօդաչու սարքեր:
Օրաթերթը կը յիշեցնէ օրեր առաջ Քանի մէջ Քսաններու վեհաժողովի ծիրին մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը, որուն ընթացքին Էրտողան Օպամային ըսած էր. «Խոստացած էք, ուղարկեցէ՛ք երկու անօդաչու թռչող սարք»:
«Թարաֆ» ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն իրողութեան վրայ, որ անօդաչու թռչող սարքերը Թուրքիոյ մէջ յայտնուած են նախքան Օպամայի եւ Էրտողանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը:
CATEGORIES Միջազգային

