ՔՐԻՍԹԻԱՆՕ ՌՈՆԱԼՏՕ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԵՐԵՔ ՇԱԲԱԹ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ԴԱՇՏԵՐԷՆ
Ռէալ Մատրիտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուեցաւ (Սպանիոյ ախոյեանութիւն), աւելի քան երեք շաբաթ պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Մայրաքաղաքի կազմին հրապարակած հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ 26 տարեկան Ռոնալտօ պիտի բացակայի Չիլիի եւ Ֆինլանտայի դէմ Փորթուգալի կատարելիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումներէն: Ան պիտի բացակայի նաեւ յառաջիկայ 2 ապրիլին Սփորթինկ Խիխոնի (Սպանիոյ ախոյեանութիւն), ինչպէս նաեւ 5 ապրիլին Թոթենհամի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ Լիկ»ի քառորդ աւարտականի երթի մրցումէն:
CATEGORIES Մարզական