ԱՆԳԱՐԱ ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆԸ ՓՈԽԱՆԱԿԱԾ Է ՔԻՒՐՏ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ յայտարարած են, որ Անգարա Դամասկոսին յանձնած է սուրիացի բարձրաստիճան զինուորական Հիւսէյն Հարմուշը, որ ամիսներ առաջ Սուրիայէն փախուստ տուած էր եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններէն ապաստան խնդրած:
Իրաւապաշտպանները կը պնդեն, որ Հարմուշի դիմաց Դամասկոս Անգարային յանձնած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութենէն (ՔԱԿ) 9 զինեալներ:
Սուրիական բանակի սպան Թուրքիա փախած էր ընթացիկ տարուան յունիսին:
CATEGORIES Միջազգային

