ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր այսօր առաւօտեան պիտի մեկնի Գահիրէ` մասնակցելու համար Արաբական լիկայի արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Սուրիոյ իրադարձութիւնները:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ երէկ ենթարկուեցաւ սրտի երակներու խցման գործողութեան: Ան շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքով հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ իշխանութեան երեք պետերէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց երեսփոխան Ասաատ Հարտանը եւ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապը: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան տեղական իրադարձութիւնները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը` շարունակելով դէմ դնել ամէն տեսակի դաւադրութեանց:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ երկրին մէջ բարեկարգումները մէկ օրուան մէջ կարելի չէ իրագործել, յատկապէս երբ ամբողջ շրջանը կը դիմագրաւէ զգայուն փոփոխութիւններ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ դրուատեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին քայլերն ու անոր ազգային կեցուածքները: Ան շեշտեց, որ պէտք է վստահիլ եկեղեցւոյ` պահպանելու համար քրիստոնէական գոյութիւնը եւ կասեցնելու համար քրիստոնեաներուն դէմ դաւադրութիւնը:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Միջազգային դատական ատեանին կը մասնակցի բարեկամներու ընդմէջէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ընդդիմութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը կը պատրաստուի այցելելու Ուատի Խալետ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած է, որ կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերէն ոչ մէկը կը փափաքի որդեգրել համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան պարտականութիւնն է սուրիացի գաղթականները պատսպարելու համար հիմնել գաղթակայան մը եւ այդ առումով արաբական ու միջազգային օժանդակութիւն խնդրել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ հակառակ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին ստեղծելիք անպատեհութիւններուն, կառավարութիւնը պիտի որդեգրէ այդ օրէնքը:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ Փարիզի մէջ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին հետ ստորագրեց առողջապահութեան մարզին մէջ Լիբանան-Ֆրանսա երկկողմանի գործակցութեան նոր համաձայնագիր մը:
ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար զօր. Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ գործակալները եւ վարձկանները ընդհանրապէս կը մաքրագործուին իրենց պատասխանատուներուն կողմէ:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի կոչ ուղղեց որդեգրելու համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը, որովհետեւ անիկա արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ բոլորին համար եւ կը փարատէ փոքրամասնութիւններուն մտահոգութիւնները:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներ քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը պիտի չֆինանսաւորեն: Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ կառավարութիւնը պիտի չհրաժարի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աքրամ Շեհայեպ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ առեւանգուած սուրիացիներուն թղթածրարը լուրջ է եւ ոչ թէ շինծու, որովհետեւ նման վերացական թղթածրարի մը ստեղծումը ոչ մէկուն շահերուն կը ծառայէ:
ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորումին մասին կառավարութիւնը մինչեւ տարեվերջ յարմար լուծում մը պիտի տայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ լիբանանեան տարբեր շրջաններու միջեւ զէնքի մաքսանենգում կը կատարուի:
ԻՍԼԱՄ քարոզիչ շէյխ Աֆիֆ Նապուլսի Սայտայի «Սայիտաթ Զահրա» մզկիթին մէջ իր արտասանած ուրբաթ օրուան քարոզին մէջ շեշտեց, որ Իրանի դէմ հաւանական որեւէ հարուած փորձանքի պիտի վերածուի հարուածողներուն համար:
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին շեշտեցին, որ Միջազգային ընտանիքը կտրականապէս կը մերժէ Լիբանանի մէջ սուրիացի քաղաքացիներուն առեւանգումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իր կնոջ` երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի հետ մեկնեցաւ Ապու Տապի:
ՇԷՅԽ Ահմետ Քապալան կոչ ուղղեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն` ընդառաջելու Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն վերսկսելու հրաւէրին:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

