ԼԱ ՀԷՅԻ ՄԷՋ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵԱԼՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՏԱՐՈՒԵԼԻՔ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՁԵՒԸ ՔՆՆԱՐԿՈՂ ՆԻՍՏ

Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը երէկ Լա Հէյի մէջ կայացուց հրապարակային նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ամբաստանեալներուն բացակայութեան կատարուելիք դատավարութիւններուն ձեւն ու անոր վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Այս ծիրին մէջ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմարի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ ամբաստանեալները ի բացակայութեան դատավարութեան կանչելը վերջին լուծումն է եւ ոչ թէ լուծման առաջին ընտրանքը:

Իր կարգին, Միջազգային դատական ատեանի պաշտպան փաստաբաններու յանձնախումբի նախագահ Ֆրանսուա Ռու պահանջեց, որ Հըզպալլայի անդամներուն դէմ արձակուած ամբաստանութիւնները ջնջուին:

Միւս կողմէ, Միջազգային դատական ատեանի բանբեր Մարթին Եուսեֆ, նախքան երէկուան նիստին սկսիլը, յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու առումով Լիբանանի կառավարութեան կատարելիք նիւթական պարտաւորութեան ժամկէտը աւարտած է անցեալ հոկտեմբեր ամսուան վերջաւորութեան:

Share this Article
CATEGORIES