«ԻՐԱՆԻ ԿԱՄ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ՍԱՆՁԱԶԵՐԾՈՒԵԼԻՔ ՈՐԵՒԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԱՄԲՈՂՋ ՇՐՋԱՆԸ ՊԻՏԻ ՆԵՐԳՐԱՒԷ» ՇԵՇՏԵՑ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ

Սէյիտ Նասրալլա` իր պատկերասփռուած ճառին ընթացքին

«Նահատակի օր»ուան առիթով` երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Հարաւային արուարձաններու «Սէյիտ Շուհատա» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` կազմակերպութեամբ Հըզպալլայի:

Ձեռնարկին ընթացքին պատկերասփռուած ճառով մը հանդէս եկաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա, որ շեշտեց, որ Իրանի կամ Սուրիոյ դէմ հաւանական որեւէ պատերազմ պիտի տարածուի ամբողջ շրջանին վրայ:

«Ո՞վ կը համարձակի Իրանի դէմ պատերազմ սանձազերծել: Ամէն պարագայի, այսօր Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը հանդարտեցուց իր յայտարարութիւններուն թափը` շեշտելով, որ նման յայտարարութիւններ շրջանին մէջ կը լարեն մթնոլորտը: Ան ըսաւ նաեւ, որ Ծոցի երկիրներուն մէջ կը գտնուին ամերիկեան խարիսխներ ու ամերիկացի զինուորներ, եւ շրջանը կրնայ փոթորկիլ: Հետեւաբար անոնք պէտք է լաւ գիտնան եւ արդէն իսկ լաւ կ՛ըմբռնեն, թէ Իրանի կամ Սուրիոյ դէմ սանձազերծուելիք հաւանական որեւէ պատերազմ այդ երկիրներուն մէջ պիտի չսահմանափակուի, այլ` պիտի տարածուի ամբողջ շրջանին մէջ: Այսինքն` եթէ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմ մը բռնկեցնելու ծրագիր չկայ, ուրեմն աննախատեսելի է նաեւ, որ Լիբանանի դէմ մօտալուտ պատերազմ մը շղթայազերծուի», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Ան աւելցուց սակայն, որ պէտք է իմանալ, թէ Լիբանանի դէմ մօտալուտ պատերազմ մը չսանձազերծելու պատճառը Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու կամ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ մատուցուած ծառայութիւն մը կամ առատաձեռնութիւն մը չէ, «այլ` անոր պատճառը այն է, որ Լիբանան այլեւս տկար երկիր մը չէ, այլ` հզօր երկիր մը, որ իր բանակով, ժողովուրդով եւ Դիմադրութեամբ կարողութիւն ունի ինքզինք պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ նախայարձակ կողմը պարտութեան մատնելու: Աւելի՛ն. Լիբանան կը գտնուի այն կացութեան մէջ, որ ան կրնայ սեղանը դարձնել իրեն դէմ յարձակում գործողին գլխուն եւ սպառնալիքը վերածել իսկական առիթի», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը բոլոր յուսախաբ եղողներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ, որ «երբ Դիմադրութենէն կը պահանջէք զինաթափուիլ, ապա մեզմէ կը պահանջէք ըլլալ պախարակուած կողմ մը, որ իր փորձառութենէն ոչինչ սորված է: Այդպիսով դուք մեզմէ կը պահանջէք մեր երկրին եւ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը յանձնել պատմութեան ամէնէն տգեղ թշնամիին` Իսրայէլի: Հետեւաբար, նահատակներուն օրուան առիթով մենք կոչ կ՛ուղղենք կառչած մնալու Դիմադրութեան, բանակին եւ ժողովուրդին կամքին, որովհետեւ անիկա է զօրութեան եւ ուժի իսկական ազդակը», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Ան մաղթեց, որ լիբանանեան բանակը զանց առնուի լիբանանեան ներքին քաղաքական երկփեղկումէն, որովհետեւ բանակն է երկրին ապահովական կայունութեան երաշխիքը:

Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ըսաւ, որ այդ ատեանը հակասահմանադրական է, անոր վարուելակերպն ու անպարկեշտութիւնը բացայայտ են, եւ այս իրականութիւնը պէտք չկայ կրկնելու: «Սակայն անպարկեշտութեան գագաթնակէտը այն է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ֆինանսաւորումը կասեցնելու ամերիկեան որոշումէն ետք, Ճեֆրի Ֆելթման կը սպառնայ Լիբանանի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրել: Ամէն պարագայի, այս գայթակղութեան դիմաց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ամերիկեան վարչակազմին ներկայացուց ելք մը, որուն համաձայն, ան կոչ ուղղեց Արաբական լիկային, ինչպէս նաեւ արաբ իշխաններուն եւ թագաւորներուն, իսլամական եւ արեւմտեան երկիրներուն, որպէսզի ֆինանսաւորեն ատեանը», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ այդ ելքը թող օգտագործեն նաեւ հիմա եւ հեռու մնան վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն ու անոր կառավարութենէն:

Իր խօսքը ուղղելով բոլոր անոնց, որոնք իրենց հետապնդած թղթածրարները կը յետաձգեն` իրենց գրաւը դնելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմին տապալումին վրայ, սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց անոնց մէկդի դնելու այդ գրաւը, որովհետեւ անիկա պիտի ձախողի, ինչպէս եղած է իրենց մնացեալ բոլոր գրաւներուն պարագային:

Share this Article
CATEGORIES