ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ԴԷՄ ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔԻ ՍԿՍԱԾ ԵՆ

Ստորագրահաւաքին մասնակցած թուրք մը

Թրքական «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ մէջ գործունէութիւն ծաւալող Թուրք երիտասարդական միութիւնը Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ 2005-ին որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը չեղեալ նկատելու համար ստորագրահաւաքի սկսած է:

Թրքական նշեալ միութեան նախագահ Պէյհան Եըլտըրըմ յայտարարած է, որ իրենք Գերմանիոյ մէջ եւ անկէ դուրս ապրող բոլորին կոչ կ՛ուղղեն` միանալու իրենց ստորագրահաւաքին: «Գերմանիոյ թուրքերը շատ տխրեցան, երբ Գերմանիոյ դաշնակցային խորհրդարանը որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծը: Այդ օրինագիծը դարձեալ օրակարգ բերելու եւ չեղեալ յայտարարելու համար ստորագրահաւաք կը կատարենք: Խորհրդարանին պիտի ներկայացնենք նաեւ 1915-ի մասին պատմող երկու գիրք», ըսած է Պէյհան Եըլտըրըմ` նշելով, որ նախատեսուած է շուրջ 50 հազար ստորագրութիւն հաւաքել:

 

Share this Article
CATEGORIES