ԸՍՏ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԻ ՄԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԻՆՔՆԱԽԱԲԷՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԶԲԱՂԻ` ԿԱՐԾԵԼՈՎ, ՈՐ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑԵԼՈՎ ՊԻՏԻ ԼՈՒԾԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը

Ազրպէյճանցի երեսփոխան, քաղաքագէտ Ռասիմ Մուսապեկով «ՍալամՆիուզ»ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ ոմանք կը կարծեն, որ Ազրպէյճան` դառնալով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ, պիտի կարենայ լուծել ղարաբաղեան տագնապը, սակայն ատիկա սխալ պատկերացում է:

«Ոմանք կը կարծեն, թէ Ազրպէյճան` դառնալով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ, պիտի կարենայ նուաճել ՄԱԿ-ը: Սակայն ատիկա սխալ պատկերացում է: Դիմենք պատմութեան: Թուրքիա, որ ունի կիպրական հիմնախնդիրը, քանի մը անգամ եղած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ: Արդեօք ան կրցա՞ծ է այդ խնդիրը լուծել` օգտուելով իր կարգավիճակէն: Կամ, օրինակ, Փաքիստանը, որ 50 տարիէ ի վեր չի կրնար Քաշմիրի հարցը լուծել: Եթէ չեմ սխալիր, Փաքիստան 7 անգամ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ եղած է: Եւ ինչի՞ հասած է ան: Այդ պատճառով ալ խորհուրդ կու տամ ինքնախաբէութեամբ չզբաղիլ: Այսինքն, պէտք չէ մտածել, թէ այդ միջոցով մենք պիտի լուծենք մեր բոլոր խնդիրները», ըսած է Ազրպէյճանցի երեսփոխանը:

Ընդգծելով, որ Ազրպէյճանի համար իրականութեան մէջ դիւրին պիտի չըլլայ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը մտցնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի օրակարգ, Մուսապեկով ըսած է. «Նախ եւ առաջ, Ազրպէյճան մուտք կը գործէ համաշխարհային քաղաքականութեան խոհանոց: Բնականաբար, ատիկա նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ: Այսինքն, տարբեր որոշումներու որդեգրման համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամները, որոնք պէտք է համոզեն Ազրպէյճանը, ստիպուած պիտի ըլլան սերտ կերպով համագործակցիլ մեր դիւանագէտներուն հետ: Փոխադարձը պահանջելու կարելիութիւն կը ստեղծուի»:

Ազրպէյճանցի քաղաքագէտը միեւնոյն ատեն յիշեցուցած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամներէն երեքը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ են` ընդգծելով, որ ատիկա Ազրպէյճանի համար նոյնպէս շահեկան է:

«Ենթադրենք` հայերը կը ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: Այդ պարագային խնդիրը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քննարկելու եւ Ապահովութեան խորհուրդի միջոցով հայերուն հարուած հասցնելու կարելիութիւն պիտի ստեղծուի», ըսած է ազրպէյճանցի երեսփոխանը` նշելով, որ առանց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամներուն կամքին, ոչ մէկ հարց քննարկումի կը դրուի:

 

Share this Article
CATEGORIES