ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՉԻ ՇՏԱՊԵՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵԼՈՒ ԻՐ ԹԵԿՆԱԾՈՒԻՆ ԱՆՈՒՆԸ

Իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը տակաւին չի շտապեր ըսելու, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ խորհրդարանի յաջորդ նախագահի իր թեկնածուն, հակառակ անոր որ մամուլը այդ պաշտօնին համար աւելի յաճախ կը խօսի Ազգային ժողովի հանրապետական փոխնախագահ Սամուէլ Նիկոյեանի անունը:

Սակայն, հանրապետականները կը պնդեն, որ այս հարցը իրենք տակաւին չեն քննարկած: Մասնաւորաբար հանրապետական պատգամաւոր, կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Յովհաննէս Սահակեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ խորհրդարանի յաջորդ  նախագահի թեկնածուի հարցը պիտի որոշուի կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նիստին ընթացքին` նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ:

Նշենք, որ երկուշաբթի սկսող Ազգային ժողովի քառօրեայի առաջին նիստին ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականի դիմումը: Ազգային ժողովի կանոնակարգ-օրէնքին համաձայն, խորհրդարանի նախագահը հրաժարականի մասին իր դիմումը պաշտօնապէս կը ներկայացնէ նիստը վարողին, որ ատիկա կը հրապարակէ Ազգային ժողովի յառաջիկայ նիստին ընթացքին: 5 օրուան ժամկէտը աւարտելէն անմիջապէս ետք հրաժարականը կրկին ներկայացնելու պարագային, Ազգային ժողովի նախագահի հրաժարականը ընդունուած կը նկատուի:

Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը այնքան ալ կարեւոր չի նկատեր, թէ Հանրապետական կուսակցութիւնը իր շարքերէն որու պիտի առաջադրէ իբրեւ Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածու:

Խորհրդարանի միւս ընդդիմադիր խմբակցութեան` ՀՅ      Դաշնակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, անդրադառնալով Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութեան հարցին, նշեց, որ խորհրդարանի յաջորդ նախագահը պիտի պաշտօնավարէ ընդամէնը 5 ամիս ինչ, որ պիտի համընկնի նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական լարուած շրջանին հետ, եւ այս առումով շատ կարեւոր է, որ Ազգային ժողովի ղեկավարը յաջողի ապահովել խորհրդարանի բնականոն ընթացքը: Ըստ Մինասեանի, Նիկոյեան պիտի յաջողի արդիւնաւէտ ձեւով աշխատիլ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES