ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԹԻՎ ՎՈԶՆԵԱՔԸ

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ կառավարութեան մէջ ընդունեց «Ափըլ» ընկերութեան համահիմնադիր Սթիվ Վոզնեաքը:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզին մէջ աշխարհին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ:

Սթիվ Վոզնեաք վարչապետին ներկայացուց Հայաստանէն ստացած իր տպաւորութիւնները: Ըստ կառավարութեան լրատուութեան վարչութեան, ան հիացում արտայայտեց Հայաստանի եւ անոր քաղաքակրթութեան նկատմամբ:

Share this Article
CATEGORIES