ԱԶԳԱՅԻՆ Լ. ԵՒ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻՆ ՄԷՋ ԳԷՈՐԳ ԳՈՃԱՅԵԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԻ ԳԾԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՒ «ԽԱՉՈՒԱԾ ՀԱՒԿԻԹՆԵՐ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Երէկ` ուրբաթ, 11 նոյեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգ Գոճայեանի վերացական եւ կենդանի գծապատկերներու ցուցահանդէսը` «խաչուած հաւկիթներ» թեմայով:
2010 թուականին Հայաստանի մէջ իր անդրանիկ ցուցահանդէսը տալէ ետք, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի շրջանաւարտ Գէորգ Գոճայեան հանրութեան ներկայացաւ երկրորդ ցուցահանդէսով, որուն ընթացքին ցուցադրած էր 50 նկարներ:
Խօսք առաւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Ան նկատել տուաւ, որ ցուցահանդէսը իւրայատուկ է իր ներկայացման ձեւով` աւելցնելով, որ այդ գծապատկերներուն ընդմէջէն ներկայացուած են մեր կեանքը, դժուարութիւնները, բնապահպանումը, կենսոլորտը եւ համացանցը:
«Գէորգ Գոճայեան ունի դիտելու սուր կարողութիւն, երեւոյթները ներկայացնելու իւրայատուկ ոճ, համարձակ եւ յանդուգն է», շեշտեց Վ. Աւագեան` աւելցնելով, որ ան իր վերացական եւ կենդանի գծապատկերներուն ընդմէջէն նկարագրած է մեր կեանքի թերութիւնները` կրօնական, ազգային, քաղաքական եւ ընկերային մարզերուն մէջ: Եզրափակելով իր խօսքը` Աւագեան կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ քաջալերեն երգիծանկարչութիւնը եւ գծանկարչութիւնը, որովհետեւ քիչեր կը հետեւին անոնց:
Ապա խօսք առաւ Գէորգ Գոճայեան, որ բարի վայելում մաղթեց ներկաներուն եւ նկատել տուաւ, որ իր ցուցահանդէսին ընդմէջէն կը փորձէ մարդոց ցոյց տալ իրենց սխալները երգիծանքի միջոցով, որպէսզի դէպի լաւը փոխեն զանոնք: Ան նաեւ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ առաջին ցուցահանդէսը ուզած է իր վարժարանին` Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճին մէջ կայացնել:
Այնուհետեւ «Տի. Վի. Տի.»ով ցուցադրուեցան 2 պատմուածքներ, որոնց նիւթը եւ կենդանի գծապատկերները պատրաստած էր Գէորգ Գոճայեան:

