«ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄԸ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Կազմակերպութեամբ «Թէքէեան» մշակութային միութեան Լիբանանի Տեղական վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 11 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Թէքէեան» կեդրոնի «Հ. Սեդրակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համացանցի աշխարհին մէջ հայկական ներկայութեան ու դերակատարութեան մասին դասախօսական երեկոյ մը, որուն հիւրերն էին Արծիւ Տէր Խաչատուրեան եւ Մինաս Հանսքէհեան:
Բացման խօսքը արտասանեց Արամ Սէփեթճեան, որ անդրադարձաւ համացանցի տարբեր ազգերու արժէքներուն համակարգման, համախմբման եւ մատուցման իմաստով ունեցած դրական դերակատարութեան: Ան դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը եւս ունի բաւական հարուստ արժէքներ ու գանձեր, որոնք արդէն իսկ համացանցի աշխարհին մէջ տեղ գտած են, եւ որոնց նուիրուած է ձեռնարկը:
Ապա խօսք առաւ Արծիւ Տէր Խաչատուրեան, որ անդրադարձաւ ներկայ դարուս կեանքի անբաժանելի մասնիկներն ու անհրաժեշտութիւնները հանդիսացող համացանցին եւ համակարգիչին` լուսարձակի տակ առնելով համացանցի ստեղծման պատճառները, պայմանները, նպատակը, զարգացման ընթացքը, ինչպէս նաեւ համակարգիչներու արդիականացման ընդհանուր պատկերը: Ան ըսաւ, որ այս աշխարհին մաս կազմեց նաեւ հայութիւնը, այդ պատճառով ալ կարիք զգացուեցաւ համապատասխան գիրերու եւ ծրագիրներու ստեղծման` աւելցնելով, որ ներկայ դրութեամբ արդէն կան հայերէնի համապատասխան գիրեր ու ծրագիրներ, որոնց օգտագործումով կարելի է դիւրութեամբ մտնել այս աշխարհին մէջ: Ա. Տէր Խաչատուրեան նաեւ խօսեցաւ արդիական այն սարքերուն մասին, որոնք այսօր աշխարհին կիզակէտը դարձած են, եւ որոնց ընդմէջէն եւս կարելի է կապ պահել հայ մշակոյթին հետ, պահպանել հայ լեզուն, օգտագործել զայն: Ան անհրաժեշտ նկատեց դպրոցներուն մէջ համակարգիչի դասապահերուն աշակերտներուն մօտ արմատացնել հայերէնով զրուցելու, հայկականին մօտ մնալու սկզբունքները` կոչ ուղղելով քաջալերելու նոր սերունդին պահպանելու մայրենին եւ ազգային արժէքները:
Երկրորդ զեկուցաբերն էր Մինաս Հանսքէհեան, որ ներկաները ծանօթացուց համացանցի հայկական աշխարհին, ուր կան գիրը, գրականութիւնը, մշակոյթը, բառարանը, թարգմանիչը, սրբագրիչը եւ այլն: Ան հաստատեց, որ այսօր արդէն իսկ կարելի է համացանցի աշխարհին մէջ շատ հանգիստ կերպով հայերէն գրել` հասանելի եւ մատչելի ըլլալով բոլորին: Ապա Մ. Հանսքէհեան մանրամասն եւ հետաքրքրական կերպով անդրադարձաւ համացանցի այն կայքէջերուն, որոնք հայկական ամէնէն աշխուժ եւ օգտաշատ տեղեկութիւններն ու կարելիութիւնները կը փոխանցեն ներկայ դրութեամբ` այդ կայքէջերուն ցանկը նաեւ տրամադրելի դարձնելով ներկաներուն: Նկատի առնուած էին բառարան, ստեղնաշար, թարգմանիչ պարփակող կայքէջերը, նաեւ պատկերասփիւռի կայաններուն, Հայ դատին, կրօնական, պետական ու մշակութային, տեղեկատուական, ձայնասփիւռի կայաններու, գրականութեան եւ գեղարուեստի նուիրուած կայքէջեր: Ան խօսեցաւ նաեւ հայկական դաստիարակչական, կրթական եւ մշակութային ծրագիրներ ներկայացնող «Տի.Վի.Տի.»ներու մասին:
Իր խօսքի աւարտին Մ. Հանսքէհեան նշեց, որ այս բոլորին լաւածանօթ ըլլալով պէտք է կարենանք հարստացնել զանոնք, նաեւ լաւագոյնս օգտուիլ անոնցմէ:
Ապա դասախօսները պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն:


