ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՄԸՄ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ՍԿՍԱՒ 2011-2012 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ
Երէկ սկսաւ Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան վեց մրցումներ:
Այդ վեց մրցումներուն կարգին էր նաեւ ՀՄԸՄ – Թատամոն Պէյրութ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի տղոց ներկայացուցչական խումբը յաղթանակով սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը:
Հակառակ անոր որ Թատամոն Պէյրութ ինք բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն ՀՄԸՄ փենալթիով նշանակեց հաւասարութեան կոլը` շնորհիւ Սագօ Ապաճեանի:
Մրցումին 85-րդ վայրկեանին, Յակոբ Տօնապետեան սքանչելի կոլով մը պարտութեան մատնեց մրցակից կազմին բերդապահը` առաւելագոյն երեք կէտը ապահովելով ՀՄԸՄ-ին:
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, անոնք թրիպիւններուն վրայ բաւական լաւ մթնոլորտ մը ստեղծելով շատ լաւ ձեւով քաջալերեցին իրենց կազմը:
Կ՛ակնկալուի, որ յաջորդող մրցումներուն եւս ՀՄԸՄ-ի մարզիկները իրենց նոյն յաղթական ընթացքը շարունակեն եւ այլ յաղթանակներ ալ արձանագրեն:

