ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԵՂՋԵՐՈՒՆԵՐՈՒՆ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Զորիկթ եւ Օթկոնպայար կ՛ապրին Մոնկոլիոյ հիւսիսը: Անոնք հոն հիւսիսային եղջերուներ կը բուծանեն եւ կ՛ապրին վրանի մը տակ իրենց աղջկան` Զակալմաայի հետ:

Զորիկթ եւ Օթկոնպայար թափառաշրջիկներ են: Անոնք կը տեղափոխուին ըստ եղանակներու` իրենց եղջերուներուն համար նոր արօտավայրեր փնտռելով: Անոնք կ՛ապրին ուրիշ վեց ընտանիքներու հետ. անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր վրանը, որ շատ դիւրութեամբ կը լարուի եւ կը քակուի: Հիւսիսային եղջերուները Զորիկթի եւ Օթկոնպայարի միակ հարստութիւնն են: Անոնք անասուններուն կաթով պանիր եւ մածուն կը շինեն եւ անոնց մորթը կը փոխանակեն իրենց պէտք եղած նիւթերով, ինչպէս` ալիւր եւ ձէթ:

* * *

Օրը կը սկսի արեւածագին: Զակալմաա կ՛երթայ կրակին համար փայտ հաւաքելու: Մինչ այդ անոր մայրը եղջերուները կը կթէ: Ապա ան բոլորին համար կը շինէ աղի կաթով թէյը: Եւ, ինչպէս ամէն առտու, Օթոնկպայար առաջին գաւաթը կը թափէ վրանին առջեւ` իբրեւ ձօն անտառներու եւ լերան ագիներուն, որպէսզի անոնք պահպանեն իր ընտանիքը եւ եղջերուները:

* * *

Զակալմաա տակաւին դպրոց չ՛երթար: Ան յաջորդ տարին պիտի միանայ իր երեք քոյրերուն` գիշերօթիկնոց երթալով: Մինչ այդ, ամէն օր ան հօտը անտառ կը տանի իր զարմիկներուն հետ: Հոն եղջերուները մամուռներ եւ սունկեր կ՛ուտեն: Նոյն ատեն Զորիկթ քանի մը անասուն պահած է բանակավայրին մէջ. ան զանոնք պիտի պատուաստէ պրուսելոզ հիւանդութեան դէմ, որ հօտերուն մեծ վնաս հասցնող ահաւոր հիւանդութիւն մըն է:

* * *

Մթննալէ քիչ առաջ պզտիկները բանակավայր կը վերադառնան: Անոնք զգուշութեամբ կը կապեն եղջերուները, որպէսզի անոնք չփախչին եւ որս չդառնան անտառին մէջ բնակող արջերուն: Ժամանակն է, որ Օթկոնպայար դարձեալ կթէ անասունները եւ ապա ընթրիքը պատրաստէ: Ճաշէն ետք իւրաքանչիւրը պիտի փաթթուի մուշտակէ իր ծածկոցին… Վաղը առտու օրը կանուխ կը սկսի:

 

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱ՛Ւ

Անթարքթիքի սառոյցին տակ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս եօթանասուն լիճեր:

 

Գիտէի՞ր, թէ գոյութիւն ունին մութին մէջ փայլող սունկեր:

 

Փճացած հաւկիթները ջուրին վրայ կը ծփան:

 

Սովորական չափով պարզ մատիտով մը կրնաս մօտաւորապէս 45 հազար բառ գրել:

 

Թեւատները մինչեւ 5000 քմ կը լողան ամէն տարի:

 

Եթէ դուն մազերդ բնաւ չկտրես, հաւանաբար անոնք աճելէ պիտի դադրին մօտաւորապէս 61 սանթիմեթրի հասնելէ ետք:

 

Ամէն ժամ աչքերդ կ՛արտադրէ մէկ թէյի դգալ (5 մլ) արցունք:

 

Ձուկերը չեն կրնար իրենց աչքերը գոցել:

 

Աշխարհի առաջին ջուրին տակի պանդոկը կը գտնուի Քիյ Լարկոյի մէջ, Ֆլորիտա, Միացեալ Նահանգներ:

 

Անջրպետի տարազ մը կ՛արժէ 10 միլիոն տոլար:

 

 

ՁԵՌԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

ՃՆՇԱՉԱՓԸ

Այս գործիքին միջոցով դուն կրնաս չափել օդին ճնշումը: Եւ ասիկա քեզի պիտի տեղեկացնէ, եթէ օդը պայծա՞ռ պիտի ըլլայ, թէ անձրեւոտ…

 

Պէտք ունիս

Փուչիկի մը, անօթի մը, խորովածի բարակ փայտէ շամփուրի մը, գծաքաշի մը, առաձգական կապի մը:

 

1.- Փուչիկին ծայրը կտրէ:

2.- Փուչիկը անցուր անօթին վրայ եւ զայն ամրացուր առաձգական կապով:

 

 

3.- Փայտիկին մէկ ծայրը կպչուն երիզով փակցուր փուչիկ-կափարիչին կեդրոնը:

Գծաքաշը ուղղահայեաց կերպով զետեղէ փայտիկին սուր ծայրին ետեւը:

 

 

 

 

 


 

Ինչպէ՞ս

– Եթէ մթնոլորտային ճնշումը աւելնայ, դուրսի օդը կը ճնշէ փուչիկին վրայ, որ դէպի ներս կը քաշուի: Իսկ երբ մթնոլորտային ճնշումը բարձրանայ, կը նշանակէ, թէ օդը պայծառ պիտի ըլլայ:

– Եթէ մթնոլորտային ճնշումը նուազի, դուրսի օդը աւելի թեթեւ կ՛ըլլայ, քան` անօթին մէջի օդը: Անօթին մէջի օդը կը հրէ փուչիկը, որ կ՛ուռի: Եւ երբ մթնոլորտային ճնշումը կը նուազի, ասիկա կը նշանակէ, թէ պիտի անձրեւէ:

ԺԱՄԱՆՑ

 

Կրնա՞ս գտնել երգիչին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող կերպարները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել դէմքերը:

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES