ԿԱՐՍԻ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ՔԱՆԴՈՒՄԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ՏՈՒԱԾ ԴԱՏԱՒՈՐԻ ՊԱՇՏՕՆԸ ԲԱՐՁՐԱՑԱԾ Է
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ դատաւորներու եւ դատախազներու բարձրագոյն խորհուրդը 76 դատաւորներու եւ դատախազներու պաշտօններու փոփոխութիւն կատարած է. անոնց շարքին Կարսի հայ-թրքական բարեկամութեան նուիրուած յուշարձանին քանդման ի նպաստ որոշում տուած դատաւորներու պաշտօնը բարձրացուած է, իսկ քանդումին դէմ որոշում տուած դատաւորինը անկում կրած է:
Էրզրումի վարչական Ա. դատարանի նախագահ Մեհմետ Հասքալայճ տեղափոխուած է Կեսարիոյ վարչական դատարան` իբրեւ դատարանի անդամ:
Էրզրումի շրջանային վարչական դատարանի անդամ Ահմետ Տորմազ նշանակուած է Մեհմետ Հասքալայճի նախկին պաշտօնին` Էրզրումի վարչական Ա. դատարանի նախագահ: Էրզրումի շրջանային վարչական դատարանին մէջ այլ դատաւոր Քեմալ Քուքու իր կարգին նշանակուած է Քոնիայի վարչական դատարանի նախագահ: Տորմազ եւ Քուքու այն դատաւորներն են, որոնք զօրակցած են հայ-թրքական բարեկամութեան նուիրուած յուշարձանի վերջնական քանդման որոշումին: