«1994-ԻՆ ՀԱՅԵՐԸ ԿՈՒՐԻ ԱՓԵՐԸ ԿՐՆԱՅԻՆ ՀԱՍՆԻԼ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՖԱ ԿԻՒԼԻԶԱՏԷ
Ազրպէյճանի նախկին նախագահին խորհրդական Վաֆա Կիւլիզատէ «Ենի Մուսաւաթ» թերթին մէջ հրապարակուած յօդուածի մը մէջ նշեց, որ եթէ Արեւմուտքի միջամտութիւնը չըլլար, ապա հայկական զօրքերը 1994-ին պիտի գրաւէին Ազրպէյճանի տարածքին մեծ մասը:
Ըստ անոր, քարիւղի գործօնը վճռական եղաւ, երբ մայիս 1994-ին կնքուեցաւ զինադադարի մասին համաձայնագիրը, եւ եթէ ատիկա չըլլար, ապա հայկական զօրքերը պիտի հասնէին Կուր գետի ափերը եւ Քիւրտամիր:
Կիւլիզատէ պնդեց, որ միայն Միացեալ Նահանգներու հետաքրքրութիւնը Ազրպէյճանի քարիւղին նկատմամբ թոյլ չտուաւ այդ ծրագիրը իրագործել:
CATEGORIES Հայկական