ՆՇՄԱՐ. ԱՆՊԱՅՄԱՆ ԱՅՑԵԼԵՆՔ
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Երէկ կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ գիրքի 33-րդ ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը: Վեհափառը իր պատգամի աւարտին 2012 տարին հռչակեց «Հայ գիրքի տարի»: Հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին եւ Երեւանի` 2012 թուականին գիրքի միջազգային մայրաքաղաք հռչակման զոյգ առիթներուն հետ միասին այս որոշումը հայ գիրքը մասնաւորապէս եւ հայ գիրն ու լեզուն ընդհանուրին մէջ կը դարձնէ կեդրոնական առանցք յառաջիկայ տարուան հայ կեանքի բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Կասկածէ վեր է, որ հայ լեզուի նահանջն ու հայ գիրէն ու գրականութենէն նորահաս սերունդներու օտարացումը այլեւս հրատապ ու ճգնաժամային խնդիր է: Արեւմտահայերէնի փրկութիւնը իր կարգին դարձած է հիմնախնդիր, եւ այս բոլոր հարցերուն դարմանման համար ժամանակ չկայ յաւելեալ ախտաճանաչումներու եւ քննարկումներու. կա՛յ հրամայական անհրաժեշտութիւն հաւաքաբար անցնելու գործի եւ միա՛յն գործի…
Երէկ, սակայն, բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուողը անմիջապէս պիտի վկայէր կամ ունենար այն տպաւորութիւնը, որ այս հիմնախնդիրները պարզապէս թուղթի վրայ արձանագրուած եւ զանազան սեմինարներու եւ հոգեշահ զրոյցներու ընթացքին դրսեւորուած արտայայտութիւններու պարունակէն տակաւին դուրս չեն եկած, եւ ան վստահաբար պիտի ապրէր յուսաբեկման պահ մը: Այո՛, առկայ էր անբացատրելի եւ անընդունելի երեւոյթ մը` հայ կեանքի զանազան մարզերուն եւ մանաւանդ հայեցի սերունդներու դաստիարակութեան առաքելութեան նուիրուած լիբանանահայ գաղութի ներկայացուցիչներուն այսպիսի կարեւոր իրադարձութենէն համատարած բացակայութիւնը: Ի միջի այլոց երկար ժամանակ ալ պիտի չխլէր իւրաքանչիւրէն այս հանդիսութեան ներկայ գտնուիլը: Կ՛ընդունինք, որ գաղութին մէջ ձեռնարկներու առատութիւն գոյութիւն ունի եւ այդ մէկը նաեւ աշխուժութիւն ներարկող տուեալ է, եւ բնականաբար կարելի չէ ակնկալել բոլորէն, որ ներկայ գտնուին բոլոր ձեռնարկներուն. բայց կան նախաձեռնութիւններ, որոնք կը կարօտին մասնաւոր ուշադրութեան, գուրգուրանքի ու քաջալերանքի, այդ նախաձեռնութիւններէն մէկը անշուշտ, այս պարագային, Հայ գիրքի 33-րդ ցուցահանդէսի բացումն էր անտարակո՛յս:
Այժմ ցուցահանդէսի բացումը կատարուած է, իմ խնդրանք առաջարկս է, որ մեր բոլոր կառոյցներուն պատասխանատուները ամէն ճիգ ի գործ դնեն, որ մեր պատանիներն ու երիտասարդները այցելեն կաթողիկոսարան: Աւելի՛ն. երեկոյեան հայ ընտանիքները իրենց զաւակներով այլ շուկաներ այցելելու կողքին եւ հաճելի ու դաստիարակիչ ժամանցի մը համար յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին գէթ մէկ օր այցելեն ցուցահանդէս:
Ահաւասիկ նուազագոյն ճիգ պահանջող տարրական աշխատանք մը, որ կրնայ հայ գիրքը գնահատել, հայ գրողը քաջալերել ու նորահաս սերունդին մէջ հայ գիրի ու գրականութեան նկատմամբ վերանորոգ հաւատք ու հպարտանք ստեղծել: Մնացեալ նախաձեռնութիւնները պէտք չէ ուշանան անշուշտ:

