ՏԵՍԱԿԷՏ. ՓԱՓԱՏԵՄՈՍ` ԴԷՊԻ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ «ԲԱԽՈՒՄ»

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Տնտեսական եւ ընկերային սուր ճգնաժամ մը դիմագրաւող Յունաստանի նախագահ Քարլոս Փափուլիասի հրաւէրով յունական կուսակցութեանց ղեկավարներ Եորկոս Փափանտրէուի, Անթոնիոս Սամարասի եւ Եորկոս Քարածաֆերիսի միջեւ երկարատեւ եւ ապարդիւն հանդիպումներէն ետք, Յունաստանի Կեդրոնական դրամատան նախկին նախագահ եւ Եւրոպական կեդրոնական դրամատան նախկին փոխնախագահ Լուքաս Փափատեմոս նախագահ Փափուլիասի կողմէ համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու լիազօրութիւնը ստացաւ:

Յոյն ժողովուրդը չի կրնար վստահիլ նոր նշանակուած վարչապետին, որովհետեւ ան` իբրեւ Եւրոպական կեդրոնական դրամատան նախկին փոխնախագահ, կը մարմնաւորէ այն մտայնութիւնը, որ բուռն կերպով մերժուած է իրենց կողմէ, մանաւանդ որ 64-ամեայ Փափատեմոս վարչապետի պաշտօնը կը ստանձնէ 26 հոկտեմբերին Եւրոպական Միութեան վեհաժողովին ընթացքին որդեգրուած տնտեսական որոշումները գործադրելու յստակ առաքելութեամբ եւ յանձնառութեամբ: Փափատեմոս այս ուղղութեամբ բոլոր հարցականները փարատելու համար վարչապետ նշանակուելէ անմիջապէս ետք յայտարարեց, որ իր գլխաւոր առաջնահերթութիւնը այդ վեհաժողովին ընթացքին գոյացած 130 միլիառ եւրոյի օժանդակութեան թղթածրարը վաւերացնելու եւ անոր առնչուած քայլերը գործադրելն է: Ինչ որ կ՛ենթադրէ տնտեսական սեղմումի յաւելեալ քայլեր, երբ նախկին քայլերը արդէն իսկ բողոքի ցոյցերու բուռն ալիք մը յառաջացուցած էին: Աւելի՛ն. նոր նշանակուած վարչապետը ոչ միայն ժողովուրդին կողմէ ընտրուած երեսփոխան մը չէ, այլեւ դրամատնային մարզի պաշտօնատար մը` կերպար մը, որ ներկայիս յոյն հասարակութեան մէջ ժխտական ընկալումի կ՛արժանանայ:

Միւս կողմէ, հակառակ այն իրողութեան, որ անոր Եւրոպական կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ մը եղած ըլլալու իրողութիւնը եւրոյի գօտիի ղեկավարութեան մօտ որոշ գոհունակութիւն կը ստեղծէ, այդ ղեկավարութեան շրջանակներուն մէջ նաեւ գոյութիւն ունին կասկածներ, թէ Փափատեմոս` իբրեւ Յունաստանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ, եւրոյի գօտի մուտք գործելու պայմաններու լրացման նպատակով, Յունաստանի տնտեսութեան տուեալներու կեղծումէն առնուազն տեղեակ եղած է:

Այսպիսով, Յունաստանի նոր նշանակուած վարչապետը, իր ստանձնած յստակ առաքելութեամբ, եւրոյի գօտիի ղեկավարներու ճնշումներուն եւ դրամատնային մարզի պաշտօնեայի իր կազմաւորումով անխուսափելի կերպով դէպի յոյն հասարակութեան հետ «բախում» կ՛ուղղուի: Անոր համախոհական կառավարութեան մաս կազմող յունական կուսակցութիւնները իրենց կարգին կ՛ուղղուին դէպի յունական ընտրազանգուածին հետ «բախում»:

Այսօր յաճախ կը խօսուի Յունաստանի եւրոյի գօտիէն վտարման կամ դուրս գալուն մասին, սակայն այդ մէկը Յունաստանի համար կրնայ աւելի վատ կացութիւն մը ստեղծել` նկատի ունենալով, որ այդ պարագային Յունաստանն ու իր քաղաքացիները պիտի կանգնին իրենց եւրոյով ունեցած պարտքերը յունական տկար դրամանիշով վճարելու դժուար կացութեան առջեւ: Այլ խօսքով` յունական ճգնաժամի լուծումը կը խոստանայ դժուար, վտանգաւոր եւ երկարատեւ հոլովոյթ մը ըլլալ:


 

Share this Article
CATEGORIES