ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԺԽՏՈՂ ՔՈՆՏՈԼԻԶԱ ՌԱՅՍԸ ԱՐԺԱՆԻ ՉԷ «ՍԹԵՆՖԸՐՏ»Ի ՄԷՋ ԴԱՍԱՒԱՆԴԵԼՈՒ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Քոնտոլիզա Ռայս վերջերս հրապարակած` «Ուաշինկթընի մէջ անցուցած տարիներուս յուշագիրը. չկայ աւելի մեծ պատիւ» խորագիրով իր 750 էջնոց գիրքին մէջ հպարտութեամբ կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւերու տապալման ուղղութեամբ իր մղած պայքարին մասին, երկու տարբեր առիթներով: Ան մեծ գոհունակութեամբ կը նշէ, թէ յաջողած է խոչընդոտել Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ 1991 եւ 2007 թուականներուն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Այս յուշերուն մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնը կը բացայայտէ անոր տհաս դատողութիւնը եւ բարոյական սկզբունքներու բացակայութիւնը: Ան կը պատմէ, թէ «այս խնդիրին» առնչութեամբ իր առաջին փորձը կատարուած է 1991 թուականին, երբ կ՛աշխատէր Սպիտակ տան մէջ` իբրեւ նախագահ Ճորճ Ու. Պուշի յատուկ օգնական: Իր յանձնարարութիւնն էր` «Ջանք չխնայել Ներկայացուցիչներու տան մէջ այս բանաձեւը տապալելու համար»: Պարծենալով իր իրագործումով` ան ինքզինք կը նկարագրէ իբրեւ անձ մը, որ պայքարած է «ամերիկահայ հզօր լոպիին» դէմ, որ` «տարիներ շարունակ ճնշում գործադրած է Քոնկրեսին վրայ` բանաձեւը ընդունելու հարցով, որպէսզի 1915-ի Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու զանգուածային սպանութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն որակէ»: Իրականութեան մէջ Ռայս պէտք չունէր հակադրուելու բանի մը, որ արդէն իսկ ընդունուած էր Ներկայացուցիչներու տան կողմէ 1975 եւ 1984 թուականներուն, ինչպէս նաեւ նախագահ Ռոնալտ Ռիկընի կողմէ` 1981-ին:
Ռայս կը շարունակէ` ըսելով, որ` «պատահածին մասին գոյութիւն ունին պատմական բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ», ինչ որ երբեք չի համապատասխաներ իրականութեան, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ չկայ որեւէ պատմական վէճ, որ համընդհանուր ընդունուած իրողութիւն է: Աւելի՛ն. փրոֆ. Ռայս կարծէք չի հասկնար, որ նկարագրելով հայերուն «սպանութիւնները» որպէս «յստակօրէն դաժան ու ցեղապաշտական շարժառիթներով ջարդեր», ան իրականութեան մէջ զանոնք կ՛որակէ իբրեւ ցեղասպանութիւն, ինչպէս սահմանուած է ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան մասին վեհաժողովին 2-րդ յօդուածով:
Իր յուշերուն մէջ Ռայս կը փորձէ արդարացնել իր խափանարար խուսանաւումները` բացատրելով, որ թուրքերը «կատղած էին այն պատճառով, որ կ՛ամբաստանուէին դէպքի մը համար, որ տեղի ունեցած է գրեթէ մէկ դար առաջ, օսմանեան ժամանակաշրջանին»: «Պանանա ռիփապլիք»-ի անողնաշար պաշտօնեայ իբրեւ հանդէս գալու փոխարէն` Ռայս պէտք է խստօրէն յորդորէր թուրքերը, որ Միացեալ Նահանգները պիտի չխեղաթիւրեն պատմական փաստերը` պարզապէս բռնապետական պետութեան մը խելացնոր ղեկավարները գոհացնելու համար:
Գոհունակութեամբ նշելով, թէ որքա՛ն լաւ ձեւով «յաջողած» է «իրականացնել իր յանձնարարութիւնը»` Ռայս քարասրտութեամբ կը նկարագրէ «Հայոց ցեղասպանութեան քստմնելի բանաձեւին դէմ պայքարելու» ուղղուած իր սոսկալի ջանքերը: Ան կիսատ-պռատ փորձ կ՛ընէ նուազեցնելու համար իր մեղքի բաժինը` նշելով, որ ոչ ոք կը ժխտէ «այդ ահաւոր իրադարձութիւնները կամ ողբերգական մահը հարիւր հազարաւոր անմեղ հայերուն», բան մը, որ նոյնիսկ թուրք պաշտօնատարները կ՛ընդունին: Եթէ Ռայս տեղեակ էր, թէ ոչ ոք կը ժխտէ հայերուն զանգուածային սպանութիւնը, ապա ինք ինչո՞ւ այդպէս բուռն կերպով պայքարած է բանաձեւը տապալելու համար: Այնուհետեւ ան թութակի պէս կը կրկնէ թրքական անիմաստ քարոզչութիւնը, թէ` այս հարցը պէտք է ձգել «պատմաբաններուն եւ ոչ թէ քաղաքական գործիչներուն` որոշելու համար, թէ ի՛նչ յարմար որակում պէտք է տալ պատահածին»: Ռայս պէտք էր իմանար, թէ աշխարհի հեղինակաւոր պատմաբանները արդէն իսկ յայտարարած էին, թէ հայկական ջարդերը կ՛որակուին իբրեւ ցեղասպանութիւն:
2007-ին, իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, Ռայս անգամ մը եւս պայքարեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման դէմ: Ան կը հաղորդէ, թէ ինք «աղաչած էր» Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիին, որպէսզի վերջինս այդ բանաձեւը քուէարկութեան չդնէ, սակայն նախագահը մերժած էր անոր խնդրանքը: Անկէ ետք Ռայս եւ պաշտպանութեան նախարար Պապ Կէյց Սպիտակ տան առջեւ հանդէս եկած են բանաձեւին հակառակ մամլոյ յայտարարութեամբ մը: Ռայս նաեւ ապահոված է ութ նախկին նախարարներ` ստորագրելու համար բանաձեւին դէմ ուղղուած նամակ մը:
Ռայս հպարտութեամբ կը նշէ իր յուշերուն մէջ, թէ յաջողած է արգելակել բանաձեւին քուէարկումը, ինչպէս որ խոստացած էր թուրքերուն: Այսպիսով, անգամ մը եւս, Ամերիկայի հիմնական բարձր արժէքներն ու վեհ սկզբունքները պաշտպանելու փոխարէն, աշխարհի հզօրագոյն պետութեան արտաքին գործոց նախարարը կ՛ենթարկուի Երրորդ աշխարհի լկտի երկրի մը պարտադրանքին:
Աւարտելով այս պատմութիւնը, Ռայս կեղծ մեղադրանք կը հնչեցնէ Հայաստանի ղեկավարներուն դէմ` յայտարարելով, որ «ժողովրդավարական սկզբունքներով ընտրուած Հայաստանի կառավարութիւնը շատ քիչ հետաքրքրութիւն ունի բանաձեւի հարցով: Իրականութեան մէջ անիկա կը փորձէ բարելաւել իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, եւ իրեն համար կարեւոր չէ այդ բանաձեւը»: Ռայս կը հակասէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ կատարուած հրապարակային յայտարարութեան, թէ 2003-ի նախագահական ընտրութիւնները չէին համապատասխաներ միջազգային չափանիշներու: Աւելի՛ն. այն ժամանակուան նախագահ Ռ. Քոչարեանը չէր ընդդիմանար Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման եւ չէր փորձեր բարելաւել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ: Իրականութեան մէջ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտարարած էր, որ Երեւանի մէջ Ռ. Քոչարեանի հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի նախագահը «վատ տրամադրութեան» մէջ էր, որովհետեւ Սպիտակ տունը արգելակած էր Ցեղասպանութեան բանաձեւը:
Ռայս այժմ կը դասաւանդէ «Սթենֆըրտ» համալսարանին մէջ: Զարմանալիօրէն, Ցեղասպանութիւնը ժխտող մէկ այլ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ճորճ Շուլց, նոյնպէս կը պաշտօնավարէ «Սթենֆըրտ»ի մէջ: Դասախօսները, ուսանողները, շրջանաւարտները եւ բարերարները պէտք է յորդորեն «Սթենֆըրտ» համալսարանի ղեկավարները, որ ցեղասպանութիւն ժխտողները գործ չունին Ամերիկայի լաւագոյն բարձրագոյն կրթութեան հաստատութիւններէն մէկուն մէջ:
Ընթերցողներուն կոչ կ՛ուղղուի իրենց դժգոհութիւնը յայտնելու փրոֆ. Ռայսին, 1-650-721-3390 ֆաքս-թիւով, Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ ուղղուած իր քստմնելի գործունէութեան համար:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»
թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
