ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ԸՆԿԵՐՈՋ ՈՏՆԱԿՈԽՈՒՄԸ ՅԻՍՈՒՍԻ ՈՏՆԱՀԱՐՈՒՄՆ Է…

Սիրելի՛ ընթերցող, Յիսուս Քրիստոս` Աստուածամարդը, որ մարդն անհունապէս սիրելէն աշխարհ եկաւ քարոզելու, սորվեցնելու եւ ազատագրելու համար, կը հանդիսանայ բոլոր ժամանակներու անգերազանցելի Քարոզիչը, Վարդապետն ու Փրկարարը:

Լաւագոյնս կատարեց իր առաքելութիւնը, որուն շրջագայութեան ընթացքին, օր մը, քարոզի տաք րոպէին, իմացաւ, թէ մայրն ու հարազատները տեսնել կ՛ուզէին զինք:

Առաջին, մօր եւ հարազատներու կարօտի ու սիրոյ փափաքը` Յիսուսը տեսնելու, Յիսուսն ունենալու եւ Յիսուսի հետ ըլլալու:

Ա՛յս կարօտակէզ ու սիրազեղ փափաքէն վարակուելու են մարդերը ընդհանրապէս, եւ քրիստոնեաները` մասնաւորապէս, եթէ կ՛ուզեն բարեփոխել ու նորարարել աշխարհը…

Մարիամ` «Յիսուսի մայրը» (Մրկ. 3,31), եղբայրներն ու ազգականները չեն քաշուիր իրենց կարօտը եւ սէրն արտայայտելէն, ինչպէս ալ չեն ամչնար ուրիշներուն դրսեւորելու իրենց ուզածն ու տենչացածը:

Այսպիսի՛ համարձակներու սակաւաթիւէն ու քաջասիրտներու նուազումէն կը տառապին թէ՛ մարդկութիւնը եւ թէ՛ քրիստոնէութիւնը…:

Երկրորդ, Մարիամ «Յիսուսի մայրն է» (Ղկ. 8,19): Ուստի, մայրն է բոլոր մարդերուն:

Մարիամի աստուածամայրութեամբ բոլորս ենք իրարու քոյրեր եւ եղբայրներ:

Ուրեմն բոլորս կը դառնանք քոյրերը եւ եղբայրները Աստուածամարդուն, որ «սիրեց իրենները եւ սիրեց զանոնք ի սպառ» (Յվհ. 13,1): Եզրակաբար, Մարիամի` մեր մօր հետ միշտ ուզենք տեսնել Յիսուսը, ունենալ Յիսուսը եւ ըլլալ Յիսուսի հետ:

Այսպէս միայն կրնանք կազմել մէկ ընտանիք` Աստուծոյ ընտանիքը, որուն անդամ-անդամուհիները ոչ միայն քոյրերը եւ եղբայրներն են, այլ նաեւ հարազատներն ու նմանները Յիսուս Քրիստոսի` Մարիամի Որդիին, որ Աստուածաորդին է:

Դժբախտաբար, սակայն, մոռցած ենք Աստուծոյ ընտանիքին մեր անդամակցութեան սուրբգրային ճշմարտութիւնը եւ այս մեր մոռացութեան զոհերը դարձուցած ենք թէ՛ մեր անձերը եւ թէ՛ մեր քոյր-եղբայրները:

Օրինակի համար, բոլորովին մոռցած ենք, թէ այս քրոջ կամ այն եղբօր մեր մտածումի, մեր խօսքի ու մեր գործի ոտնակոխումով ոտնակոխած կ՛ըլլանք Յիսուսը, որ կը յայտարարէ մեզի. «Ինչպէս Հայրը սիրեց զիս, այնպէս ալ Ես ձեզ սիրեցի: Հաստատ մնացէ՛ք իմ սիրոյս մէջ:

Ահաւասիկ իմ պատուիրանս. «Սիրեցէ՛ք զիրար, ինչպէս Ես ձեզ սիրեցի: Չկայ աւելի մեծ սէր, քան` իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար: Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընէք, ինչ որ կը պատուիրեմ ձեզի» (Յվհ. 15,9 եւ 12-14):

Օրինակի համար, բոլորովին մոռցած ենք, թէ այս քրոջ կամ այն եղբօր մեր անտեսումով ու մեր բամբասանքով անտեսած եւ բամբասած կ՛ըլլանք Քրիստոսը, որ կը հրահանգէ մեզի. «Մի՛ դատէք, որպէսզի չդատուիք: Ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, նոյնով դուք պիտի դատուիք: Ի՛նչ չափով չափէք, նոյնով դուք պիտի չափուիք» (Մտթ. 7,1-2):

Երրորդ, Աստուծոյ ընտանիքին մեր անդամակցութեան համար, սակայն, երէկ, կիրակնօրեայ սուրբ Աւետարանին մէջ (Ղկ. 8,19-21), Յիսուս` մեր Քարոզիչը, Վարդապետն ու Փրկարարը դրաւ շատ կարեւոր պայման մը, որ շատ յստակ ու պարզ է, բայց նաեւ` անյետսկոչելի՛:

Յիսուսի մայրը, քոյրերը եւ եղբայրներն անոնք են լոկ, որոնք նախ կը լսեն Աստուծոյ խօսքը եւ ապա կը գործադրեն զայն իրենց ամէնօրեայ կեանքին մէջ. «Եթէ Աստուծոյ զաւակներ ըլլայիք, զիս կը սիրէիք: Եթէ մէկը կը սիրէ զիս, կը պահէ իմ խօսքերս, եւ Հայրս պիտի սիրէ զայն: Եւ մենք` Հայրս եւ Ես, պիտի գանք անոր ու մեր բնակարանը հաստատենք անոր մէջ» (Յվհ. 8,42 եւ 14,23), անշուշտ, կազմելով մեր մէկ տունը, մեր մէկ ընտանիքը:

Աստուծոյ խօսքը, որ կենդանացուցիչ ու սրբարար է, կը տրուի մեզի Աւետարանով, առաքելական ընթերցուածով, քարոզով եւ հոգեւոր գիրքով:

Աստուծոյ խօսքին պիտի ծանօթանանք, որ հարստանանք եւ հարստացնենք:

Աստուծոյ խօսքին պիտի մտերմանանք, որ կենսաւորուինք եւ կենսաւորենք:

Աստուծոյ խօսքը պիտի ապրինք, որ յաւերժանանք եւ յաւերժացնենք:

Անսալով Յիսուսի պատուիրանին` Աստուծոյ խօսքը պիտի իւրացնենք եւ պիտի գործադրենք մեր առօրեային մէջ, որպէսզի դառնանք ու մնանք Աստուծոյ ընտանիքը` հանդիսանալով Քրիստոսի քոյրերը, եղբայրները եւ Մարիամի զաւակները:

Չորրորդ, ա՛յս ընտանիքին մէջ կը կայանան մեր աստենական բախտաւորութիւնը եւ մեր անդենական երջանկութիւնը:

Ա՛յս բախտաւորները եւ երջանիկներն ըլլալ եթէ կ՛ուզենք, ապա անսա՛նք մեր Մօր` Մարիամի սիրախօս թելադրանքին. «Ըրէ՛ք, ինչ որ հրամայէ ձեզի» իմ Որդիս, ձեր Եղբայրը:

Եւ Յիսուս մեզի կը բացայայտէ իր կամքը, որ մեր երկնաւոր Հօր կամքն է. «Իմ մայրս ու եղբայրներս անոնք են, որոնք կը լսեն Աստուծոյ խօսքը եւ կը գործադրեն զայն (Ղկ. 8,21): Ո՛վ որ կատարէ իմ Հօրս կամքը, որ երկինքն է, ա՛ն է իմ եղբայրս, քոյրս եւ մայրս» (Մտթ. 12,50):

Ուշադրութի՛ւն: Արդէն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (Գ.-Դ. դար)` մեր հաւատքին Հայրը, կատարած է այս իմաստասիրական-աստուածաբանական հարցադրումը` տալով նաեւ պատասխանը. «Ի՞նչ է Հօր կամքը, եթէ ո՛չ` մերժուած մարդերս ընդունիլ արքայութեան մէջ` զանոնք դարձնելով աստուածութեան պատկերին նմանակիցները, եւ այն` Յիսուս Քրիստոս Աստուածորդիին մարդասիրութեան շնորհիւ» (Ագաթանգեղոս):

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Այնճար, 31 հոկտեմբեր  2011

Share this Article
CATEGORIES